Ուր­բաթ՝ 14 Ապ­րի­լին, Ե­րե­ւա­նի մէջ, Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեա­նի ար­ձա­նին մօտ, ի­րենց կու­սակ­ցա­կան եր­դու­մը տա­լով՝ Հ.Յ.Դ. «­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան» Ու­սա­նո­ղա­կան Միու­թեան ան­դա­մագ­րո­ւե­ցան 20 ե­րի­տա­սարդ­ներ: Նո­րա­գիր­նե­րուն կնքա­հայրն էր Սա­սուն Ներ­սի­սեան: Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եր­դո­ւե­ցան միշտ հա­ւա­տա­րիմ մնալ Հ.Յ.Դ. ծրա­գի­րին, կա­նո­նա­գի­րին եւ ո­րո­շում­նե­րուն, ի­րենց բո­լոր ու­ժե­րով, հարկ ե­ղած պա­րա­գա­յին նաեւ կեան­քի գնով պայ­քա­րե­լու յա­նուն Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան ա­զա­տագ­րու­թեան դա­տին: