Ե­րեք­շաբ­թի՝ 6 ­Յու­լի­սին Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի գրա­սե­նեա­կը այ­ցե­լեց եւ յանձ­նա­խում­բի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ տե­սակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ «­Փան­տիօ» հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու դա­սա­խօս եւ յու­նա­կան խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան փրոֆ. ­Տի­միթ­րիս ­Քե­րի­տիս։
Զ­րոյ­ցը կեդ­րո­նա­ցաւ Ար­ցա­խի 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մին ու ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րուն վրայ, ինչ­պէս նաեւ ար­ծար­ծո­ւե­ցան հայ-յու­նա­կան հա­սա­րա­կաց խնդիր­ներն ու եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու վրայ թրքա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան վտանգ­նե­րը։ ­Հան­դի­պու­մէն յե­տոյ, յոյն ե­րես­փո­խա­նը ­Դի­մա­տետ­րի իր է­ջին վրայ անդ­րա­դար­ձաւ հան­դի­պու­մին, նշե­լով, թէ ար­ցա­խեան վեր­ջին պա­տե­րազ­մին ­Յու­նաս­տան զօ­րա­վիգ կանգ­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նին, դա­տա­պար­տե­լով թրքա­կան եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան վար­չա­կար­գե­րու յար­ձա­կո­ղա­պաշտ ա­րարք­նե­րը։
«Հ­նա­մեայ պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող հայ ժո­ղո­վուր­դը, ո­րուն հետ դա­րա­ւոր կա­պեր կը պա­հենք, ան­գամ մը եւս ար­մա­տա­խիլ ե­ղաւ իր օ­ճախ­նե­րէն։ ­Կով­կա­սի մէջ ծայր ա­ռած վեր­ջին պա­տե­րազ­մէն՝ ­Յու­նաս­տան պար­տի իր եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րը հա­նել։ Թր­քա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան դի­մաց ո­րե­ւէ ան­հո­գու­թիւն նե­րե­լի չի կրնար ըլ­լալ», յայտնեց յոյն երեսփոխանը: