Բանակումներու ընթացքին հրապարակային հանդիսութիւն կազմակերպելը եղած է ու կը շարունակէ մնալ բանակումի ամէնօրեայ աշխատանքներու յայտագրին գլխաւոր հատուած մը։ Պատանիներուն մասնակցութեամբ ու վարիչներուն համադրումով՝ յանձնախումբ կը կազմուի, որ կը ծրագրէ ու կ’իրագործէ հանդէսին յայտագիրը՝ պատանիներու ազգային գիտելիքները եւ տաղանդները ներկայացնելու համար ծնողներուն ու ներկայ հասարակութեան։
Հայկական երգով, պարով ու ասմունքով պատանիները կը մօտենան ու կը ծանօթանան հայկական մշակոյթին,կը գործածեն հայերէն լեզուն եւ կը զօրացնեն ազգային ոգին։
Տարիքով փոքր պատանիները, որոնք առաջին անգամ կը մասնակցին Պատանեկան Միութեան բանակումին ու հաւանաբար առաջին անգամն է, որ կը հեռանան իրենց ընտանիքէն՝ հպարտութեամբ ու խանդավառութեամբ ցոյց կուտան հարազատներուն իրենց նոր ընկերները, նոր գիտելիքները եւ իրենց քաջագործութիւնները։
Այս տարի, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութեան 37րդ ամառնային բանակումին հրապարակային հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի՝ 30 Օգոստոս 2017ի երեկոյեան, Քաբանտրիթիի բանակավայրէն ներս։ Երեկոյեան ժամը 6էն ետք, բանակողներու ծնողները եւ քաջալերող հայրենակիցները այցելեցին բանակավայր՝ ներկայ ըլլալու համար կազմակերպուած հանդէսին։
Երեկոյեան ժամը 8ին, բոլոր բանակողները եւ այցելուները հրաւիրուեցան մարզադաշտ։ «Մեր հայրենիք» ու «Մշակ բանուոր» քայլերգներու երգեցողութեամբ տեղի ունեցաւ դրօշակներու արարողութիւնը։
Ապա՝ բոլոր ներկաները անցան ճաշարան, ուր երկար սեղաններ զետեղուած էին, որոնց շուրջ բոլորուած՝ այցելուները հետեւեցան հանդիսութեան՝ ճաշով ու խմիչքով։
Հանդիսութեան ներկայ էին Յունահայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ թեմի հոգեւոր հայրերը, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ, Ազգային Վարչութեան անդամներ, միութեանց ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ։
Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմնոյ խօսքը փոխանցեց ընկ. Անի Գոճաշեան։
Այնուհետեւ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերոբ Էքիզեան բեմ հրաւիրուեցաւ իր խօսքը ուղղելու ծնողներուն եւ ներկայ հայրենակցիներուն։ Ան ի միջի այլոց ըսաւ, թէ Պատանեկան Միութեան բանակումի 37 տարիներու ընթացքին անխափան շարունակութիւնը ցոյց կուտայ անոր գոյատեւման անհրաժեշտութիւնը մեր գաղութի կեանքէն ներս։ Նաեւ՝ ընկերը կոչ ուղղեց բոլոր ծնողներուն, իրենց զաւակները անդամագրելու Պատանեկան Միութեան, որպէսզի տարուան ընթացքին ալ մաս կազմեն միութեան, քանի որ Պատանեկան Միութեան գործունէութիւնը չ’ամփոփուիր միայն ամառնային բանակումներուն մէջ, այլ մաս կը կազմէ գաղութի ազգային կեանքին։
Կոմիտաս Արք. Օհանեան, բեմ հրաւիրուելով, իր խօսքը ուղղեց պատանիներուն եւ ներկաներուն՝ ըսելով, թէ պատանիները բանակումին իրենց մասնակցութեամբ առիթը կ’ունենան դաստիարակութեան ընդմէջէն, յեղափոխական երգերով եւ հայկական մշակոյթով, մօտիկ զգալու իրենց ազգին՝ հայու իսկական դիմագիծը պահպանելով։
Պատանիներու կողմէ ընկ. Իլիաս Լազարեան իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն, իր մտածումները արտայայտելով նամակի մը տողերուն ընդմէջէն, նամակ մը՝ որ գրուած էր իր կողմէ եւ ուղղուած էր ինքզինքի՛ն։
Հանդէսը շարունակուեցաւ հայկական պարով, ասմունքով եւ երգով՝ խանդավառութիւն եւ ուրախ մթնոլորտ ստեղծելով ներկաներուն մօտ։
Հանդէսի վերջին մասը կ’ընդգրկէր վիտէօ-երիզ մը, որ կը ցուցադրէր բանակողներու առօրեայ կեանքը եւ պատանիներու կողմէ արտայայտուած կարծիքներ ու վկայութիւններ բանակումին մասին։
Խնճոյքի ընթացքին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն՝ բազմաթիւ նուէրներով, որոնք նուիրուած էին մեր հայրենակիցներուն կողմէ։ Նուէրները տրամադրած էին՝ Կարպիս Ճանիկեան, Յակոբ Յովակիմեան, Սերոբ Աճէմեան, Իոան Մանուկեան,Նորա Սլտրեան եւ բանակավայրի տէր՝ Ասիմաքոփուլոս։
Մթնոլորտէն խանդավառուած եւ գնահատելով Պատանեկան Միութեան բանակումներու գոյատեւման անհրաժեշտութիւնը՝ հետեւեալ նուիրատուութիւնները կատարուեցան Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան.
— Յունաստանի Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւն՝ 500 եւրօ,
— Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն՝ 50 եւրօ,
— Բանակումի վարիչներ՝ 50 եւրօ,
Քերոբ Էքիզեան՝ 50 եւրօ,
— Յարութ Սպարթալեան՝ 50 եւրօ,
— Յարութ եւ Նորա Սերոբեան 100 եւրօ։
Նաեւ՝ ճաշկերոյթին իրենց նուիրատուութիւնը կատարեցին Սերոբ Աճէմեան եւ Իոան Մանուկեան։
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ աւանդական շուրջ-պարով, որու ընթացքին 79 պատանիները, Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Գոմոթինիի շրջաններէն — իրենց վարիչներով -, ձեռք-ձեռքի բռնուած, խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին՝ եզրափակելով Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութեան 37րդ ամառնային բանակումին հանդէսը։
Բանակող պատանիները, բանակումի ամբողջ տեւողութեան, իրենց կողքին ունէին 15 վարիչներ, որոնք ստանձնած էին անոնց դաստիարակութիւնը, զուարճութիւնը, կարգապահութիւնը եւ բանակումին ընդհանուր պատասխանատուութիւնը, ինչը կատարեցին բծախնդիր ու ամբողջական կերպով։
Անոնք էին ընկեր-ընկերուհիներ՝ Սարին Աւետիսեան, Անի Գոճաշեան, Նարօտ Շահինեան, Կարին Ղեւոնդեան, Արփինէ Կիրակոսեան, Անայիս Խտրեան, Արա Ճանիկեան, Սերգօ Տէօքմէճեան, Արման Գրիգորեան, Ռազմիկ Էրջէնեան, Սեւակ Գազարեան, Վազգէն Սավուլեան, Արմէն Աճէմեան, Զորա Պօղոսեան եւ Գէորգ Ղազարեան։ Վարձքը կատար բոլոր ընկեր-ընկերուհիներուն։ Բանակումը իր աւարտին պիտի հասնի Շաբաթ՝ 2 Սեպտեմբերին։
Պատանիները Աթէնք պիտի վերադառնան նոր փորձառութիւններով եւ տպաւորութիւններով լեցուած, նոր ընկերներ շահած ըլլալով ու նոր գիտելիքներով, կանգուն պահելով Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութիւնը եւ անոր կազմակերպած 37 տարիներու ընթացքին ամառնային բանակումի գեղեցիկ փորձառութիւնը։
Վարձքը կատար՝ բոլորին։
Վարիչ Մարմնոյ խօսքը արտասանուած ընկ. Անի Գոճաշեանի կողմէ
Բարի եկաք Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութեան 37-րդ բանակումին։
Այս տարի մեր մօտ կը գտնուին 79 պատանիներ՝ 10 տարեկանէն մինչեւ 16. անոնց կողքին՝ 15 վարիչներ եւ օգնականներ։ Մեր բանակումը կը տեւէ 10 օր, Քափանտրիթիի այս բանակավայրէն ներս, ուր ամէն տեսակի յարմարութիւն կայ մեր մօտ։
10 օրուան ընթացքին մենք կը սորվինք գործակցիլ իրարու հետ, մտածել հայօրէն, խօսիլ հայերէն։ Պատանիները կը զուարճանան ընկերային կեանքերու կատակներով, երգերով ու պարերով, լողաւազանի խաղերով։
Դաստիարակութիւնը, ընկերային զրոյցները շատ կարեւոր են մեր առօրեային մէջ, որովհետեւ կ‘ընդգրկեն Հայ Դատի, Հայաստանի եւ Արցախի ու Սփիւռքի հայութեան մասին հարցեր։
Այս տարի մեր բանակումին մասնակցեցան դարձեալ Սելանիկէն եւ Գոմոթինիէն պատանիներ, որոնք շուտով ընկերացան մնացեալ պատանիներուն հետ։ Եզակի առիթ մը, որ քով-քովի կը բերէ հայ տղաքը։
Մեր այս աշխատանքին մէջ, մենք օգնութիւնն ու քաջալերանքը կը վայելենք Հ.Յ.Դ Կեդրոնական Կոմիտէին, մեր կազմակերպ գաղութին, եւ ազգայիններուն ու յատկապէս ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին մեզի եւ ցոյց կու տան թէ կը հաւատա՛ն Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան առաքելութեան։
Ի՞նչ կը սպասենք Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութենէն։
Պատրաստել գիտակից հայ երիտասարդներ, որոնք պիտի ծառայեն հայ ազգին։
Բայց, բնական պայմաններու մէջ չէ որ կ‘ապրինք. այսպէս՝ Պատանեկան Միութենէն կը սպասենք քիչ մը ամէն ինչ.- կը սպասենք, որ հայերէն սորվեցնէ հայ պատանիին, հայկական մշակոյթը զարգացնէ իրենց մէջ, հայոց պատմութեան էջէրը բանայ իրենց առջեւ, հայութեան պայքարներու եւ իրաւունքներու պահանջատիրութիւնը ամրապնդէ իրենց մէջ, ու վերջապէս՝ դառնայ այն վայրը ուր ընկերային առողջ մթնոլորտի մէջ պիտի զարգանայ հայ փոքրիկը, դառնալով վաղուան գիտակից ու պատրաստուած հայ անհատը։
Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութիւնը քաջ գիտէ իր դերն ու առաքելութիւնը։
Որքան ալ պայմանները փոխուած ըլլան, որքան ալ նոր սերունդները դաստիարակութեան աւելի ընդարձակ մարզեր ունենան, մեր միութիւնը պիտի շարունակէ մնալ հայ ակումբը, հայ պատանիին սորվեցնող միութիւնը, հոն՝ ուր հայրենասէր ոգին եւ հայ մարդու ազգային նկարագիրը պիտի կերտուի։
Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեր բոլորին, որ մեր հրաւէրը ընդունելով այսօր մեր մօտ կը գտնուիք, վայելելու համար մեր պատանիներու պատրաստած յայտագիրը։
Բարի զուարճութիւն բոլորիդ։
Շնորհակալութիւն։
Պատանիներու խօսքը արտասանուած ընկ. Իլիա Լազարեանի կողմէ
Սիրելի Իլիա,
Յուսամ թէ լաւ ես: Հինգ տարի անցած է վերջին բանակումէդ եւ յիշատակները դեռ քեզի անուշ մտածումներու պէս կ’ուղեկցին:
Կը յիշես, երբ աւելի պզտիկ էիր, կը հիանայիր մեծ ընկերներուն վրայ եւ կը փափաքէիր իրենց նմանիլ: Բայց մեծցար եւ կարծեմ սկսած ես նախանցիլ փոքրիկներուն, քանի որ իրենք գոնէ տարի մը եւս բանակումի պիտի գան: Ինչքա՜ն մեծ պատասխանատուութիւն է ամենամեծը ըլլալը: Պէտք չէ մոռնալ, որ պզտիկներուն օրինակ կը դառնաս:
Երանի՜ վերջին օրը քիչ մըն ալ ուշանար…
Սակայն, իրականութիւնը դիմագրաւելու ժամանակը եկած է: Յաջորդ քայլը՝ երտասարդական միութիւնը: Պատանեկան միութեան կը պարտիմ, որ պահած եմ ազգային ինքնութիւնս եւ որ պիտի շարունակեմ մնալ եւ գործել ազգային միութիւններուն մէջ:
Կը մաղթեմ որ ընկերներդ, որոնց հետ վեց ամառներ անցուցած ես բանակումի պատճառաւ, շարունակեն գովդ ըլլալ եւ միասնաբար կեանքի ուրախ թէ տխուր վայրկեանները ապրիք: Այս նամակը հոս պիտի փակեմ: Մարզանքի պէտք է երթամ եւ արդէն ուշացած եմ:
Սիրով՝ անցեալ ինքզինքդ
Կը փափաքիմ ես ալ վարիչ ըլլալ օր մը: Կրնա՞մ արդեօք տէր կանգնիլ այդպիսի պարտականութեան մը։
Պէտք է ըլլամ համբերատար, ուղղամիտ, վճռակամ, գիտակից, խնամատար եւ ունենամ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւն: Դժուա՜ր, բայց ո՛չ անկարելի. Մեր վարիչները արդէն անգամ մը եւս փաստեցին այդ մէկը ինչպէս անցեալին՝ նաեւ այս տարի: