Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինը որոշ հերթականութեամբ պիտի հրատարակէ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան էջը: Պատանիները, գրութիւններու ընդմէջէն, պիտի ներկայացնեն
իրենց մտածումներն ու հետաքրքրութիւնները, ինչպէս նաեւ միտքի խաղեր:
***
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի
Պատանեկան միութեան տարեշրջանը
Այս առիթը ունենալով, «Զարթօնք» խումբը որոշեց պատրաստել փոքր ներկայացում մը Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան միութեան վերաբերեալ, քանի որ հաւանաբար քանի մը հոգի ծանօթ չեն, թէ ինչպէս մեր միութիւնը կ’աշխատի տարեշրջանի մը ընթացքին։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան միութիւնը կը բաղկանայ երեք խումբերէ` «Լեւոն Շանթ» խումբը Թեսաղոնիկէի մէջ, «Զարթօնք» եւ «Քրիստափոր Միքայէլեան» խումբերը Աթէնքի մէջ:
Մեր տարեշրջանը կը սկսի Սեպտեմբեր ամսուն «After Panagoum Party»-ով, ուր բոլոր պատանիները կը հաւաքուինք՝ որպէսզի վերյիշենք ամառուայ բանակումի պահերը, դիտելով պատկերներ։ Առաջին ժողովին ընթացքին ամէն խումբ կը գնահատէ անցեալ տարեշրջանը եւ նոր վարչութիւններ կ’ընտրուին։
Աթէնքին մէջ՝ ժողովները տեղի կ’ունենան ամէն Շաբաթ օր, իսկ Թեսաղոնիկէի մէջ՝ ամէն Կիրակի։ Այս ժողովներու ընթացքին կը հետեւինք օրակարգերու, ներկայացուած վարիչներուն, վարչութեան անդամներուն կամ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան անդամներուն կողմէ։ Օրակարգերը միշտ շատ հետաքրքրական, թուային ու միջգործօն ձեւով կը կատարուին։ Այս տարի եօթանդամ վարչութիւնս օրակարգ պատրաստեց բնական աղէտներու մասին՝ շեշտելով, թէ ինչպէս պէտք է պաշպանուիլ ամէն պարագայի։
Նաեւ, Սուրբ Ծննունդի առիթով, Յունուար 5-ին մենք՝ պատանիները, Աւետիսի շրջագայութեան կ’ելլենք, այցելելով մեր շրջանի հայկական տուները: Միջակ եւ մեծ պատանիներու համար, «Workshop» կը կազմակերպուի եռօրեայ արշաւի ընթացքին։ Հոն խումբերու կը բաժնուինք եւ «projects» կը պատրաստենք հայկական նիւթերու շուրջ, որոնք ապա կը ցուցադրենք:
Եռօրեայ արշաւէն զատ, կը կազմակերպուին խնճոյքներ, միօրեայ արշաւներ եւ դաստիարակչական այցելութիւններ: Ապրիլ 24-ին, կը մասնակցինք Հայոց ցեղասպանութեան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն եւ ցոյցերուն: Հայ Կապոյտ խաչի պազարին կը մասնակցինք, պատրաստելով ու ապա ծախելով ձեռային աշխատանքներ: Մեր տարեշրջանը կ’աւարտի մեր ամէնասիրած՝ Բանակումով, որու տաս օրերուն ընթացքին կը ստեղծենք անմոռանալի յիշատակներ։
«Զարթօնք» խումբի վարչութիւն
Հայ պատանիի տիպարը
Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ ապրող հայ պատանիի մը ճիշդ տիպարը զանազան կէտերէ կը բաղկանայ։
Նախ եւ առաջ պատանին պէտք է գիտնայ լաւ օգտագործել հայոց լեզուն՝ գրել, կարդալ, եւ լաւ արտայայտուիլ հայերէնով։ Շատ կարեւոր է ան ունենայ գիտելիքներ մեր ազգին անցեալի մասին եւ հպարտանայ մեր հարուստ պատմութիւնով, մշակոյթով, թագաւորութիւններով, յաղթանակներով, յեղափոխական գործունէութիւններով։ Բայց նաեւ իմանայ եւ երբեք չմոռնայ հայ ազգի տառապանքը, կորուստները եւ ցաւը։
Պարտաւոր է գիտնայ եւ յիշէ հայ ժողովուրդի տառապանքը, կորուստները եւ ցաւը ՝ Ցեղասպանութիւնը, Արցախի հարցը, քանի որ այս դէպքերը դեռ կը շարունակուին այս օրերուս, իսկ յանցաւորը նոյնը կը մնայ։ Պատանին անհրաժեշտ է տարածէ այս տեղեկութիւնները, տեղեակ պահէ հայկական հարցերով իր շրջապատը, համացանցի միջոցաւ, մասնակցի բողոքի ցոյցերուն եւ երեւցնէ իր ազգի ներկայութիւնը։ Հակառակորդը պէտք է իմանայ, որ մենք կանք, կը պայքարինք միասնաբար եւ չենք նահանջեր։
Շարունակելով՝ պատանիէ մը կը պահանջուի ներկայ ըլլալ ժողովներուն, ձեռնարկներուն, հայ գաղութի հաւաքոյթներուն։ Յաւելեալ՝ պահպանէ հայկական աւանդոյթները, ունենայ հայկական ոգի, գիտնայ յեղափոխական երգերն ու քայլերգը եւ ըլլայ ընդհանուրին մէջ ազնիւ եւ կարգապահ։
Հայոց ազգի ապագան երիտասարդութեան ձեռքն է։ Մենք՝ պատանիներս, ուրեմն, պարտաւոր ենք պահպանել մեր ժառանգութիւնը եւ արժանի սերունդները ըլլալ մեր նախահայրերուն՝ պայքարելով դէպի արդարութիւն։
Ռոզինա Տամատեան