Հ.Յ.Դ. 132-ամեակի տօնակատարութիւնը դաշնակցականի ուխտը
վերանորոգելու առիթ մը եղաւ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 132-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 12 Նոյեմբեր 2022-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներուն մէջ, ներկայութեամբ Հ.Յ.Դ. շարքային ընկերներուն, բարեկամներուն եւ համակիրներուն։ Տիրական ներկայութիւն եղան Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան անդամները, որոնք իրենց ուղերձով եւ խանդավառ ներկայութեամբ առաւել եւս ջերմացուցին օրուան տօնական մթնոլորտը։
Ելոյթը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Յունահայոց Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ անդամները, ինչպէս նաեւ Հ.Կ.Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւններու անդամներ։
Ելոյթը սկսաւ «Մշակ, բանուոր» քայլերգով, որ երգուեցաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ, ապա բացման խօսքը կատարեց ընկ. Արման Գրիգորեան։ Յաջորդաբար, հրաւիրեց ընկ. Վահրամ Մանկոյեանը, որ ներկայացուց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. Միութեան խօսքը։ Առիթ ընծայելով Հայաստանի Մանկավարժական համալսարանի փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեանի Աթէնք ներկայութենէն, ան բեմ հրաւիրուեցաւ եւ պարունակալից խօսքով մը անդրադարձաւ Հայաստանի ու Արցախի ներկայ մարտահրաւէրներուն ու Հ.Յ.Դաշնակցութեան կենսական դերակատարութեան։
Օրուան գլխաւոր խօսողն էր ընկ. Քերոբ Էքիզեան, որ անդրադարձ կատարեց Օրուան իմաստին ապա ներկայացուց հաշուետուութիւնը Հ.Յ.Դաշնակցութեան դերակատարութեան՝ յատկապէս յունահայութեան գաղութային կեանքի 100-ամեայ իրականութեան մէջ։
Բոլոր խօսողներուն խօսքերը կը հրատարակուին առանձնաբար։
Վերջին խօսողը եղաւ Յունահայոց Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ շեշտեց Հ.Յ.Դ. Օրուան նշումի կարեւորութիւնը իւրաքանչիւր դաշնակցական ընկերոջ համար, որ կու գայ այս մէկ օրուան ընթացքին արժանավայել կերպով յարգելու իր կուսակցութեան նշանակալից ծառայութիւնը հայ ժողովուրդին։ Ան ընդգծեց, թէ Դաշնակցութեան պատմութիւնը մեր ժողովուրդի հերոսական սխրագործութիւններու հարուստ գանձ մըն է, զոր ամէն մէկ դաշնակցական պարտի աչքի լոյսի նման փոխանցել եկող սերունդներուն։ Սրբազան հայրը ուժ եւ կոռով մաղթեց բոլոր ներկաներուն, նշելով որ 132-ամեակը նոր հանգրուան մը պէտք է դառնայ հայ ժողովուրդի ազգային հզօրացման համար։
Պահը հասաւ խրախճանքին, որուն գեղարուեստական մասը ամբողջութեամբ ստանձնած էր Հայաստանէն ժամանած հանրածանօթ «Նուռ» նուագախումբը իր սիրուած ու փնտռուած երաժիշտներով։ Դաշնակահար Սարգիս Ադամեանի ճկուն մատներու նուագներով, ջութակահար Շանթ Դանիէլեանի արհեստավարժ նուագակցութեամբ եւ երգիչ Գէորգ Սարգիսեանի լեցուն ձայնով, նուագախումբը նախապէս ներկայացուց ժողովրդային սիրուած մեղեդիներ, ապա կարգը եկաւ ազգային եւ յեղափոխական երգերու մատուցման, որոնք մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին սրահէն ներս։ Ժողովուրդը ձայնակցեցաւ երգիչին ու նուագողներուն, իսկ պահ մը Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի անդամները խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասցուցին հայկական շուրջպարերով։ Ելոյթի ընթացքին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն զանազան նուէրներով։ Խրախճանքը տեւեց մինչեւ առաւօտեան ժամերը, մեծապէս գոհացնելով բոլոր ներկաները։
Հ.Յ.Դ. 132-ամեակի տօնակատարութիւնը եւ ընկերական-ժողովրդային խանդավառ հաւաքը առիթ մը եղաւ որպէսզի ընկերներն ու համակիրները վերանանորոգեն իրենց հաւատարմութիւնը Հ.Յ.Դաշնակցութեան ազգային եւ գաղափարական առաջադրանքներուն հանդէպ, ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի վերապրումին եւ հայութեան արդար դատի իրականացման։
Հ.Յ.Դ 132-ամեակի ելոյթի նախագահ
ընկ. Արման Գրիգորեանի բացման խօսքը
132 տարի առաջ, 1890-ին, Թիֆլիսի մէջ, Հ.Յ.Դ.ը հիմնուեցաւ եւ իր հետ ամբողջ ազգ մը սկսաւ իր պայքարը ստրկութեան եւ անհետացման դէմ: Դաշնակցութիւնը այն կազմակերպութիւնը եղաւ, որ իր էութիւնը նոյնացաւ մեր հայրենիքին պատմութեան, ցաւերուն, կարիքներուն եւ յաղթանակներուն հետ:
Մեր հայրենիքի եւ Հ.Յ.Դ.եան միջացեալ պայքարը սկսաւ 132 տարի առաջ եւ անշուշտ կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Դաշնակցութիւնը սովորական կուսակցութիւն մը չէ, այլ հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութիւնը վերականգնող եւ պաշտպանող բացառիկ կազմակերպութիւնն է: Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին կարողացաւ առաջնորդել հայ ժողովուրդի ապստամբութիւնը թուրքերու սարսափելի եւ արիւնահեղ գործողութիւններուն դէմ, եւ միայն 3 տարի վերջ, 1918-ին, առաջնորդեց հայութեան յաղթանակին եւ անկախ Հայաստանի հռչակման: Երբ Հայաստանը ստիպուեցաւ Սովետական Միութեան մաս կազմել, Հ.Յ.Դ.ը իր բոլոր ուժերը կեդրոնացուց հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան պաշտպանման: Դաշնակցութեան ղեվակարութեամբ նաեւ, սփիւռքահայութիւնը կարողացաւ կազմակերպուիլ եւ օտար երկիրներու մէջ շինել եկեղեցիներ, դպրոցներ, ակումբներ եւ այս ձեւով պահպանել հայուն ինքնութիւնը: Առաւել եւս, սփիւռքի գործունէութիւնը կեդրոնացաւ Հայ դատի հետապնդման շուրջ, միջազգային հանրութեան յիշեցնելով ազգի դատին արդար լուծման հրամայականը:
Անշուշտ, Հ.Յ.Դ.ը իր ներդրումը ունեցաւ Արցախի ազատագրման պայքարին, ինչպէս նաեւ 44-օրեայ պատերազմին, երկու տարի առաջ, որ Դաշնակցական կամաւորներ պատերազմին առաջին գիծին գտնուեցան քով-քովի հայ զինուորներուն հետ:
Սիրելի ընկերներ եւ ընկերուհիներ, իրականութիւն է որ վերջին երկու տարիները կը պատկանին մեր պատմութեան ամենասեւ էջերուն: Մեր Արցախին 3/4-ը կը գտնուի ազերիներու տիրապետութեան տակ, մեր Հայաստանը վտանգի մէջ է եւ ամբողջ հայութիւնը սուգի մէջ կը գտնուի մեր հազարաւոր նահատակներուն համար, որ իրենց կեանքի գնով պատերազմի ժամանակ կը պահպանէին մեր սուրբ հողերը:
Հ.Յ.Դ.-ը, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ հզօր պայքար տարաւ պատերազմի սկիզբէն մինչեւ այսօր, ունենալով իբր գլխաւոր նպատակ հայութեան փրկութիւնը անոնցմէ որ մեզի ոչնչացուած կ’ուզեն տեսնել: Արդէն այս է մեր կուսակցութեան ճակատագիրը, զոհողութեամբ պահպանել հայութիւնը նկատելով ամէն բանէ վեր ազգայինը: Մեր պատմութիւնը մեզի ցոյց տուած է, որ հայութեան համար անկարելի բան չկայ: Հ.Յ.Դ.-եան յարատեւ պայքարը հայութեան պահպանած է մէկ դարէ աւելի: Այս պահուն Հայաստանը եւ Արցախը զօրաւոր Դաշնակցութեան պէտք ունին: Մեր թշնամիները միշտ կատաղի պայքար մղած են Դաշնակցութեան դէմ, իբր մեր ազգի հիմնական ուժը:
Ուրեմն, «Մեր Օր»ուայ առիթով, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք, եռամիասնութեան ամէն մէկ հայու, կոչ կ’ուղղենք համակիր դառնալ ազգայինը գերադասող մեր կուսակցութեան, մեր երազներու իրականացման համար:
Թող բոլորս ձեռք-ձեռքի տանք, շարունակենք մեր պայքարը որպէսզի հայութիւնը առաջնորդենք նոր յաղթանակներու:
Ընկ. Քերոբ Էքիզեանի խօսքը
Այս գիշերուան ընկերական եւ ժողովրդային համախմբումը հաւանաբար ոմանց մօտ ստեղծած ըլլայ տարակուսանքի զգացում մը, թէ «երբ Հայաստանն ու Արցախը կը գտնուին ճակատագրական խաչմերուկի մը առջեւ, երբ թշնամին ամէն օր ա՛լ աւելի ոտնակոխ կ՚ընէ մեր ինքնիշխան հայրենիքի ու Արցախի տարածքները, մենք ինչո՞ւ հոս կը գտնուինք, այս հաւաքը խրախճանք անուանելով, երբ անդին հայ ժողովուրդը կը փորձէ գոյատեւել ահաւոր վտանգներու տակ»։
Առաջին հերթին՝ արդար հարցական մըն է, որ որեւէ հայու միտքէն անցնելով «զսպումի» մը զգացումը պիտի յառաջացնէր՝ երբ սեղաններու շուրջ, երգի հնչիւնին տակ, կենացներու խանդավառութեան մէջ, պիտի նշուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-րդ տարեդարձը։
Սակայն, միայն այսօր չէ, որ հայ ազգը ազգային ու գոյութենական տագնապներու յորձանուտին մէջ կը գտնուի։ Հայ մարդու բովանդակ պատմութիւնը զրկանքի ու ազգային լինելութեան պայքար մըն էր, որու ամէնէն օրհասական պահուն ծնունդ առաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, իր ուսերուն վրայ առնելու համար հայ ժողովուրդի ազատ եւ անկաշկանդ ապրելու՝ երբեք չմառող երազի իրականացումը։
Դաշնակցութեան 132-ամեայ երթի ընթացքին արդեօք ո՞ր ժամանակաշրջանն էր, որ ազգի լինելութեան պահ չըլլար։ Միթէ հայ ազատագրական պայքարի օրե՞րն էին միայն, միթէ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքի տարինե՞րը միայն, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման մահու-կենաց մոմե՞նտը, սփիւռքացած գաղթականութեան տասնամեակնե՞րը, կա՞մ Արցախի ազատագրութեան պայքարի շղթայազերծման օրերը։
Մեր կուսակցութեան 132 տարիներու պատմութիւնը զրկանքի, թշուառ օրերու, այլեւ պայքարի ու վերապրումի երկար ու անվերջ ճամբայ մըն է, որուն ընթացքին, դաշնակցական մարդը ինքզինքին իրաւունք տուաւ՝ գէթ մէ՛կ օր միայն, մտածելու եւ խօսելու ի՛ր մասին, ի՛ր պատկանած կուսակցութեան մասին, երախտագիտութիւն յայտնելու իրմէ առաջ գործած, ապա անկախութեան ու ազատ ապրելու բագինին վրայ հոգի, միտք եւ կեանք նուիրաբերած դաշնակցական անթիւ հերոսներուն մասին։
Պահն է ահա՛, երբ այս գիշեր մէկտեղուած ենք այստեղ՝ Դաշնակցութեան հիմնադիրին անունը կրող այս օճախին մէջ, խօսելու մեր մասին, հարազատ ընտանիքի մը անդամներուն նման մտահոգուելու անցեալէն մինչեւ այսօր ու վաղն յատկանշող այս կուսակցութեան հայրենանուէր առաքելութեան մասին։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդի ծոցէն եւ ապրեցաւ ու գործեց մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի լինելութեան համար։ Մտածում, հոգ, ծառայութիւն, պայքար, նուիրաբերում, մարդկային ամբողջ ուժի տրամադրութիւն, արեան զոհաբերութիւն, ամէն ինչ ուղղուած է հայրենի հողին ու անոր վրայ ապրող ժողովուրդին։
Ուրեմն, մեր այսօրուան խօսակցութեան նիւթը պէտք է դառնայ հայրենիքը, իր ներկայով ու ապագայով, իր դիմագրաւած մարտահրաւէրներով, նա մանաւանդ այն վարչախումբով, որ վերջին հինգ տարիներուն «հպարտ քաղաքացին» կը փորձէ վերածել հայրենիքի էութենէն պարպուած մարդու, ենթակայ հայ ժողովուրդի թշնամիներուն կողմէ նոր ցեղասպանութիւններու եւ բնաջնջման։
Սակայն, այս երեկոյ մենք ունեցանք Հայրենիքէն ժամանած յարգելի հիւր մը, որ յարմար անձն է մեր բոլորին առջեւ բանալու հայրենի իրականութիւնը ու անոր մէջ՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան դերն ու ներկայ պատմական պատասխանատուութիւնը։ Վստահ եմ, որ իր խօսքն ու պարունակութիւնը մեր ուշադրութիւնը գրաւեցին Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած պետական եւ քաղաքական մարտահրաւէրներուն մասին։
Սիրելիներ,
Այս գաղութը, 100-ամեակի մը ընթացքին ստեղծած համայնական կեանքով, առանց որեւէ չափազանցութեան ու գովասանքի սնապարծութեան, կրնանք հաստատել, թէ իր գոյութիւնն ու յարատեւումը կը պարտի Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ անոր նուիրեալ սպասարկուներու անշահախնդիր ու հայրենանուէր ծառայութեան։
Յետադարձ անկանկ մը նետելով մեր գաղութի պատմութեան վրայ, մեր կուսակցութեան գործունէութեան հիմնական նուաճումներու հաշուետուութիւնը ընելու նախանձախնդրութեամբ, կ՚ուզեմ հպանցիկ մատնանշել կարգ մը առանցքային ապացոյցներ, որոնք կը կազմեն մեր հաւաքական կեանքի բաբախող սիրտին կենսատու երակները։
Կազմակերպութիւն
Դաշնակցական ծանօթ «գաղափարական կեդրոնացման, կազմակերպական ապակեդրոնացման» հրաշալի յղացումն էր, որ հայրենի հողին վրայ յեղափոխական եւ հերոսական սխրանքներու բոցավառումէն ետք, դարձաւ գաղութներու կազմակերպման եւ միաւորման կենդանի շունչը։
Փորձեցէք ուրուագծել պատկերը նախապատերազմեան շրջանի այն նուիրեալ դաշնակցականներու հոյլին, որ գաղթակայանէ գաղթակայան վազեց, կազմակերպական կառոյց հիմնեց, ժողովը, հաւաքը, օրակարգը կենդանի գործի վերածեց, երբ յառ ու նման կատարուած Մեծ Գործին «Էրկիր»-ի մէջ, յեղափոխական ուժ եւ կոռով կը պահանջուէր կազմակերպելու համար տարագրեալ եւ հայրենազուրկ զանգուածները։
Յիշեցէ՛ք բոլոր անոնց, որոնք պատերազմէն ետք երկար տասնամեակներու վրայ ղեկը առին հիւծած գաղութի մը վերակազմակերպման աշխատանքին եւ այս հայօճախը առաջնորդեցին դէպի բարգավաճ ու եռանդուն տարիներ։
Հպարտ զգացէք բոլորդ, դո՛ւք ներկաներ, որ այդ սերունդներու ամրապնդած կազմակերպութեան շարունակութիւնը կը կազմէք, ձեր թանկագին երդումը տուած ըլլալով այս կուսակցութեան ճամբով հայ ժողովուրդը ծառայելու նպատակին համար։
Ակումբ
Արդեօք կարելի՞ է ըսել, թէ ո՞ր ժողովուրդն է այն, որ զրկուած ըլլալով իր հայրենի հողէն, կարողացաւ ակումբ եւ օճախ կերտել, անոր մէջ ապրեցնելով հայ հողին մէջէն ցայտող ուժն ու բուրմունքը, քարեղէն շէնքերը հայկականութեան յորդառատ աղբիւրներու վերածելով երիտասարդ սերունդներուն առջեւ։
Այսօր, աւելի քան երբեք, թիավարելով հոսանքն ի վեր, պայքարելով այլասերիչ միջավայրերուն դէմ, մեր բոլորին պարտականութիւնն է ակումբը պահել որպէս մեր գոյութեան հիմնաշէնքն ու ազգային դարբնոցը։
Հայեցի կրթութիւն
Ո՛չ մէկ ատեն՝ ոչ երէկ, ոչ այսօր, դաշնակցական մարդը կասկածի տակ առած է մեսրոպաշունչ գիրի բոցավառումը մատղաշ հայու հոգիին մէջ։ Գաղթականութեան առաջին օրէն՝ վրաններու մէջ, յաճախ կիզիչ արեւին կամ անձրեւին տակ, մինչեւ մեր այսօրուան շքեղ, լայն ու պարծանք առթող կրթական օճախները, մենք պարտականութիւն ունինք կանգուն պահել հայ դպրութեան սիւները, հայ մանուկին ու պատանիին շրթներուն վրայ դայլայլող ձայնի վերածել մեր մայրենին, իր քաղցրահնչիւն մեղեդիով։
Միութենական կեանք
Գորովագութ մայր կոչեցինք Հայ Կապոյտ Խաչը, առողջ միտքի ու մարմնի դարբին անուանեցինք Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, Հայ քնարի ու գիրի պահապաններու ամբողջական մարմնացումը տեսանք Համազգայինի հիմնադիրներու ու անոնց հետեւորդներու տեսիլքին մէջ։
Անոնք սոսկ միութիւններ չեն, անոնք հայրենիք յիշեցնող, Հայաստան երգող, հայութեամբ ապրող կենդանի հաւաքականութիւններ են, որոնք Հ.Յ.Դաշնակցութեան ազգային ու գաղափարական ոգեշնչումով ակումբները եւ մեր տուները կը շարունակեն վերածել փոքրիկ Հայաստաններու։
Սիրելիներ,
Անդրադարձ չկատարեցինք, ինչպէս աւանդաբար կ՚ըլլայ իւրաքանչիւր «Մեր Օր»ուան առիթով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան, հիմնադիր սերունդին, պատմական անցեալին, հերոսական անհամար դրուագներուն, դաշնակցական մեծերուն, հայուն անկախ պետականութիւն պարգեւելու գերագոյն հերոսապատումին։ Խօսք չըրինք մեր կուսակցութեան բարձր արժէքներուն մասին, որոնք խարիսխը կը կազմեն ժողովրդավարական կարգերով գործելու եւ ժողովուրդին համարատու ըլլալու գերագոյն պատասխանատուութեան։ Դաշնակցութիւնը, իր 132-ամեայ պատմութեան ընթացքին, յաճախ քննադատութեանց ենթակայ դարձաւ՝ մասամբ արդար, մեծամբ՝ անիրաւ ու ապակողմնորոշող։ Սակայն, վերջիններուն դիմաց, բոլոր ժամանակներու ու պատմակշիռ իրադարձութիւններու հովոլոյթին մէջ, գիտցաւ կենդանի գործով եւ շնորհիւ ժողովրդային լայն ընդունելութեան պահել իր դիմագիծը, հաւատարիմ մնալով իր քաղաքական եւ գաղափարական անշեղ ուղիին։
Ուրեմն, կարիքը չկայ սպասելու տարուան այդ մէ՛կ Օրուան՝ խօսելու եւ վերյիշելու մեր կուսակցութեան փառահեղ պատումները։ Իւրաքանչիւր դաշնակցական, իւրաքանչիւր բարեկամ եւ համակիր, պէտք է զանոնք ամէնօրեայ ապրումի վերածէ, որպէս ներշնչման ուժ եւ գաղափարական սնունդ հայրենիքի ծառայութեան առաքելութեան համար։
Սիրելի երիտասարդներ,
Վերջին խօսքը ձեզի կ՚ուղղուի։ Քաջ գիտակցեցէք, որ այս կուսակցութեան 132 տարիներու կենսունակութիւնը կը պարտինք նախ իր հիմնադիրներուն, որոնք հազիւ ձեր տարիքը ունէին երբ հիմը դրին Հ.Յ.Դաշնակցութեան, ապա այն գաղտնիքին՝ այսինքն երիտասարդական ուժին, որ հիմնադրութեան առաջին օրէն մինչեւ այսօր աւիշը կը հանդիսանայ մեր գոյութեան ու յարատեւման։
«Դէպի Երկիր» կը պատգամէր մեծ Ակնունին մեր երիտասարդներուն՝ անցեալ դարու սկիզբին։ Նոյն պատգամը կը շարունակէ կենդանի լոյս սփռել դաշնակցական երիտասարդ սերունդներուն, որոնք սփիւռքի մէջ ծնած՝ կարիքը ունին վերամկրտուելու հայրենի հողի ուժով։
Ձեր հայեացքը ուղղեցէ՛ք դէպի Հայաստան ու Արցախ։
Զգացէ՛ք մեր քաջարի զինուորներու տրոփող սիրտը սահմանին վրայ, Արցախի ձեր սերնդակիցներու ապրելու կամքով լեցուցէ՛ք ձեր ամբողջ էութիւնը, մեր գաղութի երիտասարդութեան առջեւ գաղափարական ուղի բացէ՛ք, ապրեցէ՛ք եւ ապրեցուցէ՛ք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ողջ պատմութեան լուսաւոր ճամբան, ի խնդիր Հայաստանի եւ Արցախի վերակերտման ու ամբողջական վերապրումին։
Կեցցէ՛ մի՛շտ երիտասարդ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։
Հայաստանի Մանկավարժական համալսարանի
տնօրէն ընկ. Խաչատուր Ստեփանեանի խօսքը
Սիրելի ընկերներ,
Նախ ցանկանում եմ շնորհակալութիւն յայտնել օրուայ առիթով խօսելու ընձեռուած հնարաւորութեան եւ պատուին արժանացնելու համար:
Շնորհաւորում եմ բոլորիս Դաշնակցութեան օրուայ կապակցութեամբ:
Դժնդակ օրեր են ապրում մեր ժողովուրդը եւ հայրենիքը, բայց դա մեզ ոչ թէ պէտք է հիասթափեցնի, հասցնի յուսալքութեան դուռը, այլ՝ ընդհակառակը, աւելի զգաստացնի, մղի անցածը վերարժեւորելուն եւ առաւել պատասխանատու մօտենալու մեր հայրենանուէր առաքելութեանը:
Դաշնակցութիւնը հայ ժողովրդի գերագոյն նպատակի մարմնաւորումն է. ունենալ ամբողջական Հայաստան, ուժեղ, ապահով պետութիւն, որտեղ տիրում է սոցիալական արդարութիւնը, զարգանում են ազգային մշակոյթն ու արուեստը եւ ուր հայ մարդն իրեն շատ երջանիկ է զգում:
Սակայն այս գերագոյն նպատակի իրականացման ճանապարհի կարեւոր քայլը այսօրուայ Հայաստանի Հանրապետութեան դուրս բերումն է ծանր կացութիւնից:
Անկախութեան կորստի վտանգ, պետութեան ռազմական անվտանգութեան ծայրայեղ խոցելիութիւն, ապագայի հանդէպ հաւատի կորուստ, հասարակութեան պառակտուածութիւն եւ անտարբերութիւն, բնակչութեան արտագաղթ, ազգային արժէքների անկում, սոցիալական բեւեռացման խորացում, ազատագրուած Արցախի կորստի եւ հայաթափման իրական սպառնալիք: Ահա այս խնդիրների հանդէպ ունեցած մտահոգութիւնն է, որ պէտք է ուղենշի Դաշնակցութեան անյետաձգելի անելիքը Հայաստանում:
Սիրելի ընկերներ,
Որքան էլ ծանր լինի վիճակը, այնուամենայնիւ ելք կարելի է գտնել, եւ մենք պարտաւոր ենք դա անել: Եթէ 1918-ին կարողացանք Քաջազնունու բնորոշմամբ անձեւ քաոսից պետութիւն կերտել, ապա հիմա էլ կարող ենք եւ պարտաւոր ենք փրկել պետութիւնը: Դա պիտի անենք, համբերատար, առանց տեղի տալու եւ յուսալքուելու:
Լինենք իրատես եւ փաստենք, որ անկախութեան կորստի իրական վտանգի առջեւ ենք կանգնած: Անկախութիւնը գերագոյն արժէք է, մեր պատմութիւնը պայքար է անկախութեան վերականգնման կամ նաեւ պահպանման համար: Այս պահին այդ պայքարի թերեւս ամենավճռական դրուագներից մէկն ենք ապրում: Պէտք է գործել խոհեմ՝ չտրուել պատրանքների եւ կանխել ցանկացած արկածախնդրութիւն, որը կարող է յանգեցնել անկախ պետականութեան կորստի:
Բոլորին յուզող գլխաւոր անյետաձգելի հարցը թերեւս Արցախն է: Արցախը ոչ միայն հայրենիքի մի մաս է, որտեղ ապրում են մեր հայրենակիցները, այլեւ հայկական պետականութեան անվտանգութեան կարեւոր երաշխիք: Մենք արդէն գիտենք, տեսնում ենք, թէ որքան է խարխլուել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանների անվտանգութիւնը 44-օրեայ պատերազմից եւ Արցախի վտանգումից յետոյ: Ամէն ինչ պէտք է անել Արցախի գործօնը վերականգնելու համար: Դա ոչ միայն արցախահայութեան, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան, եթէ կուզէք՝ լինելութեան խնդիր է:
Բարոյական իմաստով. Արցախը մեր նորագոյն պատմութեան յաղթական էջն էր եւ նորից պէտք է լինի: Հողահաւաքի մեր պայքարը սկսուել է Արցախով, եւ մենք չպէտք է թոյլ տանք, որ կորսուի ամէն բան: Աւելին, Արցախի վերաազատագրումը նոր սկիզբ պէտք է լինի: Դէպի Երկիր տանող ճանապարհը Արցախով է անցնելու:
Հայաստանում միւս կարեւոր խնդիրը համաժողովրդական անկումային տրամադրութեան վերացումն է, հասարակութեան, ժողովրդի մօտ սեփական ուժերին վստահելու հաւատի վերականգնումը: Դաշնակցութիւնը պարտաւոր է եւ պէտք է ամէն ինչ անի մեր ժողովրդին դուրս բերելու այս վիճակից: Յատկապէս սփիւռքում Դաշնակցութիւնը պառակտումի եւ յուսալքումի դէմ պայքարելու հարուստ փորձ ունի: Հնարաւոր չէ պառակտուած եւ յուսալքուած հասարակութեամբ յաղթանակներ կերտել, աւելին կարող ենք նոր կորուստների եւ պարտութիւնների ականատեսը լինել, եթէ չկանխենք հասարակութեան վերջնական անկումը: Պէտք է խօսել ժողովրդի հետ, համբերատար եւ որդիաբար:
Ամէն ինչ պէտք է անել արթնացնելու համար ապագայի հանդէպ վառ հաւատը, որքան էլ անհաւասար լինի թշնամու եւ մեր ուժերի յարաբերակցութիւնը, նոր յաղթանակի հանդէպ հաւատը պիտի բոցկլտայ: Ուժեղ Հայաստանի գաղափարը այլընտրանք չունի:
Հայաստանին սպառնացող միւս վտանգը ազգային արժէքների անկումն է: Համաշխարհայնացման կեղծ նշանաբանի տակ ոտնահարւում է ազգային ամէն մի բան:
Մենք դէմ չենք համաշխարհայնացման գործընթացներին, սակայն պէտք է չընդունենք դրանցից այն վատը, որը թուլացնում է մեր ազգային դիմադրողականութիւնը: Առանց ազգային դիմագծի՝ եկեղեցի, մշակոյթ, կրթութիւն եւ այլն, Հայաստանը զրկուած է ոչ միայն իր ուրոյն դէմքից, այլեւ հայկական բովանդակութիւնից:
Հայաստանին սպառնացող միւս վտանգը արտագաղթն է, որը ժողովրդագրական աղէտի կարող է յանգել: Ամէն ինչ պէտք է անել հայ մարդուն Հայաստանում պահելու համար:
Հայաստանում Դաշնակցութեան միւս կարեւոր առաքելութիւնը Սփիւռքի օրակարգը պահելն ու առաջ տանելն է: Հայաստանում թոյլ չենք տալու, որ պառակտեն Սփիւռքը, պառակտեն Հայաստան-Սփիւռք միասնութիւնը:
Յատկապէս Դաշնակցութիւնը լաւ գիտի, որ մի բան է Սփիւռքը Հայաստանով, մի այլ բան՝ առանց Հայաստանի: Մի բան է Հայաստանը Սփիւռքով, բոլորովին այլ բան՝ առանց Սփիւռքի: Մենք անհամեմատ ուժեղ ենք Միասնական Սփիւռքով եւ Հայրենիք-Սփիւռք ներդաշնակ փոխըմբռնման եւ միասնականութեան պայմաններում: Ահա սա է, որ պէտք է անենք համբերատար, առանց տրտնջալու:
Դաշնակցութեան համար այս մարտահրաւէրները նոր չեն: Պայքարից ծնուած քաղաքական կուսակցութիւնը, յեղափոխական կազմակերպութիւնը չի շեղուելու իր գաղափարական ճշմարիտ ուղուց: Դաշնակցութիւնը պարտաւոր է ոչ միայն արեամբ, այլեւ քրտինք թափելով տէր կանգնել սեփական պետութեան եւ ժողովրդի իրաւունքներին:
Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան Կեդր. վարչութեան կողմէ
ընկ. Վահրամ Մանկոյեանի ուղերձը
Հայ ժողովուրդը դժուարին պայմաններու մէջ կը գտնուի։ Մեզի պէս հայ երիտասարդներ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, մեր հայրենիքի տարածքներու ազատագրման եւ պաշտպանութեան համար կը մարտնչեն։ Նոյն պահուն, Սփիւռքի մէջ հայ երիտասարդութիւնը, քաղաքական եւ քարոզչական պայքար կը մղէ, զօրացնելով հայութեան պահանջները եւ հայութեան ձայնը զօրաւոր ու լսելի դարձնելով։ Հայ երիտասարդը, ուր ալ ըլլայ, պարտաւորութիւնը ունի իր ազգի արդար դատին զինուորը ըլլալու։ Իսկ դժուար պայմանները, միշտ ալ առաջնորդուած են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարներով ու գործունէութեամբ, որուն մէջ երիտասարդը իր նուիրումը, զոհողութիւնը եւ յարատեւ պայքարը աւելցուցած է։
Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութենէն ի վեր այս պայքարը տարած է ու կը շարունակէ տանիլ։ Ի շահ հայ ժողովուրդին։ Ամէն ձեւով պաշտպանելով հայութեան իրաւունքները։
Հ.Յ.Դ. երիտասարդականը նոյն ճամբայէն կը յառաջանայ։
Եւ մենք՝ երիտասարդականի անդամները կը խոստանանք՝ աննահանջ պահել նոյն ուղին։
Դժուարութիւնները կրնան շատ ըլլալ, սակայն մեզի համար առաջնահերթութիւն է հայապահպանումը, առաջնահերթութիւն է Հայ դատի մարզէն ներս զօրաւոր ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ գործակցութիւնները Փոքր Ասիոյ միւս ժողովուրդներուն հետ, որոնք տուժած եւ տառապած են թրքական բարբարոսութիւններէն, Յոյներ, Ասորիներ, Քիւրտեր, ցոյց տալու համար աշխարհին Թուրքիոյ գործած ոճիռները։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը յոյս կը ներշնչէ, նոր ուղիներ եւ նոր տեսլական բերելով ազգային կեանքին մէջ։ Ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ իր գործունէութեամբ կ՚ապացուցանէ իր ներկայութիւնը, եւ կ՚ուզէ օրինակ դառնալ եւ քաջալերել բոլոր հայ երիտասարդներուն, յիշեցնելու համար բոլորին թէ Սփիւռքի մէջ հայ յանձնառու երիտասարդութիւնը, իր ժողովուրդին արդար դատին պաշտպանն է ու առաջնորդը։
Գալով մեր օրերուն, հազիւ կրկին անկախ Հայաստան եւ ազատ Արցախ ունեցանք, 2020-ին 44-օրուայ պատերազմով՝ հայութեան գլխին հարուած հասցուցին Ատրպէյճանն ու Թուրքիան։ Մեր հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուեցան բազմահազար հերոսներ, որոնց յիշատակը կը յարգենք եւ գլուխ կը խոնարհինք իրենց առջեւ։
Հ.Յ.Դ. երիտասարդականը ողջունելով Դաշնակցութեան 132-րդ տարեդարձը կը խոստանայ՝ հաւաքական կամքով շարունակել պայքարիլ, դժուարութիւններուն առջեւ ամրանալ, անյաջողութիւններուն առջեւ բռունցքը սեղմել եւ կրկին շարունակել։