Հ.Յ.Դ. Յունաստանի 82րդ Շրջանային ժողովը գումարուեցաւ Շաբաթ 1 եւ Կիրակի 2 Դեկտեմբեր 2018ին, Աթէնքի մէջ: Ժողովը, համապարփակ քննութեան ենթարկելէ ետք կուսակցական եւ կազմակերպական հարցերը, ինչպէս նաեւ ազգային ու միութենական կառոյցներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները՝ յանգեցաւ համապատասխան որոշումներու, գաղութի կեանքը առաւել եւս կենսագործելու եւ աշխուժացնելու առաջադրանքով:
Իր աշխատանքները աւարտելով, Շրջանային ժողովը յաջորդ նստաշրջանին համար ընտրեց նոր Կեդրոնական Կոմիտէ՝ բաղկացած հետեւեալ ընկերներէն.- Գազարեան Ռաֆֆի, Գույումճեան Սերգօ, Էրջէնեան Գրիգոր, Մանուկեան Յարութիւն, Յարութիւնեան Հռիփսիմէ, Նատեան Կարօ, Սերոբեան Յարութիւն։
ԴԻՒԱՆ Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ
82ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ
Աթէնք, 2 Դեկտեմբեր 2018