Հ.Յ.Դ. ­­Յունաստանի Պա­տա­նե­կան միու­թեան բա­նա­կու­մը՝ Ասթ­րոս ­­Քի­նու­րիա­սի մէջ

0
141

Այս տա­րի Հ.Յ.Դ. ­­Պա­տա­նե­կան միու­թեան 41-րդ ­բա­նա­կու­մը տե­ղի կ­’ու­նե­նայ 27 Օ­գոս­տո­սէն մին­չեւ 6 ­­Սեպ­տեմ­բեր, նոր վայ­րի մէջ՝ ծո­վե­զե­րեայ Թ­րի­փո­լիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան Ասթ­րոս ­­Քի­նու­րիաս բա­նա­կա­վայ­րէն ներս։
­­Շա­բաթ, 27 Օ­գոս­տոս 2022-ին մեկ­նար­կեց բա­նա­կու­մը, ո­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն մօտ 90 պա­տա­նի­ներ եւ 10 վա­րիչ­ներ։
­­Դար­ձեալ այս տա­րո­ւան բա­նա­կու­մը տե­ղի կ­’ու­նե­նայ թա­գա­վա­րա­կի կա­նոն­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեամբ, բա­նա­կող­նե­րու անձ­նա­կան ա­ռող­ջա­պա­հա­կան քննու­թիւն­նե­րով։
­­Բա­նա­կու­մի յայ­տա­գի­րը կ­­՚ընդգր­կէ դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր, մար­զանք, լո­ղալ՝ բա­նա­կա­վայ­րի անձ­նա­կան ծո­վին մէջ, ըն­կե­րա­յին կեանք, մշա­կու­թա­յին եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան զբա­ղում­ներ, ռա­տիո­ժա­մի յայ­տա­գիր եւ այլ ծրա­գիր­ներ։
­­Բա­նա­կող պա­տա­նի­նե­րը ա­ռի­թը պի­տի ու­նե­նան ծա­նօ­թա­նա­լու ­­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ի­րա­կա­նու­թեան, հա­յոց պատ­մու­թեան, զրու­ցե­լու հայ ե­րի­տա­սարդ­ներն ու պա­տա­նի­նե­րը յու­զող հար­ցե­րուն շուրջ։
Այս բո­լո­րին վրայ կու գայ իր յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւ­նը ու­նե­նա­լու ըն­կե­րա­յին ջերմ կա­պե­րու զար­գա­ցու­մը, այն որ ար­դէն ա­կումբ­նե­րուն մէջ՝ պա­տա­նե­կան գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին կը մշա­կո­ւի, ու յա­ջոր­դա­բար՝ բա­նա­կու­մի 10-օ­րեայ կեան­քէն ներս կ­­՚ամ­րապն­դո­ւի ու կը ստեղ­ծէ մնա­յուն բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ եւ ըն­կե­րա­յին սերտ յա­րա­բե­րու­թիւնն­ներ։
­­Շա­բաթ, 3 ­­Սեպ­տեմ­բե­րին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հան­դի­սու­թիւն, ո­րուն ըն­թաց­քին պա­տա­նի­նե­րը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն ի­րենց պատ­րաս­տած յայ­տա­գի­րը:
Հ.Յ.Դ. ­­Պա­տա­նե­կան միու­թեան բա­նա­կու­մը իր ա­ւար­տին պի­տի հաս­նի Ե­րեք­շաբ­թի, 6 ­­Սեպ­տեմ­բե­րին։