Այս տարի եւս, Շաբաթ, 26 Օգոստոս 2023-ին, մեկնարկեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան միութեան տարեկան բանակումը։ Ասթրոս Քինուրիաս ծովեզերեայ քաղաքապետական բանակավայրը այս անգամ եւս դարձած է հաւաքավայրը պատանեկան սերունդի մեր հայորդիներուն, որոնք անմոռանալի 10 օրեր պիտի վայելեն հայաբոյր մթնոլորտի մէջ։
83 պատանիներ եւ 10 վարիչներ իրենց 10-օրեայ կեցութեան ընթացքին պիտի զբաղին ճոխ յայտագիրով մը, որ կը պարունակէ մարզական զբաղումներ, դաստիարակչական ծրագիրներ տարիքային խմբաւորումներու համաձայն, աշխատանոցներ, ռատիոժամի յայտագիր, բանակումի թերթիկը, ինչպէս նաեւ ծովու լոգանք եւ ընկերային կեանք՝ ուր հայ երգն ու պարը իրենց տիրական ներկայութիւնը ունին։ Ինչպէս միշտ, Պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինի պատասխանատու վարիչները ճիգ չեն խնայեր, որպէսզի տարուան ընթացքին մշակեն եւ ապա կեանքի կոչեն հետաքրքրական ծրագիրներ, դասախօսական շարքեր, հայկական գիտելիքներու յայտագրեր, որոնք տասը օրերու վրայ երկարող ժամանակաշրջանին, պատանիներուն մօտ կը ստեղծեն խանդավառութիւն եւ հետաքրքրութիւն՝ որպէս շարունակութիւն իրենց տարեկան ժողովական կեանքին։ Արցախն ու Հայաստանը իրենց դաստիարակչական ծրագիրներու կարեւոր մէկ մասը կը հանդիսանան, իսկ պատանիները եւս առիթը կ՚ունենան աւելի իրազեկ դառնալու մեր արծուաբոյնի գոյութենական պայքարին, հերոսական սխրագործութիւններուն, պաշարման հետեւանքներուն, եւ այս բոլորին մէջէն կը գիտակցին հայու հերոսական կամքին ու ապրելու վճռակամութեան։
Բանակավայրը իր դռները պիտի բանայ ծնողներուն եւ փափաքողներուն առջեւ՝ Շաբաթ, 2 Սեպտեմբերի երեկոյեան, ուր տեղի պիտի ունենայ խրախճանք եւ պիտի գործադրուի յատուկ գեղարուեստական յայտագիր պատանիներուն կողմէ։
Բանակումը պիտի տեւէ մինչեւ Երեքշաբթի, 5 Սեպտեմբեր, իսկ ամսուան մէջ պիտի վերսկսի Պատանեկան միութեան ժողովական եւ դաստիարակչական կեանքը ակումբներէն ներս, բանակումէն ետք ստեղծուած խանդավառ տրամադրութեամբ ու առաւել պատրաստութեամբ։
Ամէնօրեայ յաճախականութեամբ կարելի է դիտել Դիմատետրի (facebook) «Panagoum Blog – e-tertig» էջը, որուն մէջ կը ներկայացուին նկարներ ու դրուագներ պատանիներու առօրեայ կեանքէն եւ զբաղումներէն։