­Թա­գա­վա­րա­կի պատ­ճա­ռով տա­րո­ւան մը ընդ­հա­տու­մէն ետք, Ուր­բաթ՝ 20 Օ­գոս­տոս 2021-ի ե­րե­կո­յեան, ­Քա­լա­մո­սի բա­նա­կա­վայ­րէն ներս մեկ­նար­կեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան 40-րդ ­բա­նա­կու­մը, ո­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն մօտ 75 պա­տա­նի­ներ եւ 11 վա­րիչ­ներ։
Իւ­րա­յա­տուկ է այս տա­րո­ւան բա­նա­կու­մը, քա­նի որ այն տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ թա­գա­վա­րա­կի կա­նոն­նե­րու խիստ գոր­ծադրու­թեամբ, նախ­նա­կան եւ բա­նա­կու­մի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան ըն­թաց­քին կա­տա­րո­ւող շա­րու­նա­կա­կան անձ­նա­կան քննու­թիւն­նե­րով, իսկ այս ան­գամ պի­տի չկազ­մա­կեր­պո­ւի ա­ւան­դա­կան հրա­պա­րա­կա­յին հան­դի­սու­թիւ­նը ծնող­նե­րու ու ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թեամբ։
­Բա­նա­կու­մի յայ­տա­գի­րը կ­՚ընդգր­կէ դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր, ըն­կե­րա­յին կեանք, մշա­կու­թա­յին եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան զբա­ղում­ներ, ռա­տիո­ժա­մի յայ­տա­գիր եւ այլ ծրա­գիր­ներ։ ­Բա­նա­կող պա­տա­նի­նե­րը ա­ռի­թը պի­տի ու­նե­նան ծա­նօ­թա­նա­լու ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի պատ­մա­կան ու ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թեան, հա­յոց պատ­մու­թեան եւ հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի է­ջե­րուն, պի­տի զրու­ցեն հայ ե­րի­տա­սարդ­ներն ու պա­տա­նի­նե­րը յու­զող հար­ցե­րուն մա­սին։
Այս բո­լո­րին վրայ կու գայ իր յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւ­նը ու­նե­նա­լու ըն­կե­րա­յին ջերմ կա­պե­րու զար­գա­ցու­մը, այն որ ար­դէն ա­կումբ­նե­րուն մէջ՝ պա­տա­նե­կան գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին կը մշա­կո­ւի, ու յա­ջոր­դա­բար՝ բա­նա­կու­մի 10-օ­րեայ կեան­քէն ներս կ­՚ամ­րապն­դո­ւի ու կը ստեղ­ծէ մնա­յուն բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ եւ ըն­կե­րա­յին սերտ յա­րա­բե­րու­թիւնն­ներ։
Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան բա­նա­կու­մը պի­տի տե­ւէ մին­չեւ 30 Օ­գոս­տոս։