Ազատ Օրի տեսակցութիւնը Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի
յանձնախումբի ատենապետուհի ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեանին հետ
Թագավարակի շրջանը մարտահրաւէր մըն էր ամբողջ աշխարհի համար, բայց յատկապէս մեր գաղութային-միութենական աշխատանքներուն համար, նորարարար գործելաձեւ ալ պահանջող շրջան մըն էր։ Ինչպէ՞ս գործեց Հայ դատի յանձնախումբը այս շրջանին։
Դժուար է հակիրճ խօսիլ անցնող տարուան մասին, երբ Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբը ստիպուեցաւ գործելու թագավարակի ազդեցութեան տակ, յարմարելով երկրէն ներս եւ ամբողջ աշխարհի մէջ ստեղծուած պայմաններուն, մանաւանդ, երբ մեր աշխատանքը կեդրոնացաւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին օրերուն։ Լարուած ճիգ ու ջանք պէտք եղաւ, ամէնօրեայ հեւքով, որուն կ՚անդրադառնամ աւելի մանրամասն։
Նախ, նշեմ քանի մը իրադարձութիւններ, որ յատկանշեցին մեզի համար շատ լարուած ժամանակաշրջան մը։
Ինչպէս գիտէք, իրերայաջորդ յանձնախումբերու եւ երկար տարիներու աշխատանքին որպէս արդիւնք, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը ուղղակի շփումներ ունի երկրի պետական, քաղաքական, խորհրդարանական, կուսակցական շրջանակներուն հետ եւ մեծ յարգանք կը վայելէ։ Երբ երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամը եկաւ, 2019-ի ամրան, քաղաքական տարբեր կուսակցութիւններու պատկանող աւելի քան 20 թեկնածուներու հետ հանդիպումներ կայացան, ընդառաջելով իրենց փափաքին։ Այս հանդիպումները լաւ առիթներ էին զրոյցներ կատարելու եւ բոլորին պարզելու հայութեան դատին եւ իրաւունքներուն հետ կապուած հարցերը։ Յոյն քաղաքական գործիչները՝ շատ լաւ կ՚ընկալեն մեզ յուզող հարցերը, իրենց բոլոր ծալքերով։
2020-ը՝ սկիզբէն ի վեր տարբեր տարեշրջան մը հանդիսացաւ, որովհետեւ Հայ դատի յանձնախումբի քարոզչական-յարաբերական բոլոր աշխատանքները յարմարեցան համավարակի պատճառով պարտադրուած սահմանափակումներուն։ Պարտաւորուեցանք առկախելու զանազան ծրագրուած ձեռնարկներ ու զանոնք փոխարինելու առ ցանց ելոյթներով: Միաժամանակ զարկ տրուեցաւ ընկերային ցանցերու օգտագործումին Հայ դատի յանձնախումբի կամ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան կողմէ:
Անընդհատ թափով շարունակուեցան Արցախի անկախութեան ճանաչման աշխատանքները։ Այս ծիրէն ներս կազմակերպուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար 2019-ին Լեռնիկ Յովհաննիսեանի այցելութիւնը Աթէնք եւ Թեսաղոնիկէ, ձեռնարկներու շարք մը իրագործելով, որ յոյն հանրութեան ներկայացուց Արցախի հիմնահարցը։ 2020-ի մէջ, սակայն՝ ստիպուեցանք առկախելու յունական համալսարանական շրջանակներու համագործակցութեամբ ծրագրուած կլոր սեղանի զրոյց մը, որովհետեւ նոր կը կիրարկուէր պսակաձեւ ժահրի համաճարակի խիստ արգիլումներու շրջանը։
Երբ սկիզբ առաւ թագավարակի շրջանը, ենթարկուելով պետութեան կողմէ պարտադրուած սահմանափակումներուն, յայտնի դարձաւ, թէ նոր մարտահրաւէր մը կը բացուէր մեր առջեւ։ Այդ էր համացանցի օգտագործումը, իր բոլոր ձեւերով։
Համացանցային խորհրդաժողովներու մասնակցութեամբ, ներքին ժողովներով եւ համացանցային ձեռնարկներու ու երիզներու տարածումով, կարելի եղաւ նոր տարածում տալ մեր աշխատանքներուն։ Ապրիլեան ոգեկոչական անցեալ տարուան ձեռնարկը, ուր կեդրոնական խօսողը Յունաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսն էր, հետեւորդներու մրցանիշային թիւեր արձանագրեց, մեծ գոհունակութիւն պատճառելով անշուշտ բոլորիս։ Այս տարի դարձեալ կը ծրագրենք նման ձեռնարկ մը, որ արդէն մեր մամուլին էջերէն պիտի յայտարարուի։
27 Սեպտեմբերին, Արցախի վրայ թուրք-ազերիական յարձակումներէն անմիջապէս ետք, շատ կարեւոր էր, որպէսզի տարուի լայն քաղաքական-յարաբերական աշխատանք։ Չափազանց կարեւոր էր նաեւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն մօտ քարոզչական աշխատանքը, բացատրելու համար ճշմարտութիւնները եւ եղելութիւնները։ Ամբողջ Յունաստանի տարածքին բարձրացաւ հայութեան բողոքի ձայնը, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան ընկերներու նախաձեռնութիւններով, բողոքի ցոյցերով, ինչպէս նաեւ երկրի տարբեր քաղաքներէն ներս մեր հայրենակիցներու աշխուժ ու կրքոտ աշխատանքով իրագործուած բողոքի քայլերով։ Հելլէն մամուլը մեծ թիւով հարցազրոյցներ ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի ընկերներուն հետ, հեռատեսիլի եւ տպագիր կամ ելեկտրոնային մամուլին մէջ։ Նպատակը շուտով յաջողուեցաւ եւ յոյն ժողովուրդը տեղեակ պահուեցաւ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ եւ Թուրքիոյ առաջնորդող դերակատարութեան մասին, գիտակցելով ցեղապաշտական բացայայտ ծրագիրներուն մասին։
Նոյն պահուն, լայն աշխատանք կը տարուէր համացանցի ընկերային ցանցերուն մէջ եւ մամուլի յայտարարութիւններ կը տարածէինք, շաբաթական դրութեամբ, շարունակաբար լուսաբանելով հանրութիւնը։ Որոշ պարագաներու, երբ հելլէն մամուլէն ներս հակահայ յօդուած մը կը հրատարակուէր, Յանձնախումբը պատասխան նամակով կամ յօդուածագրութեամբ հանդէս կուգար, հերքելով հոն գրուած ապատեղեկատուութիւնը։ Այսուհանդերձ, պէտք է նշել, թէ Յունաստանի տարածքին, շատ քիչ էին այդպիսի պարագաներ, որովհետեւ յոյն ժողովուրդը, մեծ մասով իրազեկուած է հայութեան արդար իրաւունքներուն շուրջ։
Այլ կարեւոր բաժին մըն էր երկրի քաղաքական շրջանակներուն մօտ շարունակական շփումները եւ ճնշումները։ Յունաստանի վարչապետին, խորհրդարանականներուն, կուսակցութեանց ղեկավարներուն, մարզպետներ¬քաղաքապետութիւններու, ակադեմական շրջանակներու մօտ նամակներով եւ տեսակցութիւններով։ Գոհունակութեամբ կարելի է հաստատել յոյն ժողովուրդի միանշանակ զօրակցական կեցուածքը, որ ամէն տեսակի ձեւերով արտայայտուեցաւ եւ մեր կողքին դասուեցաւ ամենուրեք։
Այս զօրակցական ալիքին եկաւ հետզհետէ աւելնալու Յունաստանի կառավարութեան նաեւ մեզի ի նպաստ դիրքորոշումը, որ քայլ առ քայլ զարգացաւ, արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի ուղղակի միջամտութիւններով, հեռաձայնային զրոյցներով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ, ապա նաեւ իր այցելութեամբ Երեւան, որ տեղի ունեցաւ 16 Հոկտեմբերին։ Յոյն նախարարը Եւրոպայի երկիրներու կառավարութիւններէն միակը եղաւ որ պատերազմի թէժ օրերուն Երեւան այցելեց։
Կ՚արժէ խօսիլ նաեւ Յունաստան-Ատրպէյճան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբին մասնակցող 24 պատգամաւորներուն գործադրուած ճնշումներուն մասին, ուր կը պահանջէինք իրենց հրաժարականը։ Այս նախաձեռնութիւնը թափ առաւ նաեւ համացանցին մէջ, ճնշում բանեցնելով եւ շուտով արդիւնքի հասնելով՝ հինգ պատգամաւորներու հրաժարումով։ Հարցը սեղանի վրայ կը բերուէր նաեւ Հայ դատի յանձնախումբի բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին, կուսակցութիւններու ղեկավարներուն մօտ եւս արծարծելով հրաժարականներու հարցը։
Երկար շարք մըն ալ կայ ցոյցերու եւ քարոզչական ճնշող աշխատանքներու, որոնց մասին արդէն, մեր թերթին էջերէն, միշտ ալ տեղեակ պահուած են մեր հայրենակիցները։
Տխրահռչակ համաձայնագրի ստորագրումէն ետք, աշխատանքը կը շարունակուի հայ գերիներու ազատագրումն ու վերադարձը պահանջող նամակարշաւներով Յունաստանի պետական եւ Եւրոպական միութեան շրջանակներուն մօտ։
Նաեւ, կ՚ուզեմ նշել, թէ այս տարի եւս Հայ դատի յանձնախումբը ծրագրած է Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին նուիրուած ելոյթներու շարք մը, օգտագործելով միաժամանակ մեր աւանդական գործելաձեւը եւ համացանցի ընձեռած կարելիութիւնները։ Այսպէս, Շաբաթ՝ 24 Ապրիլի օրը, Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ տիկ. Էքաթերինի Սաքելարոփուլու դափնեպսակ պիտի զետեղէ Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին առջեւ, երեկոյեան գոհաբանական յատուկ մաղթանք պիտի կատարուի Նէա Զմիռնիի հայկական յուշարձանին առջեւ, իսկ գիշերը պիտի սփռուի առցանց յայտագիր մը հելլէն քաղաքական եւ պետական անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ, որու ընթացքին յատուկ խօսք պիտի ուղղէ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ։ Ելոյթներու շարքը պիտի ամբողջանայ Թեսաղոնիկէի եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ մէջ միջոցառումներով, ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկէի սիմֆոնիք նուագախումբի համերգով՝ նուիրուած Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, որ պիտի սփռուի պետական հեռատեսիլի երրորդ կայանէն։