«­Խա­նա­սո­րից՝ ­Շու­շի, յաղ­թա­նա­կից՝ յաղ­թա­նակ» բնա­բա­նով՝ ­Յու­լիս 30ին, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ սկիզբ ա­ռաւ Հ.Յ.Դ. պա­տա­նե­կան միու­թիւն­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան 3րդ ­բա­նա­կու­մը: Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ե­րի­տա­սար­դա­կան գրա­սե­նեա­կին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցած այս բա­նա­կու­մը հա­մախմ­բեց 230 պար­ման-պար­մա­նու­հի­ներ, ո­րոնք ե­կած էին ­Լի­բա­նա­նի, ­Սու­րիոյ, ­Քո­ւէյ­թի, Ա­րա­բա­կան ­Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու, ­Թեհ­րա­նի, ­Նոր ­Ջու­ղա­յի, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի պա­տա­նե­կան միու­թիւն­նե­րէն:­Բաց­ման պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ԹՈՒՄՕի այ­գիին մէջ, ուր բա­րի գա­լուս­տի խօս­քէ ետք՝ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ե­րի­տա­սար­դա­կան գրա­սե­նեա­կի քար­տու­ղար Ա­նոյշ ­Յով­հան­նէ­սեան բեմ հրա­ւի­րեց ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան ան­դամ Ար­մէ­նու­հի ­Կիւ­րե­ղեա­նը, որ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով հա­մա­հայ­կա­կան բա­նա­կում­նե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ մատ­նան­շեց, որ նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ հայ­րե­նա­ճա­նա­չու­թեան, հայ մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու պահ­պա­նու­թեան կող­քին, մե­ծա­պէս կը նպաս­տեն պա­տա­նե­կան միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րուն մի­ջեւ կա­պե­րու սեր­տաց­ման եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գիի բարձ­րաց­ման` դառ­նա­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­ժա­նըն­տիր զա­ւակ­նե­րը: