«Աս­պա­րէզ» հրա­պա­րա­կած է Հ.Յ.Դ. ցու­ցա­կով ընտ­րո­ւած, բայց ի­րենց լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րէն հրա­ժա­րած ե­րեք պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ա­նուն­նե­րը: ­Ներ­կա­յիս նա­խա­րա­րի պաշ­տօն վա­րող ­Դա­ւիթ ­Լո­քեան, ­Լե­ւոն Մկրտ­չեան եւ Ար­ծուիկ ­Մի­նա­սեան կեդ­րո­նա­կան ընտ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին դի­մե­լով՝ հրա­ժա­րած էին ի­րենց ա­թո­ռէն:
­Ներ­կայ դրու­թեամբ, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ Հ.Յ.Դ.ի պատ­գա­մա­ւո­րա­կան կազ­մը կը բաղ­կա­նայ հե­տե­ւեալ եօ­թը գոր­ծիչ­նե­րէն՝ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան, Ա­ղո­ւան ­Վար­դա­նեան, Ար­մե­նու­հի ­Կիւ­րե­ղեան, Ար­մէն ­Բա­բա­յեան, Անդ­րա­նիկ ­Կա­րա­պե­տեան, ­Սու­րէն ­Մա­նու­կեան եւ ­Ռո­միկ ­Մա­նու­կեան: ­Կեդ­րո­նա­կան ընտ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը ­Չո­րեք­շաբ­թի օր հրա­պա­րա­կեց Ազ­գա­յին ժո­ղով մտնող բո­լոր պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն ցան­կը: