Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան 10օ­րեայ բա­նա­կու­մը՝ 17 Օ­գոս­տո­սէն մին­չեւ 27 Օ­գոս­տոս, ­Քա­լա­մո­սի նոր բա­նա­կա­վայ­րին մէջ, ա­ւար­տե­ցաւ Եր­կու­շաբ­թի՝ 27 Օ­գոս­տո­սի ա­ռա­ւօ­տեան, երբ տղաքն ու վա­րիչ­նե­րը հա­ւա­քե­ցին ի­րենց ի­րե­ղէն­նե­րը եւ Ա­թէնք վե­րա­դար­ձան, ի­րենց հետ առ­նե­լով 10օ­րեայ բա­նա­կու­մի ըն­կե­րա­յին կեան­քի յու­շե­րը:
95 պա­տա­նի­ներ մաս­նակ­ցե­ցան միու­թեան 38րդ ­բա­նա­կու­մին, ան­գամ մը եւս հա­մախմ­բո­ւե­լով ի­րա­րու հետ, ի­րենց 14 վա­րիչ­նե­րու ա­չա­լուրջ հսկո­ղու­թեան տակ:
95 պա­տա­նի­նե­րու հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մէջ ընդգր­կո­ւե­ցան Ար­ցա­խէն ժա­մա­նած 23 պա­տա­նի­ներ՝ ի­րենց 2 ու­ղեկ­ցող­նե­րուն հետ, ո­րոնց այս տա­րի ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը հիւ­րըն­կա­լեց ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան բա­նա­կու­մին՝ ստանձ­նե­լով բա­նա­կա­վայ­րին մէջ ա­նոնց կե­ցու­թեան ծախ­սը:
­Բա­նա­կու­մի ա­ռօ­րեան կը սկսէր Ե­ռա­գոյ­նի, Ար­ցա­խի եւ Հ.Յ.Դ.ի դրօ­շակ­նե­րու ա­րա­րո­ղու­թեամբ՝ «­Մեր հայ­րե­նիք», «Մ­շակ ­Բա­նո­ւոր» եւ Ար­ցա­խի քայ­լերգ­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեամբ:
­Յա­ջոր­դա­բար, բա­նա­կու­մի յայ­տա­գի­րը կը շա­րու­նա­կո­ւէր նա­խա­ճա­շով, վրան­նե­րու մաք­րու­թեամբ, մար­զան­քով, յանձ­նա­խումբ­նե­րու աշ­խա­տան­քով, դաս­տիա­րակ­չա­կան յա­տուկ օ­րա­կար­գով ու կ­՚ամ­բող­ջա­նար գի­շե­րո­ւան ըն­կե­րա­յին կեան­քով, զոր կը պատ­րաս­տէին պա­տա­նի­նե­րը, ու­րախ եւ զուար­ճա­նա­լի ժա­մեր ան­ցը­նե­լով:
­Պա­տա­նի­նե­րը կը գոր­ծէին յանձ­նա­խումբ­նե­րու բաժ­նո­ւած: ­Յանձ­նա­խումբ­նե­րը հե­տե­ւեալ­ներն էին.- ­Ձեռ­նար­կի պատ­րաս­տու­թեան, ձե­ռա­յին աշ­խա­տան­քի, ե­լեկտ­րո­նա­յին թեր­թի­կի, «Ա­զատ Օր»ի նիւ­թե­րու պատ­րաս­տու­թեան, ռա­տիո­ժա­մի: Ա­մէն մէկ պա­տա­նի իր նա­խա­սի­րած յանձ­նա­խում­բին մէջ կ­՚աշ­խա­տէր՝ հա­յե­րէն լե­զուն գոր­ծա­ծե­լով ու զար­գաց­նե­լով:
«Ա­զատ Օր»ի նիւ­թե­րու պատ­րաս­տու­թեան յանձ­նա­խում­բը այս տա­րի ա­ռա­ջին ան­գամ կազ­մո­ւե­ցաւ՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով, որ այս տա­սը օ­րե­րու ըն­թաց­քին պա­տա­նի­նե­րը պատ­րաս­տեն նիւ­թեր, ո­րոնք տա­րո­ւան ըն­թաց­քին լոյս պի­տի տես­նեն «Ա­զատ Օր»ի մէջ՝ ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան սիւ­նակ-է­ջով:
10 օ­րե­րու ըն­թաց­քին պա­տա­նի­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան ­Քա­լա­մո­սի ծո­վա­փը այ­ցե­լե­լու եւ ու­րախ ժա­մեր ան­ցը­նե­լու՝ լո­ղա­լով ի­րենց ըն­կեր­նե­րուն հետ:
Ան­շուշտ գի­շե­րո­ւան ժա­մե­րուն պա­տա­նի­նե­րը բա­նա­կա­վայ­րի պա­հա­կու­թեան լուրջ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կը կա­տա­րէին, փոք­րե­րը՝ քիչ մը վա­խով, մե­ծե­րը՝ քիչ մը կա­տա­կով, բայց գի­տակ­ցե­լով այդ պար­տա­կա­նու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան: Ար­դէն ա­հա­զան­գի փոր­ձը, զոր կա­տա­րե­ցին վա­րիչ­նե­րը, ե­կաւ շեշ­տե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ միշտ պատ­րաստ ըլ­լա­լու եւ վա­րիչ­նե­րու ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւե­լու հրդե­հի կամ այլ վտան­գի մը պա­րա­գա­յին:
­Հայ­կա­կան մթնո­լորտ, դաս­տիա­րա­կու­թիւն, հա­յա­խօ­սու­թիւն, հա­յակր­թու­թիւն, զո­ւար­ճու­թիւն, ըն­կե­րա­յին կեանք, բո­լո­րը՝ ազ­դակ­ներ, ո­րոնք ար­ժա­նի ու ար­դիւ­նա­ւէտ ձե­ւով զբա­ղե­ցու­ցին պա­տա­նի­նե­րու 10օ­րեա­կը:
Այս տա­րո­ւան բա­նա­կու­մի կազ­մա­կերպ­ման եւ ի­րա­գործ­ման ամ­բողջ աշ­խա­տան­քը ե­ղաւ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան Ընդ­հա­նուր ­Վա­րիչ ­Մարմ­նոյ կող­մէ, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ա­ջակ­ցու­թեամբ: ­Վա­րիչ ­Մարմ­նոյ 14 ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րը ի­րենց կա­րե­լին կա­տա­րե­ցին, որ­պէս­զի բա­նա­կու­մը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կո­ւի, թէեւ նոր բա­նա­կա­վայ­րը շատ մեծ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ յա­ռա­ջա­ցու­ցած էր եւ ծրագ­րու­մի շատ մեծ աշ­խա­տան­քի կը կա­րօ­տէր: ­Բայց հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով բա­նա­կու­մի անհ­րա­ժեշ­տու­թեան՝ ա­մէն ջանք թա­փե­ցին, որ­պէս­զի բա­նա­կու­մը իր նպա­տա­կին հաս­նի ու պա­տա­նի­նե­րը յա­ջող բա­նա­կու­մի մը յու­շե­րը ի­րենց հետ ու­նե­նան ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, մին­չեւ յա­ջորդ տա­րո­ւան բա­նա­կու­մը, ո­րուն ան­համ­բեր կը սպա­սեն ա­մէն տա­րի:

­Փակ­ման հան­դի­սու­թիւն

­Շա­բաթ՝ 25 Օ­գոս­տո­սին տե­ղի ու­նե­ցաւ բա­նա­կու­մի փակ­ման հրա­պա­րա­կա­յին հան­դի­սու­թիւ­նը, ներ­կա­յու­թեամբ՝ յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի եւ ­Ֆիք­սի ու ­Գո­քի­նիոյ ­Հո­գե­ւոր ­Հայ­րե­րուն, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեա­նի, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րուն, գա­ղու­թի միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ մեծ թի­ւով ծնող­նե­րու, մեծ մայ­րե­րու, մեծ հայ­րե­րու եւ ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան բա­նա­կում­նե­րը քա­ջա­լե­րող հայ­րե­նա­կից­նե­րու:
­Նախ­քան յայ­տագ­րին բա­ցու­մը, ծնող­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան շրջե­լու ըն­դար­ձակ բա­նա­կա­վայ­րէն ներս՝ ծա­նօ­թա­նա­լով դաշ­տե­րուն, վրան-տա­ղա­ւար­նե­րուն, ճա­շա­րա­նի վայ­րին եւ բա­նա­կա­վայ­րի ա­մէն տե­սա­կի յար­մա­րու­թիւն­նե­րուն:
Ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8ին բո­լո­րը դաշտ ուղ­ղո­ւե­ցան դրօ­շա­կի ա­րա­րո­ղու­թեան հա­մար: ­Պա­տա­նի­նե­րը կա­նո­նա­ւո­րա­պէս շա­րո­ւե­լէ ետք, «­Մեր հայ­րե­նիք», «Մ­շակ ­Բա­նո­ւոր» եւ Ար­ցա­խի քայ­լերգ­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեամբ կա­տա­րե­ցին դրօ­շակ­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը:
Ա­պա՝ բո­լոր ներ­կա­նե­րը ուղ­ղո­ւե­ցան բա­նա­կա­վայ­րի ամ­փի­թատ­րո­նը, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սու­թիւ­նը:
­Ձեռ­նար­կին բա­ցու­մը կա­տա­րեց ­Վա­րիչ ­Մարմ­նոյ ան­դամ ընկ. ­Նա­րօտ ­Շա­հի­նեան, որ ներ­կա­նե­րուն ուղ­ղեց Հ.Յ.Դ. Ընդ­հա­նուր ­Վա­րիչ ­Մարմ­նոյ խօս­քը (կը հրա­տա­րա­կենք ա­ռան­ձին սիւ­նա­կով):
Այ­նու­հե­տեւ՝ խօսք ա­ռաւ պա­տա­նի­նե­րուն կող­մէ ընկ. ­Յո­վիկ ­Թի­թո­յեան, ո­րուն խօս­քը կը հրա­տա­րա­կենք զատ սիւ­նա­կով:
Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի կող­մէ ընկ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեան իր խօս­քին մէջ գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց բա­նա­կու­մի յա­ջող կազ­մա­կեր­պան եւ, ի մի­ջի այ­լոց, յոր­դո­րեց ծնող­նե­րը ի­րենց զա­ւակ­նե­րը ան­դա­մագ­րե­լու ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան ու յա­ջոր­դա­բար Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան՝ նկա­տի առ­նե­լով, որ ա­նոնք պի­տի ըլ­լան յա­ջորդ­նե­րը:
Ա­պա՝ իր խօս­քը ուղ­ղե­լու հա­մար հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խի պա­տա­նի­նե­րուն ու­ղեկ­ցող եւ պա­տաս­խա­նա­տու տի­կին ­Ժան­նա Այ­վա­զեան՝ Ար­ցա­խի կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ: Ան իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը եւ ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նե­լէ ետք զի­րենք հիւ­րըն­կա­լե­լու ա­ռի­թով՝ ի մի­ջի այ­լոց յայտ­նեց, թէ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը Ար­ցա­խը կը պահ­պա­նէ, իսկ սփիւռ­քի ժո­ղո­վուր­դը՝ հա­յոց լե­զուն:
­Հայ­կա­կան զու­գերգ­նե­րէ, պա­րե­րէ եւ խմբա­յին եր­գե­րէ ետք, բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան՝ իր հայ­րա­կան խօս­քը ուղ­ղե­լու ներ­կա­նե­րուն եւ պա­տա­նի­նե­րուն: Ան ը­սաւ, որ այս տա­րի բախ­տա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցանք Ար­ցա­խէն պա­տա­նի­ներ ըն­դու­նե­լու, ո­րոնք Ար­ցա­խի հե­րոս­նե­րու զա­ւակ­ներ են եւ Ար­ցա­խը կը պաշտ­պա­նեն: ­Հոս հա­մախմ­բո­ւած է ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը՝ ­Յու­նաս­տա­նէն, Ար­ցա­խէն եւ ­Հա­յաս­տա­նէն: ­Մաս­նակ­ցե­լով Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան բա­նա­կու­մին, կը պատ­րաս­տո­ւին հայ­կա­կան նկա­րագ­րով, հայ­կա­կան ո­գիով պա­տա­նի­ներ, ո­րոնք պի­տի ըլ­լան յա­ջորդ տա­րի­նե­րու վա­րիչ­ներ եւ պի­տի շա­րու­նա­կեն սկսած այս հա­յա­պահ­պան­ման եւ հա­յակր­թու­թեան գոր­ծը: Սրբա­զան հայ­րը ամ­բող­ջա­ցուց իր խօս­քը՝ պա­տա­նի­նե­րուն ը­սե­լով, որ «դուք մեր յոյսն էք վա­ղո­ւան հայ­կա­կան կեան­քին»:
­Բո­լոր խօսք առ­նող­նե­րը շեշ­տե­ցին բա­նա­կու­մի կազ­մա­կերպ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, որ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րու գա­գաթ­նա­կէ­տը կը կազ­մէ: ­Նաեւ՝ անդ­րա­դար­ձան պատ­րաս­տա­կամ կե­ցո­ւած­քին ե­րի­տա­սարդ վա­րիչ­նե­րուն, ո­րոնք ստանձ­նե­ցին բա­նա­կու­մի լրիւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը եւ լա­ւա­գոյն ձե­ւով յա­ջող­ցու­ցին կա­րե­ւոր այս ձեռ­նար­կը, նոյ­նիսկ յաղ­թա­հա­րե­լով ան­կան­խա­տե­սե­լի դժո­ւա­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք ստեղ­ծո­ւե­ցան այս 10 օ­րե­րու ըն­թաց­քին:
­Հան­դէ­սի ա­ւար­տէն ետք ե­րե­կոն շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ճաշ­կե­րոյ­թով՝ հա­յա­շունչ մթնո­լոր­տի մէջ, ո­րու ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու կա­տա­րած նո­ւէր­նե­րով:

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան Ընդ­հա­նուր ­Վա­րիչ ­Մարմ­նոյ խօս­քը՝ ար­տա­սա­նո­ւած ընկ. ­Նա­րօտ ­Շա­հի­նեա­նի կող­մէ

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը բարի գալուստ կը մաղթէ ձեզի՝ Միութեանս 38րդ բանակումի հանդիսութեան:
Մեծ ուրախութեամբ տարի մը եւս համախմբուեցանք 72 պատանիներու հետ, տասը օր միասնաբար անցնելու համար: Մեծ ուրախութեամբ եւ յուզումով դիմաւորեցինք նաեւ Արցախէն եկած 23 պատանիները: Թէեւ իրականութիւն է, որ մեր լեզուի բարբառներու զանազանութիւն մը կայ մեր միջեւ, սակայն հոգեկան մօտիկութիւնը մեզ կը միացնէ Արցախի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ՝ մշակոյթի ճամբուն վրայ պարով, երգով ու թատրոնով: Միասին ապրելով մեր առօրեան շաղուեցանք իրարու հետ, բաժնեցինք մեր ապրումներն ու մեր զգացումները եւ սերտացուցինք մեր կապերը:
Նախորդող ամիսները դժուար եղան մեզի համար, ամէն տեսակէտով, քանի որ մենք մեզ գտանք յանկարծ նոր կացութեան մը առջեւ, որովհետեւ սկիզբը նոյնիսկ բանակավայր չունէինք, իսկ երբ անիկա գտնուեցաւ, պէտք էինք ամէն բան զէրոյէն կազմակերպել եւ պատրաստել:
Մեծ ուրախութիւն է մեզի համար, որ կարողացանք լուծել բոլոր ծագած հարցերը, մէկ, առ մէկ, գործակցաբար, երկար բայց արդիւնաբեր խորհրդակցութիւններով, տեղւոյն վրայ այցելելով, որոնցմէ ետք կարելի եղաւ հասնիլ այս բանակումին եւ այս օրուան:
Բանակումի սկզբունքները եւ բանակավայրէն դուրս կամ ներս, վարիչներուս պարտականութիւնները բազմակողմանի են, ինչպէս վստահ եմ ձեզմէ շատեր կրնան հաստատել.
Պատանիներուն ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան անվտանգութիւնը ապահովել
-Դաստիարակել,
-Ներշնչել,
-Լաւ ժամանց ապահովել։
Սակայն քանի տարիները կ’անցնին, կ’անդրադառնանք, թէ այս բոլորը փոխադարձ ազդեցութեան արդիւնք են քանի որ, նաեւ մենք, վարիչներս, կը դաստիարակուինք, կը զուարճանանք, կը ներշնչուինք պատանիներէն: Ամէն անգամ զարմանքով եւ համեստութեամբ կ’անդրադառնանք, թէ որքան սորվելիք ունինք մեծերս՝ փոքրիկներէն:
Շատ սիրելի պատանիներ՝
Եթէ երկու խօսք կարենային ըսել ձեզի, պիտի ըլլային հետեւալները՝
Սիրեցէ՛ք մէկը միւսին, այս ձեր կապը անկարելի է բացատրել երրորդներու, ոչ ալ կը փոխարինուի ուրիշ որեւէ բանով,
Ծնողներուն՝
Շարունակեցէ՛ք ձեր զաւակները դաստիարակել հայկական ոգիով, այս ինքնութեան առաւելութիւններով, շեշտեցէ՛ք մեր լեզուի կարեւորութինը ձեր օրինակով:
Անցեալի մեր վարիչներուն, որոնք մեզի պատրաստեցին՝
Շնորհակալ ենք, որ մեզ ներշնչեցիք, որպէսզի ձեր գործունէութիւնը շարունակենք: Կը յուսանք, որ մենք ալ մեր կարգին կարողանանք փոխանցել մեր գործը նոր սերունդին:
Նախքան փակելս՝ պարտք կը զգամ շնորհակալութիւն յայտնելու Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան իր նիւթական օժանդակութեան համար այս տարի եւս՝ ինչպէս ամէն տարի, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէիին եւ մանաւանդ Վարիչ Մարմնոյ մօտ պատասխանատու ներկայացուցիչին՝ ընկեր Յարութ Սերոբեանին, իրենց հետեւողական, բարոյական եւ գործնական աջակցութեան համար, առանց որոնց անկարելի պիտի ըլլար իրականացնել այս տարուան բանակումը: Բոլոր վարիչներուն եւ օգնական վարիչներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անհատներուն, որոնք օգնեցին այս բանակումի իրականացումին համար՝ ջերմ շնորհակալութիւններ:

­Պա­տա­նի­նե­րու խօս­քը՝ ար­տա­սա­նո­ւած ­Յո­վիկ ­Թի­թո­յեա­նի կող­մէ

­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան 38րդ ­բա­նա­կու­մին ա­ւար­տին կը հաս­նինք: ­Մեզ­մէ մի քա­նի­նե­րուն հա­մար վեր­ջին բա­նա­կումն է: ­Կը յի­շենք ան­ցեալ բա­նա­կում­նե­րէ տար­բեր բա­ներ եւ կը խնդանք: ­Կան յի­շա­տակ­ներ, ո­րոնք ան­մո­ռա­նա­լի են: ­Կը յի­շենք այդ պա­տիժ­նե­րը մեր սի­րե­լի վա­րիչ­նե­րէն. պա­տիժ­նե­րը որ­քա՛ն ալ յոգ­նե­ցու­ցիչ ըլ­լա­յին, մենք շատ ու­րախ կ­՚ըլ­լա­յինք, ո­րով­հե­տեւ մեր ըն­կեր­նե­րուն հետ էինք: ­Նաեւ կը յի­շենք այն ըն­կե­րա­յին կեան­քե­րը, ո­րոնց ըն­թաց­քին բո­լորս կը նստէինք իբ­րեւ խումբ եւ կը խա­ղա­յինք եւ ու­րախ ժա­մեր կ­՚ան­ցը­նէինք: Ի՜նչ ա­ղո­ւոր օ­րեր էին ա­նոնք:
Այս տա­րո­ւան բա­նա­կու­մէն ա­մե­նա­լաւ յի­շա­տա­կը, որ պի­տի պա­հենք մեր սրտին մէջ, այ­ցե­լու­թիւնն է մեր սի­րե­լի Ար­ցա­խի պա­տա­նի­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենք ալ միա­ցան մե­զի ու շատ զո­ւար­ճա­նա­լի ժա­մեր ան­ցու­ցինք:
­Բա­նա­կում­նե­րէն շատ բա­ներ սոր­վե­ցանք. նոր ան­ձե­րու ծա­նօ­թա­ցանք, ո­րոնք դար­ձան կեան­քի ըն­կեր­ներ: Այս ան­ձե­րը մեր մօտ պի­տի ըլ­լան ա­մէն ան­գամ, որ ի­րենց պէտք պի­տի ու­նե­նանք: Ո՛չ միայն ըն­կեր­ներ, այ­լեւ՝ եղ­բայր­ներ ու քոյ­րեր: ­Քա­նի որ ա­նոնք բո­լոր ու­րա­խու­թեան ու դժո­ւա­րու­թեան պա­հե­րուն հետդ պի­տի ըլ­լան:
Շ­նոր­հա­կալ ենք վա­րիչ­նե­րուն, ո­րոնք մե­զի կեան­քի դա­սեր տո­ւին եւ մեզ դաս­տիա­րա­կե­ցին: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք վա­րիչ­նե­րուն նաեւ ա­նոր հա­մար, որ կրցան մե­զի ա­ւե­լի մօտ բե­րել մեր հայ­րե­նի­քին՝ եր­գե­րով, խա­ղե­րով եւ օ­րա­կարգ­նե­րով: ­Մեր ճամ­բոր­դու­թիւ­նը հոս վերջ կը գտնէ ­Պա­տա­նե­կա­նի 38րդ ­բա­նա­կու­մին՝ 2012էն մին­չեւ 2018: 7 տա­րի ա­մէ­նօ­րեայ ժա­մեր ան­ցու­ցինք, բայց հի­մա նոր դուռ­ներ կը բա­ցո­ւին մե­զի հա­մար, դէ­պի նոր, տար­բեր կեանք, դէ­պի Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­տա­կան ­Միու­թեան շար­քե­րը:
Ե­րա­նի նո­րէն կա­րե­նանք ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան միա­նալ՝ բայց այս ան­գամ իբ­րեւ վա­րիչ­ներ:

­Բա­նա­կու­մի վա­րիչ­ներ

­Վարձ­քը կա­տար բո­լոր ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րուն, ո­րոնց հա­ւա­տա­րիմ, պար­տա­ճա­նաչ, սի­րա­յօ­ժար եւ աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեամբ կա­րե­լի ե­ղաւ ի­րար­գոր­ծել այս տա­րո­ւան բա­նա­կու­մը.-
­Սա­րին Ա­ւե­տի­սեան, Ա­նի ­Գո­ճա­շեան, ­Կա­րին ­Ղե­ւոն­դեան, ­Նա­րօտ ­Շա­հի­նեան, Ար­փի­նէ ­Կի­րա­կո­սեան, Ա­րա ­Ճա­նի­կեան, ­Ռազ­միկ Էր­ջէ­նեան, ­Սե­ւակ ­Գա­զա­րեան, ­Սեր­գօ ­Տէօք­մէ­ճեան, Ք­րիս­տին Ա­դա­մեան, ­Ժագ­լին Ա­ճէ­մօղ­լու, ­Վազ­գէն ­Սա­վու­լեան, ­Լո­ռի ­Գու­յում­ճեան, Ար­մէն Ա­ճէ­մեան:

­Նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ

­Խան­դա­վա­ռո­ւած եւ հա­ւա­տա­րիմ բա­նա­կու­մի անհ­րա­ժեշ­տու­թեան՝ ի­րենց նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­ցին հե­տե­ւել միու­թիւն­նե­րը եւ ազ­գա­յին­նե­րը.-
— ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն՝ 2000 եւ­րօ (Ար­ցա­խի պա­տա­նի­նե­րու հիւ­րըն­կա­լու­թեան ա­ռի­թով բա­նա­կու­մի ըն­թաց­քին):
— Հ.Յ.Դ. ­Ֆիք­սի «Դ­րօ» խումբ՝ 50 եւ­րօ:
— ­Սե­րո­բեան-Սլտ­րեան ըն­տա­նիք՝ 100 եւ­րօ:
— Ե­ղիս ­Զա­ռա­ցեան՝ 50 եւ­րօ:
— Ոմն՝ 100 եւ­րօ: