Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան 39րդ ­բա­նա­կու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ 23 Օ­գոս­տո­սէն մին­չեւ 2 ­Սեպ­տեմ­բեր, ­Քա­լա­մո­սի յու­նա­կան ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ բա­նա­կա­վայ­րին մէջ։ ­Բա­նա­կու­մի տաս­նօ­րեայ տե­ւո­ղու­թեան, ա­ւե­լի քան 60 պա­տա­նի­ներ Ա­թէն­քէն եւ հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նէն, Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ­Վա­րիչ մարմ­նոյ եւ Ե­րիտ. միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան 15 պա­տաս­խա­նա­տու վա­րիչ­նե­րու հսկո­ղու­թեան տակ, ապ­րե­ցան հայ­կա­կան մթնո­լորտ մը, նա­խա­պէս պատ­րաս­տո­ւած ա­ռօ­րեայ հա­րուստ յայ­տագ­րով, որ կը պա­րու­նա­կէր դա­սա­խօ­սա­կան եւ զրու­ցա­յին բա­ժին­ներ, աշ­խա­տա­նոց­ներ, ռա­տիօ­ժա­մի պատ­րաս­տու­թիւն, պար­բե­րա­թեր­թի եւ յօ­դո­ւած­նե­րու պատ­րաս­տու­թիւն, ծո­վու լո­գանք, ըն­կե­րա­յին կեան­քեր եւ մշա­կու­թա­յին, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ու մար­զա­կան զբա­ղում­ներ։ ­Մեր մայ­րե­նի լե­զուն տե­ւա­բար խօ­սե­լու, հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րը ապ­րե­լու եւ ի­րար հետ սերտ ըն­կե­րա­յին ու բա­րե­կա­մա­կան ա­մուր կա­պեր ստեղ­ծե­լու ա­ռիթ­նե­րու կող­քին, պա­տա­նի­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան յա­տուկ դա­սա­խօ­սա­կան բա­ժին­նե­րու՝ ­Հա­յաս­տանը եւ հա­յու­թիւ­նը յու­զող հար­ցե­րու մա­սին։ ­Բո­լոր պա­տա­նի­նե­րը մեծ հե­տաքր­քու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան նիւ­թե­րուն եւ ա­նոնք ցոյց տո­ւին զրոյ­ցի եւ տե­սա­կէտ­նե­րու փո­խա­նակ­ման լայն կա­րո­ղու­թիւն­ներ։ ­Հար­ցում­նե­րով եւ կար­ծիք­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թեամբ, պա­տա­նի­նե­րուն մօտ ստեղ­ծո­ւե­ցան հե­տաքրք­րու­թեան բնա­գա­ւառ­ներ՝ հա­յոց պատ­մու­թեան, հայ լե­զո­ւի կա­րե­ւո­րու­թեան, ­Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման ու­ղի­նե­րու, Ար­ցա­խի գո­յա­պայ­քա­րին, յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մու­թեան եւ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ։ ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան 39րդ ­բա­նա­կու­մի հան­դի­սու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Շա­բաթ՝ 31 Օ­գոս­տոս 2019ի ե­րե­կո­յեան՝ բա­նա­կա­վայ­րէն ներս։ հան­դի­սու­թեան ներ­կայ ե­ղան ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Նէոս ­Գոսզ­մո­սի հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ­ներ, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ան­դամ­ներ, Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ան­դամ­ներ, ­Կո­մի­տէ­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, մեծ թի­ւով ծնող­ներ եւ ազ­գա­յին­ներ, ինչ­պէս նաեւ նկա­տա­րե­լի թի­ւով Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. ­Միու­թեան ան­դամ­ներ։ Դ­րօ­շա­կի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, ներ­կա­նե­րը ուղ­ղո­ւե­ցան բա­նա­կա­վայ­րի բա­ցօ­թեայ թատ­րո­նը, ուր ­Վա­րիչ մարմ­նոյ ա­նու­նով բա­րի գալս­տեան խօսք ուղ­ղեց ընկ. ­Նա­նօր Էր­ջէ­նեան, ո­րուն խօս­քը կու տանք ա­ռան­ձին։
Ա­պա, գոր­ծադ­րու­թեան դրո­ւե­ցաւ օ­րո­ւայ յայ­տա­գի­րը, ո­րուն մէ­ջէն պա­տա­նի­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին հայ­կա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ, եր­գեր, թա­տե­րա­խառն խօս­քեր ինչ­պէս նաեւ՝ հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան պա­րեր։ Ի­րենց բո­լոր ներ­կա­յա­ցում­նե­րով եւ խան­դա­վառ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով, մա­նա­ւանդ հա­յե­րէն լե­զո­ւի մա­քուր ա­ռո­քա­նու­թեամբ, մեր պա­տա­նի­նե­րը գրա­ւե­ցին ներ­կա­նե­րուն սիր­տե­րը եւ խլե­ցին ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­ներ։
­Հան­դի­սու­թեան յա­ջոր­դեց խրախ­ճանք, ուր դար­ձեալ պա­տա­նի­նե­րը եր­գե­րով եւ պա­րե­րով խան­դա­վա­ռե­ցին ներ­կայ բազ­մու­թիւ­նը։ ­Տե­ղի ու­նե­ցաւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն զա­նա­զան ար­ժէ­քա­ւոր նո­ւէր­նե­րով։ ­Նաեւ, ե­ղան սրտա­բուխ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ։
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան բա­նա­կու­մը իր ա­ւար­տին հա­սած ըլ­լա­լով, լիո­վին ար­դա­րա­ցուց ­Միու­թեան ծրա­գիր­նե­րը եւ լա­ւա­գոյն ա­ռի­թը տո­ւաւ մեր պա­տա­նի հա­յոր­դի­նե­րուն վա­յե­լե­լու հայ­կա­կան ազ­գա­յին եւ ըն­կե­րա­յին ջերմ մթնո­լորտ մը, որ վստա­հա­բար՝ ի­րենց նե­րաշ­խար­հին մէջ դրոշ­մո­ւած պի­տի մնայ։

 

Ընկ. ­Նա­նօր Էր­ջէ­նեա­նի ար­տա­սա­նած խօս­քը

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան ­Վա­րիչ մար­մի­նը եւ օգ­նա­կան վա­րիչ­նե­րու կազ­մը ու­րա­խու­թեամբ կը հիւ­րըն­կա­լէ ձեզ, ­Քա­լա­մո­սի այս բա­նա­կա­վայ­րէն ներս, ուր տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ ­Միու­թեան 39րդ ­բա­նա­կու­մը։
­Մեր բա­նա­կու­մի տե­ւո­ղու­թիւնն է 10 օր. այ­սօր ար­դէն 8րդ­ օրն է։ ­Մեր 60 պա­տա­նի­նե­րուն հետ միա­սին աշ­խա­տե­ցանք յանձ­նա­խում­բե­րու դրու­թեամբ, հե­տե­ւե­ցանք դաս­տիա­րակ­չա­կան դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու, այն­տեղ սոր­վե­ցանք թեր ու դէմ կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կել եւ զրոյ­ցի ճամ­բով՝ եզ­րա­կաց­նել։
­Հե­տե­ւե­լով ա­ռողջ միտք եւ ա­ռողջ մար­մին կար­գա­խօ­սին, ա­մէն օր կար­գա­պահ կեր­պով մար­զո­ւե­ցանք եւ վեր­ջա­պէս՝ ե­րե­կո­յեան ըն­կե­րա­յին կեան­քի ժա­մա­նակ, բո­լորս միա­սին զո­ւար­ճա­ցանք։
­Մեր բա­նա­կու­մի խորհր­դա­ւոր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը պա­հա­կու­թեան պահն է, գի­շե­րը՝ երբ մա­նա­ւանդ բա­նա­կող ըն­կեր­նե­րը կը քնա­նան, հեր­թա­փո­խու­թեամբ բո­լոր պա­տա­նի­նե­րը կը հսկեն բա­նա­կա­վայ­րի ա­պա­հո­վու­թեան եւ կը պա­հեն մեր դրօ­շակ­նե­րը։ ­Կա­րե­ւոր պար­տա­կա­նու­թիւն է։
Կր­նանք ը­սել, թէ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ­Վա­րիչ մարմ­նոյ կազ­մա­կեր­պած այս բա­նա­կու­մը մեր միու­թեան տո­ւեալ տա­րեշր­ջա­նի մը աշ­խա­տանք­նե­րուն եզ­րա­փա­կիչ փուլն է։ ­Բա­նա­կու­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն ըն­թաց­քին, կա­րե­լիու­թիւ­նը կ­՚ու­նե­նանք ար­ժե­ւո­րե­լու մեր տա­րած գոր­ծը, այ­սինքն ­Վա­րիչ մարմ­նոյ հա­մար յստակ կը դառ­նայ, թէ որ­քա­նով տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բին մեր նշա­նա­կած թի­րախ­նե­րը ի­րա­կա­նա­նա­լու ըն­թաց­քի մէջ են։ Անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին, յա­ջորդ տա­րեշր­ջա­նին, նոյն թի­րախ­նե­րուն ի­րա­գործ­ման հա­մար կը փոր­ձենք որ­դեգ­րել տար­բեր ոճ։
Ո­րո՞նք են մեր թի­րախ­նե­րը։
Ա­ռա­ջին՝ խօ­սիլ մեր գե­ղե­ցիկ մայ­րե­նին, առ­նո­ւազն ­Պա­տա­նե­կա­նի շա­բա­թօ­րեայ ժո­ղով­նե­րուն եւ բա­նա­կու­մի ըն­թաց­քին։ ­Կը հա­ւա­տանք, որ ազ­գի մը մայ­րե­նին ա­նոր մշա­կոյ­թի կա­րե­ւոր մաս­նիկն է։
Երկ­րորդ՝ սոր­վիլ մեր ան­ցեա­լի յե­ղա­փո­խա­կան պատ­մու­թիւ­նը իր հե­րոս ֆե­տա­յի­նե­րու ճամ­բով, ա­նոնց մա­սին գրո­ւած եր­գե­րը, ո­րոնք պատ­մա­կան դրո­ւագ մը կը ներ­կա­յաց­նեն։
Եր­րորդ՝ ճանչ­նալ մեր հայ­րե­նի­քը՝ ­Հա­յաս­տա­նը, մեր ա­զա­տագ­րո­ւած Ար­ցա­խը եւ մեր նո­րա­գոյն պատ­մու­թիւ­նը իր հե­րոս­նե­րով։
­Չոր­րորդ՝ սոր­վիլ մեր գա­ղու­թի կա­ռոյ­ցը ու ա­նոր պատ­մու­թիւ­նը։
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան միու­թիւ­նը մեր գա­ղու­թին մէջ ներ­կայ է ան­ցեալ դա­րու 40ա­կան թո­ւա­կան­նե­րէն։
Այս միու­թեան ան­դա­մակ­ցած են մեզ­մէ շա­տե­րուն ծնող­նե­րը որ­պէս պա­տա­նի եւ ա­պա­գա­յին՝ վա­րիչ։ ­Ներ­կայ ­Վա­րիչ մար­մի­նի կազմն ալ ա­տե­նին ե­ղած է ­Պա­տա­նե­կա­նի շար­քե­րուն մէջ, վա­րիչ ու­նե­նա­լով մեր այս տա­րո­ւան բա­նա­կող պա­տա­նի­նե­րուն ծնող­նե­րէն ո­մանք։ Այս ե­րե­ւոյթն ալ մեր գա­ղու­թի պատ­մու­թեան մէկ մաս­նիկն է։
Վս­տահ ենք եւ կը հա­ւա­տանք, թէ մեր ­Միու­թիւ­նը ա­պա­գայ կը խոս­տա­նայ, ա­պա մեր մաղ­թանքն է, որ 39ը թի­ւը հաս­նի ե­ռա­նիշ թի­ւի մը։
Այս պա­հը օգ­տա­գոր­ծե­լով, ­Վա­րիչ մար­մի­նի եւ օգ­նա­կան վա­րիչ­նե­րու կազ­մը շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէ Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թիւն­նե­րու մօտ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին, որ ամ­բողջ տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին, ինչ­պէս նաեւ բա­նա­կու­մի օ­րե­րուն, ան մօ­տէն հսկեց մեր աշ­խա­տանք­նե­րուն ու սա­տա­րեց, որ ա­նոնք բա­րե­յա­ջող ա­ւար­տին հաս­նին։
Շ­նոր­հա­կա­լա­կան խօսք ու­նինք ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան, որ ա­մէն տա­րի իր նիւ­թա­կան նպաս­տով գործ­նա­պէս կ­՚օ­ժան­դա­կէ բա­նա­կու­մին։ Հ.Կ.­Խա­չի բա­րո­յա­կան քա­ջա­լե­րան­քը խո­րա­պէս կը զգանք մե­զի փո­խան­ցո­ւած գուր­գու­րան­քին մէջ։
Շ­նոր­հա­կալ ենք մեր պա­տա­նի­նե­րու ծնող­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց զա­ւակ­նե­րը մե­զի վստա­հե­ցան բա­նա­կու­մի 10 օ­րե­րուն ըն­թաց­քին։