Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութեան Վարիչ Մարմինը կը հաղորդէ, որ Շաբաթ՝ 25 եւ Կիրակի՝ 26 Մարտ 2017ին տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութեան երկօրեայ ձմեռնային բանակում-արշաւը դէպի Այոս Անտրէաս բանակավայրը։
Այս ծրագիրը, երբ որ յայտարարուեցաւ պատանիներուն, շատ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց եւ բոլորը անհամբերութեամբ կը սպասէին բանակում-արշաւին։
Այսպէս, պատանիներ՝ Ֆիքսի, Գոքինիոյ եւ Թեսաղոնիկէի խումբերէն, իրենց վարիչներով, երկու օր անցուցին բնութեան մէջ, ընկերային ուրախ մթնոլորտով, յիշելով ամառնային բանակումի ուրախ պահերը։
Յունաց Մարտ 25ի տօնին առիթով, սկաուտական տողանցքէն ետք, Շաբաթ օր, կէսօրուան ժամերուն, ճամբայ ելանք դէպի բանակավայր։ Պատանիները վրաններուն մէջ տեղաւորուեցան ու մեր երկօրեայ բանակումը սկսաւ դրօշակներու արարողութեամբ։ Յաջորդեցին խաղ եւ զրոյց։
Ընթրիքին համար նախատեսուած էր լեհմաճուն եւ փասթիցիօ՝ պատանիներուն համար պատաստուած Հ. Կ. Խաչի ըներուհիներուն կողմէ։ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութեան Վարիչ Մարմինը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան եւ բոլոր խաչուհիներուն, որոնք ընդառաջելով մեր դիմումին՝ ապահովեցին պատանիներու ընթրիքը։
Երեկոն անցաւ ուրախ եւ զուարթ մթնոլորտի մէջ։
Կիրակի առաւօտ, ժամը 10ին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան 20 ընկերներ եւ ընկերուհիներ այցելեցին բանակավայր, որպէսզի ծանօթանան պատանիներուն եւ միասնաբար լաւ ժամանակ անցընեն գարնանային այս օրը։
Երիտասարդական Միութիւնը ծրագրած էր Workshop մը կատարել։ Այսպէս, պատանիներ եւ երիտասարդներ բաժնուեցանք 5 խումբերու ու աշխատեցանք տարբեր նիւթերու վրայ։ Խումբ մը զբաղեցաւ տպաւորութիւններ՝ Հայաստան մեր այցելութենէն նիւթով, յաջորդ խումբը՝ տպաւորութիւններ Արցախի ճամբորդութենէն նիւթով։ Երրորդ խումբի նիւթն էր՝ տպաւորութիւններ բանակումի կեանքէն եւ տարբերութիւնները, որ կան նախորդ տարիներու եւ վերջին տարիներու բանակումներուն միջեւ։ Չորրորդ խումբը զբաղեցաւ Ապրիլ 24ի նիւթով։ Հինգերորդ խումբին նիւթն էր՝ վիտէօ-երիզներու պատրաստութեան եւ թղթակցութիւններու վարժութիւն։
Այս աշխատանքային համագործակցութիւնը երիտասարդներու եւ պատանիներու միջեւ շատ լաւ արդիւնք տուաւ՝ տեսնելով, որ բոլոր պատանիները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին այս ծրագրով եւ ուրախութեամբ կը սպասեն անցնելու Երիտասարդականի շարքերը։
Կէսօրուան ճաշի պատրաստութիւնը ստանձնած էին Երիտասարդական Միութեան անդամները, որոնք կրակ վառեցին եւ համով խորոված խորովեցին։
Երեկոյեան, դրօշի արարողութեամբ, վերջ գտաւ երկօրեայ բանակումը՝ պզտիկ համ մը ձգելով մեր պատանիներու քիմքին, որոնք անհամբեր կը սպասեն ամառնային բանակումին։