Կը ներկայացնենք Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի ելոյթը՝ Դեկտեմբերի 14ին Ստեփանակերտի մէջ կայացած Հ.Յ.Դ. 127ամեակի տօնակատարութեան:
«Այս օրերուն Դաշնակցութեան աշխարհատարած կառոյցները կը նշեն Դաշնակցութեան Օրը կամ անոր հիմնադրութեան 127ամեակը: Այս նշումներուն տարեվերջին համընկումները պարզ տրամաբանութեամբ՝ տարուան կտրուածքով իրագործուածն ու չիրագործուածը լոյսին բերելն է, պատմական հէնքի վրայ ժամանակակից իրադարձութիւններուն Դաշնակցութեան բերած ներդրումը արժեւորելը, բայց մանաւանդ այդ բոլորէն մեկնած հետագայ իրադրութիւնները ուղենշելը:
Աւանդոյթի վերածուած Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութիւններու ընթացքին պէտք է յաղթահարել ինքնագնահատական տալու փորձութիւնը: Ի վերջոյ ժամանակը, պատմութիւնն ու ժողովուրդը իրենք են իրադարձութիւններուն գնահատական տուողը եւ ըստ այնմ քաղաքական այս կամ այն ուժին հանդէպ վստահելիութեան վարկանիշ ապահովողը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրուան ներկայ նշումը թէ՛ ժամանակի եւ թէ միջավայրի առումով պարտաւորեցնող է:
Նախ ժամանակի առումով, մենք ազգովին կը նախապատրաստուինք մուտք գործելու յոբելենական այնպիսի տարի, որ պիտի նշէ մեր պետականութեան վերականգնման, մեր անկախութեան ձեռքբերման եւ մեր հանրապետութեան կերտման հարիւրամեակը: Եւ երկրորդ, այս տօնակատարութեան վայրը՝ Արցախ աշխարհը, սերտօրէն կ՛առնչուի պետականութեան կերտումի, անոր հրամայական անհրաժեշտութեան եւ անոր փոխանցած խուրհուրդներուն ուղղութեամբ կիզակէտային նշանակութիւն ներկայացնելու հանգամանքներուն:
Եւ եթէ կ՛ընդունինք, որ Մայիսեան դիւցազնամարտներու ապահոված յաղթանակին վրայ կառուցուեցաւ եւ կերտուեցաւ հանրապետութիւնը, ապա համոզիչ ձեւով կը մտածենք նաեւ, որ Արցախեան ազատամարտին եւ անոր ապահոված յաղթանակին ու ազատագրումին վրայ յենեցաւ նաեւ մեր վերանկախացումը՝ հայոց անկախ ժամանակակից պետականութեան վերականգնումը:
Արցախեան ազատամարտը ոչ միայն ապահովեց Արցախի Հանրապետութեան կայացումը, այլ երաշխաւորեց Հայաստանի անկախ հանրապետութեան վերականգնումը: Ահա պատմական եւ ժամանակակից հանգամանքներու այս նկատառումներով է, որ եզակի ու բացառիկ տարազ կը ստանայ Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութիւնը ներկա՛յ ժամանակին, ներկա՛յ վայրին մէջ:
Դաշնակցութիւնը, 1918ի Մայիսեան յաղթանակներուն հայ կեանքի իբրեւ ամենակազմակերպ ուժը յաջողեցաւ համախմբել հայութիւնը, մղել ճակատամարտները եւ Հայոց Ցեղասպանութենէն ընդամէնը միայն երեք տարի ետք հռչակել հանրապետութիւն եւ կերտել ազատ ու անկախ պետութիւն: Եւ Դաշնակցութիւնը, Արցախեան ազատամարտի առաջին փուլին մասնակից առաջնային ուժերու շարքին, թէ՛ ռազմական առումով եւ թէ առաջին խորհրդարանի ձեւաւորման մէջ ստանձնած կարեւորագոյն դերակատարութեամբ, պատուով կը կանգնի նաեւ Արցախի պետականութեան կերտման ակունքներուն:
Այդ ճամբով նաեւ արդարօրէն կը համարուի, Արցախի պետականութեան անշրջանցելի երաշխաւորութեան նկատառումով՝ Հայաստանի վերանկախացման եւ պետականաշինութեան աշխատանքներուն հիմնական ներդրում ապահոված կուսակցութիւն: Հետեւաբար, թէ՛ Օրուան նշումը, թէ՛ ժամանակը եւ թէ վայրը կը թելադրեն ամենաշատ կեդրոնանալ Դաշնակցութեան պետականաստեղծ կուսակցութիւն ըլլալու եզակի հանգամանքներուն վրայ:
Իրաւամբ, պետութիւնը նկատուած է ազգի մը կազմակերպուածութեան բարձրագոյն աստիճանաչափը, որուն վերականգնման, պահպանման եւ զարգացման համար ահաւասիկ աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր կը պայքարի հայ ժողովուրդի ազատագրման առաջնորդ կուսակցութիւնը:
Այս հիմնաւորումներով է, որ Դաշնակցութիւնը հակառակ տարաբնոյթ պայմաններու մէջ գործելուն՝ Առաջին Հանրապետութեան օրերուն իբրեւ իշխանութիւն, խորհրդայնացման օրերուն իբրեւ տարագիր դարձած կուսակցութիւն, վերանկախացման առաջին օրերուն եւ առաջին վարչակարգի ժամանակ հալածուած եւ հարկադրաբար ընդդիմադրութիւն դարձած կուսակցութիւն, աւելի ուշ՝ իբրեւ քոալիսիոն (համախոհական) կառավարութիւններու անդամ թէ անոնցմէ դուրս գտնուած ժամանակներուն՝ պետականութիւն հասկացողութիւնը համարեց գերագոյն ուղղութիւն եւ, ինչ կարգավիճակի մէջ ալ որ գտնուեցաւ, գործեց անկախ պետականութեան պահպանման ու անոր զարգացման համար ուղիներ հարթելու առաջադրանքներով:
Մեր զոյգ հանրապետութիւններու կենսագործման ապահովման համար հարթելի ուղիները միեւնոյնն են եւ մէկը միւսին հետ գերազանցօրէն փոխ-կապակցուած:
Անվտանգութեան ռազմավարական խնդիրներէն մինչեւ տնտեսական զարգացման միջոցներ, կրթութեան ոլորտէն մինչեւ աշխատանքի ապահովման մեթոտներ ու տակաւին աղքատութեան յաղթահարման ծրագիրներէն մինչեւ արտահոսքի կասեցման միտումներու կայացման առաջադրանքներ անտարանջատելի թղթածրարներ են, որոնց լուծման համար համահայկական մարդուժին ներգրաւումը աւելի քան անհրաժեշտութիւն է: Իսկ համահայկական մարդուժի համախմբան եւ մասնագիտական ոլորտներու համար նպատակաուղղուած հաւաքագրման գործընթացներուն Դաշնակցութիւնը բազմաթիւ իմաստներով փաստած է, որ համակարգում, ներդրում ու մասնակցութիւն ունենալու տեսակէտէն, իբրեւ աշխարհատարած կուսակցութիւն, առաջին հորիզոնականի վրայ է:
Աշխատանքները վերաբերին արցախեան ազատամարտի օրերուն կազմակերպուող զօրակցական ցոյցերուն, թէ Միացեալ Նահանգներու կամ Եւրոպայի մէջ ապահովելիք քաղաքական ենթահողի պատրաստութեան, լոպիիստական աշխատանքներուն, թէ վերաբնակեցման ծրագիրներուն: Տակաւին. օտարազգի պետական դէմքերու այցելութիւններու կազմակերպումներ, համաշխարհային տարողութիւն ունեցող լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու ժամանում եւ առարկայական լուսաբանում, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ մեր հակառակորդի սանձազերծած Արցախեան հակամարտութեան էութիւնը նենգափոխելու փորձ կատարող դրսեւորումներուն ուժգին հակազդեցութիւն եւ յաճախ կանխարգիլում. շարունակելու համար՝ Ատրպէյճանի դիւանագիտական ներկայացուցչիներու կողմէ Սումկայիթեան զոհերու նուիրուած յիշատակի հաւաքներու խանգարման փորձերու չէզոքացում, տարբեր երկիրներու մէջ ատրպէյճանական դեսպանատուներու առջեւ բողոքի ցոյցերու կազմակերպում, Ապրիլեան պատերազմի օրերուն Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ գործադրուած պատերազմական ոճիրներու բացայայտման եւ փաստերու տարածման աշխատանքներ. անոնք պարզապէս մէկ մասն են Դաշնակցութեան եւ անոր Հայ Դատի, երիտասարդական, ուսանողական կառոյցներուն ձեռագիրը կրող Արցախի պետութեան արտաքին քաղաքականութեան կամ ընդհանրապէս Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու աշխարհատարած աշխատանքներուն:
Օրհասի օրերուն եւս, թէ՛ Արցախեան ազատամարտին եւ թէ Ապրիլեան քառօրեային պէտք է նկատել յատկապէս սփիւռքեան տարբեր շրջաններէ Արցախ փութացած եւ իր հայրենակիցին հետ կողք-կողքի խրամատներու մէջ տեղաւորուած եւ առաջնագիծ գրաւած երիտասարդութեան մեծամասնութեան գաղափարական եւ կուսակցական պատկանելիութիւնը: հայրենիքէն հեռու ծնած, յաճախ ալ հայրենիքը չտեսած օտար պայմաններու մէջ կազմաւորուած երիտասարդը օրհասի պահուն, եթէ հարկ ըլլայ նաեւ իր կեանքի գնով փաստեց իր պատրաստակամութիւնը միշտ գտնուելու Արցախցի իր հայրենակիցի կողքին:
Անկախութեան 100ամեակի մօտակայ նշումներուն պատմաքաղաքական կարեւորագոյն էջերը լոյսին բերելը ունի խիստ այժմէական նշանակութիւն:
1918ին, Անդրկովկասեան երկիրներու անկախացման օրերուն, ճիշդ է որ Արցախը մաս չկազմեց Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներուն, բայց նաեւ մաս չկազմեց Ատրպէյճանին: Իրողապէս Արցախը ղեկավարուեցաւ Ազգային Խորհուրդով. այսինքն՝ անկախ ղեկավար մարմինով:
Պատմական այս փաստացի իրողութիւնը կրնայ մղել, որ Արցախը եւս իր անկախութեան 100ամեակի նշումներուն նախապատրաստուի: Ճիշդ է, որ միջազգային օրէնքներու ընդառաջման հարց չկար, չկար նաեւ ինքնորոշման իրաւունքի եւ հանրաքուէի խնդիր, այսուհանդերձ կար մերժում Ատրպէյճանին միանալու, առաջադրանք Հայաստանի Հանրապետութեան կցուելու եւ իբրեւ փաստ կար իրողապէս անկախ կառավարուող միաւոր:
Այս անկախութիւնը կարեւոր է Արցախի համար. նոյնքան նաեւ փաստի ընդգծումը՝ անկախացած Ատրպէյճանին մաս չկազմելու: Որմէ նաեւ` ստալինեան բռնակցումի հակաօրինականութիւնը եւ կանխարգիլումը Պաքուի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի շահարկման:
Կանխատեսելով հակառակորդի շահարկումը եւ ամենայն հաւանականութեամբ այդ շահարկումին միջազգային արձագանգի ապահովումի փորձը, Արցախի վերաբերող պատմական այս փաստին ներկայացումը, արծարծումը թէ՛ քաղաքական եւ թէ իրաւական հիմնաւորումներով աւելի քան անհրաժեշտ են, եւ նշուած պատճառներով նաեւ՝ ռազմավարական:
Պատմական այս հանգամանքի նկատառումով ալ մեզի համար տարածաքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքները կրնան համատեղելի ըլլալ Արցախեան հակամարտութեան լուծման բանակցային գործընթացին՝ տրուած ըլլալով, որ Արցախը երբեք մաս չէ կազմած Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ո՛չ անկախացման, ո՛չ ալ վերանկախացման օրերուն:
Միջազգային այս սկզբունքներու կիրարկելիութեան համար քաղաքական նուրբ մեկնաբանութիւններու ամէնէն արդիական առիթներուն ականատես կ՛ըլլանք. իրադրութիւնները կը յուշեն, որ Քաթալոնիոյ օրինակին կրնան հետեւիլ մերձակայ կամ հեռակայ աշխարհագրական այլ տարածքներու վրայ ապրող ազգաբնակչութիւններ:
Հակամարտութիւններու կամ ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկման համեմատական ժամանակակից վերլուծաբանութիւնը յաճախ կը շրջանցէ պատմական հանգամանքներու իրողականութիւնը: Նորագոյն երեւոյթը կը վերաբերէր Քաթալոնիոյ անկախութեան հանրաքուէին:
Յարգելով ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկումը պէտք է նկատել այստեղ, որ Քաթալոնիան երկրի մը՝ Սպանիոյ, տարածքային ամբողջականութենէն դուրս կու գար, մինչ Արցախը երբեք մաս չէ կազմած Ատրպէյճանի տարածքին:
Բռնակցումը այս պարագային հիմնովին կը հակադրուի միջազգայնօրէն ընդունուած ինքնորոշման իրաւունքին. սկզբունքով նաեւ տարածքային ամբողջականութեան՝ տրուած ըլլալով, որ բռնի միջոցներով, հակաժողովրդավարական եղանակով (տակաւին չենք խօսիր տարբեր ազգի, ժողովուրդի, կրօնի, մշակոյթի, պատմութեան հանգամանքներուն մասին) կայացած որոշումի հիման վրայ Արցախին տրուած է ատրպէյճանական տարածքին մէջ ինքնավար մարզի կարգավիճակ: Առաւել եւս. Մատրիտը որեւէ տեսակի սումկայիթեան քաղաքականութիւն չէ կիրարկած քաթալոնացիներուն նկատմամբ:
Այս տարբերութեան իրազեկ են նաեւ Եւրոպական Միութեան շրջանակները, երբ կտրուկ կը մերժեն Քաթալոնիոյ առած քայլին իրաւականութիւնը եւ երբ Արեւելեան Գործընկերութեան Ծրագիրի շրջանակներուն մէջ, ի հեճուկս Պաքուի, հռչակագիրով կ՛ամրագրեն Արցախեան հակամարտութեան լուծման համար որդեգրուած՝ տարածքային ամբողջականութեան, ինքնորոշման իրաւունքի, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ուժի կիրարկման բացառումի միջազգային սկզբունքները:
Անհամեմատելիութեան այս անգամ բոլորովին այլ ուղղութեան, տարբեր պայմաններու եւ շահարկման տարբեր մարտավարութիւններու մօտեցումով՝ Պաքուն համեմատութիւն կը կատարէ Արցախի եւ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի միջեւ: Իբրեւ հակազդեցութիւն այս համեմատութիւններուն՝ մէջբերենք Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը, կատարուած այս տարուան Ապրիլին.- «Սխալ է զուգահեռներ գծել բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի եւ Արցախի տագնապներուն միջեւ, որովհետեւ՝ «ի տարբերութիւն հիւսիսային Կիպրոսի, որ բռնագրաւուած է Թուրքիոյ կողմէ, Արցախը հայկական պատմական տարածք է. անոնք մի՛շտ հոն եղած են, պայքարած են իրենց ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար եւ անկախութիւն հռչակած են»:
Որքան ալ ընդհանուր հակառակորդ ունենալու եւ տրուած օրինակի պարագային թիրախի կարգավիճակով յայտնուած ըլլալու շարժառիթներուն, այսուհանդերձ՝ այս յայտարարութեան վրայ հայ քաղաքական միտքը յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու պատճառները ունի. կատարուածը ըստ էութեան պաշտօնական Նիկոսիոյ կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչման ճանապարհ հարթող կարեւոր դիրքորոշում է, որուն յղում կատարելու առիթներ կ՛ունենանք տակաւին՝ նկատի ունենալով թէ՛ Կիպրոսի Եւրոպական Միութեան անդամ ըլլլաը եւ թէ Ե.Խ.Խ.Վ.ի նոր նախագահին կիպրացի ըլլալու փաստը: Եւ այժմ պարզապէս յիշենք, առանց բացարձակ եզրայանգումներ ընելու, որ Ե.Խ.Խ.Վ.ի նորընտիր նախագահի պաշտօնավարութեան ստանձնման օրերուն իսկ, Ե.Խ.Խ.Վ.էն հնչեց «լուացքատուն» կառավարած Պաքուի հասցէին ամենածանր մեղադրանք-բանաձեւերը: Անտեղի պիտի չըլլար նշելը այստեղ, որ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան Գործընկերութեան հռչակագիրի որդեգրումը Երեւանի հետ շրջանային նոր համաձայնագիրի կնքումին առիթով, ըստ էութեան, տապալեց Ատրպէյճանի բոլոր փորձերը հռչակագիրին մէջ ատրպէյճանանպաստ սկզբունքներ ամրագրելու: Եւրոպական Միութիւնը այս առիթով հռչակագրային դրոյթի վերածեց ազգերու ինքնորոշման միջազգային իրաւունքը՝ Արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ իր բանաձեւին մէջ:
Առանց համակարգային փոփոխութեան եւ խորհրդարանական համակարգի անցումի դժուար պիտի ըլլար պատկերացնել Եւրոպական Միութեան հետ ընդլայնուած եւ համապարփակ համաձայնագիրի կնքումը եւ այդ առիթով արցախահայութեան ինքնորոշուելու սկզբունքը ամրագրող հռչակագիրի հրապարակումը: Իսկ այստեղ պէտք է դարձեալ յիշել քաղաքական այն ուժը, որ քսանհինգ տարի անդադար առաջադրեց մեր երկրին խորհրդարանական համակարգի անցման կարեւորութիւնը:
Ընթացիկ տարին Արցախի Հանրապետութեան համար յատկանշուեցաւ նաեւ դիւանագիտական, քաղաքական կարեւոր այլ իրագործումներով:
Միայն փակուող այս տարուան կտրուածքով՝ կ՛արժէ արձանագրել Պելճիքայի խորհրդարանին մէջ յաջորդաբար հոլանտախօս եւ ֆրանսախօս հատուածներու հետ Արցախի խորհրդարանի հետ բարեկամութեան խումբին ստեղծումը:
Ապա՝ պելճիքացի ծերակուտականի, Հոլանտայի համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու աւագ գիտաշխատողին եւ Ընկերվար Միջազգայնականի երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամ կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւններու ճանաչողական այցելութիւնները Ստեփանակերտ: Տակաւին. Պելճիքայի դաշնակցային եւ Պրիւքսէլի շրջանային խորհրդարանականներու, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանական պատուիարկութեան, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան անդամներու եւ քոնկրէսականներու այցելութիւնները Ստեփանակերտ:
Առանց շրջանցելու՝ միջազգային դէտերու մասնակցութիւնը Արցախի մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին դիտորդական առաքելութեան բաղադրութիւնը, ներառելով Պոլիվիոյ երեսփոխանական պալատի, Եւրոպական Խորհրդարանի, Արժանթինի խորհրդարանի անդամներն ու ուրուկուէյցի իրաւապաշտպանները:
Այլ ուղղութեան վրայ այս հանրագումարային արդիւնքին վրայ պէտք է աւելցնել լրագրող-պլոկըր Ալեքսանդր Լափշինի արտայանձնման առիթով կազմակերպուած տարբեր քաղաքներու մեր երիտասարներու ձեռնարկած բողոքի ցոյցերը:
Ճանաչման յաղթարշաւի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու Ռոտ Այլընտ, Մէյն, Լուիզիանա, Քալիֆորնիա, Ճորճիա եւ Հաուայի նահանգներուն վրայ Միշիկընի նահանգին համալրումը կը նախանշէ, որ Դաշնակցութիւնը ռազմավարական նպատակ ճշդած է նահանգային եւ քաղաքային մակարդակներու վրայ Արցախի անկախութեան ճանաչման հրամայականի իրականացումը: Եւ միայն վերջերս՝ Աւստրալիոյ մէջ գործող ամենանշանաւոր կուսակցութիւներէն Կանաչներու կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը:
Յարգելի ներկաներ,
21րդ դարու համահունչ եւ օրինաչափ նկատուող համակարգերը ցանցային կառոյցի բնոյթ ունին եւ կը յատկանշեն ժամանակակից աշխատելաձեւի նորարար եւ արդիւնաւէտ նկատուող միջոցները: Դաշնակցութիւնը հայաստանեան, արցախեան եւ աշխարհատարած իր կառոյցներով ու Հայ Դատի գրասենեակներով ցանցային այն համակարգն է, որ հայրենակեդրոն նպատակուղղուած գործունէութիւն կ՛իրականացնէ ի խնդիր մեր զոյգ պետութիւններու հզօրացման: Վարքագիծը պիտի շարունակուի եւ ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս պիտի դրուի Ա.Մ.Ն. նահանգային մակարդակով Արցախի հանրապետութեան ճանաչումներու յաղթարշաւը շարունակելու, տարբեր պետութիւններու պետական, հասարակական եւ հրաարակագրական դէմքերու Ստեփանակերտ այցելութիւնները իրագործելու,Արցախի Հանրապետութեան պետական դէմքերու եւրոպական, ամերիկեան եւ աշխարհաքաղաքական այլ կարեւոր կեդրոններու մէջ հանդիպումներու եւ քննարկումներու տեսակցութիւնները ապահովելու, ու տակաւին ռազմական յանցագործութիւններով հարուստ թղթածրար վաստակած Պաքուն միջազգային ատեաններու կողմէ քրէականացնելու Սուկմկայիթէն մինչեւ Թալիշ ամենա-անմարդկային եւ ահաբեկչական արարքները գործադրած ըլլալու մեղադրանքներով:
Այս բոլոր ուղղութիւններով աշխատելու եւ Արցախի համապատասխան գերատեսչութիւններու հետ առաջադրանքներն ու անոնց կիրարկումը համակարգելու համար, Դաշնակցութեան հովանիին տակ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները իրողապէս վերածուած են Արցախի Հանրապետութեան դեսպանութիւններու: Դաշնակցական մամուլն ու լրատուադաշտը պիտի շարունակեն իրենց սիւնակներուն առաջնային տեղերը տրամադրելու արցախեան լրատուութիւններուն: Դաշնակցութեան քարոզչական մարմինները տարբեր երկիրներու պետական թէ հասարակական շրջանակներուն մէջ պիտի աշխատին առարկայականօրէն լուսաբանել հակամարտութեան էութիւնը, հակադարձել հակառակորդներու ապատեղակատուութեան: Մեր ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւնները բողոքի ցոյցերով պիտի չէզոքացնեն Պաքուի ներկայացուցիչներուն կողմէ ձեռնարկուած հակահայ բոլոր միջոցառումները: Մինչ պիտի համալրուին Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչցող ամերիկեան նահանգներն ու եւրոպական քաղաքները, ինչպէս նաեւ աշխարհի մեծագոյն քաղաքներու մէջ գործող ազդեցիկ կուսակցութիւնները: Քաղաքական, ռազմավարական եւ անվտանգութեան բոլոր պատճառներով մեր համահայկական օրակարգի առաջնային խնդիրը պէտք է ճշդել Արցախիի միազգային ճանաչումը, որուն համար ալ անմնացորդ իր գործը պիտի շարունակէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան աշխարհատարած ցանցային կառոյցը:
Քաղաքականին կողքին, զինուորական Ապրիլեան լայնածաւալ գործողութիւններու սանձազերծումներու ընթացքին եւ մանաւա՛նդ անկէ ետք կ՛արժէ մտածել կուսակցութեան կողմէ նախաձեռնուած եւ պաշտպանական պետական համակարգի հետ համադրուած կամաւորական շարժումի երեւոյթին մասին:
Քաղաքական դրական ենթահողի նախադրեալներու ուղղութեամբ համախումբ աշխատելու այս առաջնահերթութեան առընթեր մեր հակառակորդը յաւելեալ կերպով պէտք է գիտակցի, որ իր դիպուկահարներուն, տիվերսանդներուն թէ թափանցման որեւէ գործողութեան պարագային՝ իր դիմաց պիտի գտնէ մարտնչելու պատրաստ եւ յանուն Արցախի խաղաղութեան, փաստացի սահմաններու պահպանման թէ Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման համար ամէն ինչի պատրաստ են ոչ միայն Արցախի զինեալ ուժերը, այլեւ ամբողջ հայկական աշխարհի կամաւորական շարժումը:
Ի վերջոյ հայկական աշխարհը ամբողջ պիտի գիտակցի, որ հայրենիքի սահմանները հսկող, վիրաւորուող, նահատակուող հերոսներուն շնորհիւ է, որ ինք այսօր իբրեւ զոյգ հանրապետութիւն կերտած ազգ՝ կ՛արարէ, կը ստեղծագործէ եւ կը զարգանայ: Այո՛ կը զարգանայ՝ առանց զիջելու:
Բազմակողմանի այդ զարգացումը ապահովելու համար է, որ այսօր բոլորս համոզուած, վճռակամ, հաստատակամ եւ պատրաստակամ՝ իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման համար պայքարող զինուորներ՝ ազգովին պէտք է յայտարարենք.-
Ծառայում ենք Արցախի Հանրապետութեանը: