Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան միութիւնը կը կազմակերպէ բոլոր պատանիներու սպասուած եւ սիրած ամառնային բանակումը, ուր 10 օրերու ընթացքին հայ պատանիները կը շփուին հայկական մթնոլորտի մէջ։
Այս տարուան բանակումը տեղի պիտի ունենայ 25 Օգոստոսէն մինչեւ 4 Սեպտեմբեր, ծովեզերեայ Թրիփոլիի քաղաքապետութեան Ասթրոս Քինուրիաս բանակավայրէն ներս։
Բանակումին կրնան մասնակցիլ Պատանեկան միութեան բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ 9-16 տարիքի հայ պատանիները: Յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի ներկայացնենք նոր յայտարարութեամբ։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան միութեան
Ընդհանուր Վարիչ մարմին