Հ. Յ. Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութեան 39րդ ամառնային բանակումի հանդիսութիւնը
տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ՝ 31 Օգոստոս 2019ին, երեկոյեան ժամը 6էն ետք, Քալամոսի բանակավայրէն ներս:
Կը հրաւիրուին բոլոր ծնողները եւ փափաքող հայրենակիցները՝ միասին տօնելու համար Պատանեկան Միութեան բանակումը եւ մօտէն ապրելու մեր պատանիներու տասնօրեայ մէկտեղումը հայկական մթնոլորտի մէջ։
Պիտի յաջորդէ խնճոյք-խրախճանք։
Մուտք՝ 10 եւրօ (ճաշ եւ գինի ներառեալ)։
Սեղան ապահովելու համար հեռաձայնել հետեւեալ ընկերներու հեռաձայնի թիւերուն.- Երեկոյեան ժամը 14:00-16:00՝ ընկերուհի Նարօտ Շահինեանին 6978410830 եւ Սեւակ Գազարեանին 6980570555։
Հ.Յ.Դ. ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴ. ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ