60 տա­րի հայ պա­տա­նի­ներ հա­մախմբո­ւած ա­կումբ­նե­րուն մէջ ա­ռա­ջին պա­տա­ռիկ­նե­րը ստա­ցան ազ­գա­յին ո­գիի, հայ­րե­նա­սի­րու­թեան եւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի:
60 տա­րի մեծ թի­ւով պա­տա­նի­ներ եւ պար­մա­նու­հի­ներ ան­ցան այս միու­թե­նէն դաս­տիա­րա­կո­ւե­ցան եւ ստանձ­նե­ցին ի­րենց կար­գին, պա­տաս­խա­նա­տու դիր­քեր, շա­րու­նա­կե­լու հա­մար ի­րենց փո­խան­ցո­ւած ազ­գա­յին ո­գին եւ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը, դպրո­ցի եւ ըն­տա­նի­քի կող­քին:
60 տա­րի­ներ ա­ռաջ, նո­ւի­րեալ ըն­կեր­ներ հիմ­նե­ցին Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան միու­թիւ­նը, ի­րենց շուր­ջը հա­ւա­քե­լով հայ պա­տա­նի­ներ եւ ե­րի­տա­սար­դա­ներ, ո­րոնք շա­րու­նա­կե­ցին այս աշ­խա­տան­քը:
Հ.Յ.Դ. ­­­Յու­նաս­տա­նի ­­­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ­­­Վա­րիչ մար­մի­նը այս բո­լո­րը ե­կաւ յի­շեց­նե­լու ­Շա­բաթ, 15 ­­­Յու­նիս 2024-ին, ­­­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­­­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի մար­զա­դաշ­տին մէջ, տօ­նե­լով միու­թեան 60-ա­մեա­կը:
­­­Մար­զա­դաշ­տին մէջ, թապ­լօ­նե­րու վրայ զե­տե­ղո­ւած էին միու­թեան 60 տա­րի­նե­րու գոր­ծու­նէու­թե­նէն պա­տա­նի­նե­րու նկար­նե­րը բա­նա­կում­նե­րէն, հան­դէ­սէ­նե­րէն, ըն­կե­րա­յին կեան­քե­րէն, մար­զան­քի փոր­ձե­րէն, ներ­կա­յաց­նե­լով միու­թեան ամ­բողջ աշ­խա­տան­քը:
Օ­րո­ւան հան­դի­սա­վար ընկ. Ար­մէն Ա­ճէ­մեան ե­րե­կո­յի բա­ցու­մը կա­տա­րե­լէ եւ ներ­կա­յաց­նե­լէ ետք նպա­տա­կը այս ձեռ­նար­կին, հրա­ւի­րեց ընկ. ­­­Ժան­նա ­­­Յով­սէ­փեա­նը փո­խան­ցե­լու հա­մար Հ.Յ.Դ. ­­­Յու­նաս­տա­նի ­­­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ­­­Վա­րիչ մարմ­նոյ խօս­քը:
­­­Պա­տա­նի­նե­րուն կող­մէ խօսք ուղ­ղեց ընկ. Ա­լեքս ­­­Բար­սե­ղեան:
­­Խումբ մը պա­տա­նի­ներ եր­գե­ցին եր­կու երգ ե­ռան­դով եւ ու­րա­խու­թեամբ:
Ա­պա, տե­ղի ու­նե­ցաւ վի­տէօ ե­րի­զի ցու­ցադ­րու­թիւն:
60 տա­րի­նե­րու Հ.Յ.Դ. ­­­Յու­նաս­տա­նի ­­­Պա­տա­նե­կան միու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ար­ձա­նագ­րո­ւած էր վի­տէօ ե­րիզ­նե­րու մէջ: ­­­Ժա­պա­ւէ­նին մէջ, մեծ թի­ւով նկար­ներ եւ վի­տէօ­ներ՝ հին տա­րի­նե­րէն մին­չեւ այ­սօր, ներ­կա­յա­ցու­ցին պա­տա­նի­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը:
­­­Յու­զիչ էր տես­նել ան­ցեա­լի պա­տա­նի­նե­րը՝ այ­սօ­րո­ւան վա­րիչ­նե­րու պաշ­տօն ստանձ­նած ըլ­լա­լը:
Ե­րե­կոն շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ վի­ճա­կա­հա­նու­թեամբ եւ հիւ­րա­սի­րու­թեամբ:
­­­Ներ­կա­նե­րը, խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մէջ գա­ւաթ մը գի­նիով, ­­­Պա­տա­նե­կան միու­թեան կե­նա­ցը խմե­ցին, մաղ­թե­ցին շատ տա­րի­ներ գո­յա­տե­ւէ ու դաս­տիա­րա­կէ հայ պա­տա­նի­նե­րը, կազ­մա­ւո­րե­լով հայ­րե­նա­սէր, պա­տաս­խա­նա­տու եւ պատ­րաստ ծա­ռա­յե­լու հայ ազ­գին եւ հայ­րե­նի­քին պա­տա­նի­ներ:

***

Ընդ­հա­նուր ­Վա­րիչ մարմ­նոյ խօս­քը՝ ընկ. ­Ժան­նա ­Յով­սէ­փեա­նին կող­մէ

­Սի­րե­լի ներ­կա­ներ՝

Ըն­դա­նուր ­Վա­րիչ ­Մարմ­նոյ եւ օգ­նա­կան վա­րիչ­նե­րու կող­մէ ձեզ կ­‘ող­ջու­նեմ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան 60-ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած ե­րե­կո­յին։
­Շատ ու­րախ ենք, որ այ­սօր բո­լորս միա­սին հա­ւա­քո­ւած ենք տօ­նե­լու հա­մար ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան 60-րդ ­տա­րե­դար­ձը, մէ­կը միւ­սին տես­նե­լով եւ յի­շե­լով բո­լոր այն գե­ղե­ցիք պա­հե­րը, որ ապ­րե­ցանք իբ­րեւ պա­տա­նի կամ վա­րիչ ե­ղած ժա­մա­նակ­նե­րէն։
Այս էր մեր նպա­տա­կը։ 6 կամ 7 ա­միս ա­ռաջ ո­րո­շե­ցինք ձեռ­նարկ մը կազ­մա­կեր­պել… ձեռ­նարկ մը, որ տա­րի­նե­րէ ի վեր չէր ի­րա­գոր­ծո­ւած։
­Ժա­մե­րով եւ օ­րե­րով կը մտա­ծէինք, թէ ինչ­պէ՞ս պի­տի ըլ­լայ այս օ­րո­ւան յայ­տա­գի­րը, ի՞նչ եւ ինչ­պէ՞ս պի­տի ը­նենք։
­Բայց մեր նպա­տա­կը յստակ էր՝ կազ­մա­կեր­պել հա­ւա­քոյթ մը բո­լոր այն ան­ձե­րով, որ ան­ցած են ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան շար­քե­րէն եւ բա­նա­կում­նե­րէն։ ­Պա­տա­նի­ներ՝ հան­դի­պիլ ի­րենց հին վա­րիչ­նե­րուն, վա­րիչ­ներ՝ որ գոր­ծակ­ցած են միա­սին, ի­րա­րու հան­դի­պիլ։ Եւ այս բո­լո­րը մեր ա­կում­բէն ներս, ուր ա­մէն ­Շա­բաթ պար­տա­ւոր ենք ներ­կայ գտնո­ւիլ՝ ան­ցեա­լէն մին­չեւ այ­սօր։
Այս ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պե­լով հա­ւա­տա­ցէք, որ­քան բա­ներ ա­ռի­թը ու­նե­ցանք սոր­վե­լու եւ մէջ­տեղ բե­րե­լու։ ­Փորփ­րե­լով ­Պա­տա­նե­նան ­Միւ­թեան սե­նեակ­նե­րը եւ հոն գտնո­ւող թղթածրար­նե­րը՝ գտանք հին նկար­ներ, ձայ­նա­րեզ­ներ, «Ար­ձա­գանգ»՝ ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան թեր­թիկ­ներ, ա­տե­նագ­րու­թիւն­ներ, հին բա­նա­կում­նե­րու դի­մում­նա­գիր­ներ եւ ան­դամ­նե­րու ա­նուն­նե­րով ցան­կեր։
­Սա­կայն, ինչ­պէս որ յա­ջոր­դա­բար պի­տի տես­նէք, ա­ռի­թը ու­նե­ցանք խօ­սե­լու եւ հար­ցազ­րոյց ու­նե­նա­լու քա­նի մը նախ­կին վա­րիչ­նե­րու հետ, ի­մա­նա­լու՝ ինչ­պէս էր ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան կեան­քը եւ ժո­ղով­նե­րը այն ա­տեն­նե­րը, ինչ­պէս կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ ա­ռա­ջին բա­նա­կու­մը, ո­րոնք էին դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը եւ այլ հար­ցեր։
Ը.Վ.Մ.ոյ ան­դամ­նե­րը ներ­կայ ըլ­լա­լով այս հան­դի­պում­նե­րուն հասկ­ցանք, թէ որ­քան բան փո­խո­ւած է, բայց միա­ժա­մա­նակ, շատ սո­վո­րու­թիւն­ներ նոյ­նը մնա­ցած են: Ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը՝ մեր միու­թեան նպա­տա­կը, ո­րը մնա­ցած է կա­յուն եւ ան­փո­փոխ:
Այ­սինքն պատ­րաս­տել՝ հայ­կա­կան մթնո­լոր­տի մէջ, հայ պա­տա­նի­ներ՝ քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին զգայ­նու­թիւն­նե­րով, հայ­րե­նա­սէր եւ հա­յա­պաշտ­պա­նող ե­րի­տա­սարդ­ներ, պա­տաս­խա­նա­տու վար­չու­թեան եւ խում­բի մը ան­դամ­ներ, ստանձ­նե­լով պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ, հասկ­նա­լով պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւնն ու ար­ժէ­քը՝ եւ այս­պէս զար­գաց­նե­լով կար­գա­պա­հու­թիւ­նը։
­Կը փա­փա­քինք պա­տա­նի­նե­րը ու­նե­նալ ի­րենց քննա­դա­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, մշա­կել սե­փա­կան կար­ծիք, հաս­նե­լով ի­րենց եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րուն։ Այս­պի­սով, մեր միու­թիւ­նը կը փոր­ձէ պատ­րաս­տել պա­տա­նի­ներ՝ ո­րոնք հա­ւա­նա­բար պի­տի ըլ­լան մեր շա­րու­նա­կու­թիւ­նը, ինչ­պէս որ յա­ջո­ղու­թեամբ ար­դէն կը կա­տա­րո­ւի վեր­ջին 60 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին։
Եւ ինչ­պէ՞ս կրնանք հա­մա­րել այս 60 տա­րի­նե­րու գոր­ծը յա­ջող:
­Պա­տաս­խա­նը… այ­սօ­րո­ւան մեր ներ­կա­յու­թիւ­նը։
­Բո­լոր ա­նոնք, որ աշ­խա­տած են կա­մա­ւո­րու­թեամբ՝ վստահ եմ, որ կը ճանչ­նան ի­րենց գոր­ծի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ ար­դիւն­քը, տես­նե­լով ի­րենց պա­տա­նի­նե­րը ոչ միայն վա­րիչ ըլ­լալ, բայց ո­րե­ւէ միու­թեան մէջ աշ­խա­տիլ եւ ան­դամ ըլ­լալ։
­Մեր գա­ղու­թէն դուրս, շա­տեր կա­րե­լի դժո­ւա­րու­թեամբ կը հասկ­նան, ին­չու կ­‘ը­նենք այս ա­մէն ին­չը։ Ի՞նչ է պա­տա­նե­կա­նը։ Ին­չո՞ւ ա­մէն ­Շա­բաթ կը մաս­նակ­ցինք ժո­ղով­նե­րուն եւ ին­չո՞ւ ար­ձա­կուր­դի օ­րե­րը կ­‘օգ­տա­գոր­ծենք բա­նա­կու­մի մը հա­մար։
­Բայց ինչ­պէ՞ս բա­ցատ­րել այս բո­լոր յի­շա­տակ­նե­րը եւ զգա­ցում­նե­րը։ Ինչ­պէ՞ս պատ­մել ա­մէն մէկ պա­հը, որ մնա­ցած է ան­մո­ռա­նա­լի մեր մտքին մէջ, այն­պի­սի ձե­ւով, որ մե՛նք ալ փա­փա­քը ու­նինք, որ նո՛յն յի­շա­տակ­նե­րը փոր­ձենք ստեղ­ծել մեր պա­տա­նի­նե­րուն հա­մար։
Երբ ին­ծի կ­‘ուղ­ղեն այս հար­ցում­նե­րը … պա­տաս­խա­նը մէկ է։
Ես ալ կը մաս­նակ­ցէի իբ­րեւ հայ պա­տա­նի այս ժո­ղով­նե­րուն եւ բա­նա­կում­նե­րուն, եւ ա­մէ­նէն հա­ճե­լի եւ ա­ղո­ւոր պա­հե­րը իմ ման­կու­թե­նէն, պա­տա­նե­կա­նի կեան­քի ըն­թաց­քին ու­նե­ցած եմ։ Ու­րէմն, ես ալ իմ կար­գին կ­‘ու­զեմ, որ­քան որ կրնամ, նոյն ձե­ւով շա­րու­նա­կել այս ա­մէն ին­չը, նոյն ժա­մուն հա­ւա­տա­լով միու­թեան նպա­տա­կին։
­Կը վստա­հիմ, որ շա­տե­րուս հա­մար այս պա­տաս­խա­նը նոյնն է։
­Վեր­ջա­նա­լու հա­մար, կ­‘ու­զեմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել բո­լոր նախ­կին վա­րիչ­նե­րուն, ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րուն, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն, Հ.Կ.­Խա­չին, գա­ղու­թին մէջ գոր­ծող միու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րած են, երբ որ պէտք ե­ղած է։
­Բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ա­մէ­նէն պզտիկ մին­չեւ ա­մէ­նէն կա­րե­ւոր գոր­ծե­րը ստանձ­նած են, որ­պէս­զի Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը յա­ջո­ղու­թեամբ կա­տա­րո­ւի եւ այ­սօր հոս գտնո­ւինք։
­Շա­րու­նա­կե­լով՝ շնոր­հա­կա­լու­թիւն կ­‘ու­զեմ յայտ­նել՝
իմ սե­րուն­դի վա­րիչ­նե­րուն, ո­րոնք շա­տեր ա­նոնց­մէ ձեր մի­ջեւ նստած են այ­սօր
վար­չու­թեանս ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնց հետ միա­սին ե­ղած ենք պա­տա­նի­ներ, ­Պա­տա­նե­կա­նի վար­չու­թեան ան­դամ­ներ, ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի վար­չու­թեան ան­դամ­ներ եւ դեռ կը շա­րու­նա­կենք միա­սին գոր­ծակ­ցիլ։
ծնող­նե­րուն, որ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը կը վստա­հին մե­զի։
ձեզ բո­լո­րին, որ մեր հրա­ւէ­րը ըն­դա­ռա­ջե­լով, այ­սօր մեր մօտ կը գտնո­ւիք։

***

­Պա­տա­նի­նե­րու խօս­քը՝ ընկ. Ա­լեքս ­Բար­սե­ղեա­նին կող­մէ

­Սի­րե­լի ներ­կա­ներ, ըն­կեր­ներ եւ ըն­կե­րու­հի­ներ…

­Նախ եւ ա­ռաջ պի­տի ու­զէի ես ալ իմ կար­գին եւ բո­լոր ըկ­ներ­նե­րուս եւ ըն­կե­րու­հի­նե­րուս կող­մէ՝ ձեզ ող­ջու­նել այս շատ իւ­րա­յա­տուկ ե­րե­կո­յին։
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թիւ­նը ոչ միայն ա­ռիթ մը ե­ղած է որ­պէս­զի մեր ըն­կեր­նե­րուն հետ հա­ւա­քո­ւինք մէկ օր եւս, բայց ա­ռի­թը ու­նե­նանք տես­նուե­լու հայ­կա­կան ա­կումբ­նե­րէն ներս, մա­նա­ւանդ մե­զի հա­մար որ հե­ռու կ­՝ապ­րինք կամ հայ­կա­կան միջ­նա­կար­գը ա­ւար­տած ենք։ ­Նաեւ, ա­ռիթ մըն է, որ­պէս­զի հա­յե­րէն խօ­սինք, կար­դանք եւ գրենք, քո­նէ շա­բա­թը մէկ ան­գամ։
­Բայց, ա­սոնց­մէ զատ, ­Պա­տա­նե­կա­նի մի­ջո­ցաւ սոր­ված ենք, թէ որ­քան կա­րե­ւոր է բա­րե­կա­մու­թիւ­նը եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան ո­գին մար­դու մը հա­մար։
­Սոր­ված ենք, ինչ­պէս գոր­ծակ­ցիլ ի­րա­րու հետ, խում­բի ան­դամ ըլ­լալ եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ ու­նե­նալ։ Ար­ժէք­ներ, որ շատ կա­րե­ւոր են եւ մե­զի կը պատ­րաս­տեն ա­պա­գա­յին հա­մար։
­Տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին բա­ցի ժո­ղով­նե­րէն, մի­ջակ եւ մեծ պա­տա­նի­նե­րը ան­համ­բեր կը սպա­սենք ե­ռօ­րեայ ար­շա­ւին։ Ա­մէն տա­րի այդ ժա­մա­նա­կը երբ կը մօ­տե­նայ, ­Յու­նո­ւար ա­մի­սէն մեր վա­րիչ­նե­րուն կը հարց­նենք, թէ ո՛ւր պի­տի ըլ­լայ, որ­պէս­զի պատ­րաս­տո­ւինք։
­Կը հասկ­նաք, որ­քան ա­ղո­ւոր է մե­զի հա­մար մեր ըն­կեր­նե­րուն հետ ե­րեք օր միա­սին գտնո­ւիլ, քա­նի որ ա­զատ կը զգանք, կա­տակ­ներ կ­‘ը­նենք եւ հա­ճե­լի ժա­մա­նակ կ­‘անց­նինք։
­Հար­կաւ, ար­շա­ւի ըն­թաց­քին Workshop-ի կը մասն­կա­ցինք՝ խում­բե­րու կը բաժ­նո­ւինք եւ ա­մէն խումբ վա­րի­չի մը հետ կ­‘աշ­խա­տի նիւ­թի մը շուրջ։ ­Տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը փնտռենք հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցով, մտա­ծում­ներ եւ կար­ծիք­ներ կը փո­խա­նա­կենք մեր մի­ջեւ, եւ վեր­ջա­ւո­րու­թեան ա­մէն խում­բը իր գոր­ծը կը ներ­կա­յաց­նէ։
­Հի­մա… բա­նա­կու­մի հա­մար ինչ պատ­մել ա­ռա­ջի­նը… բո­լոր ա­նոնք որ բա­նա­կու­մի մաս­նակ­ցած են, ա­մէ­նէն ա­ղո­ւոր յի­շա­տակ­նե­րը ու­նին մին­չեւ այ­սօր։ ­Հա­ւա­նա­բար 42 բա­նա­կում­նե­րու ըն­թաց­քին ե­ղած են փո­փո­խու­թիւն­ներ, բայց գի­տեմ, որ զգա­ցում­նե­րը բո­լո­րիս հա­մար նոյն էն։
10 ան­մո­ռա­նա­լի օ­րեր, որ լե­ցո­ւած են խնդա­լով եւ հա­ճոյ­քով մեր ըն­կեր­նե­րուն եւ վա­րիչ­նե­րուն հետ, մար­զան­քով, օ­րա­կար­գե­րով, պա­հա­կու­թիւն­նե­րով, ըն­կե­րա­յին կեան­քով, եր­գե­րով եւ պա­րե­րով։
­Յու­սամ, որ այս շատ կա­րե­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւի տե­ղի ու­նե­նալ յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։
Ինչ­պէս որ ը­սի, այ­սօր շատ յա­տուկ օր մըն է։ ­Բո­լորս միա­սին կը հե­տե­ւինք եւ կը հասկ­նանք Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան պատ­մու­թիւ­նը եւ յա­ռա­ջա­ցու­մը այս 60 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին։ ­Մե­զի հա­մար շատ հե­տաքրք­րա­կան է տես­նել մեր այ­սօ­րո­ւայ վա­րիչ­նե­րուն իբ­րեւ պա­տա­նի, ո­րով­հե­տեւ այս­պի­սով կը գի­տակ­ցինք, որ մեր վա­րիչ­ներն ալ մեր տե­ղը ե­ղած են ան­ցեա­լին։
­Վեր­ջա­նա­լով՝ կ’ու­զեմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել վա­րիչ­նե­րուն, որ մե­զի հա­մար կը ստեղ­ծեն այս ան­մո­ռա­նա­լի յի­շա­տակ­նե­րը եւ զգա­ցում­նե­րը։

ԲԱԺՆԵԼ
Նախորդ յօդուածըՎիճակահանութիւն
Յաջորդ յօդուածըAra Malikian