Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս, Հինգշաբթի՝ 29 Նոյեմբեր 2018ին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը ներկայացնող եռանդամ պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան փոխ նախարար տիկին Մարիա Քոլիա-Ցարուխասի հետ։ Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Սերգօ Գույումճեանէ եւ անդամներ ընկերներ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանէ եւ Յակոբ Յովակիմեանէ։
Փոխ-նախարարուհիի ուշադրութեան յանձնուեցան Յունաստանի հայկական գաղութին, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի Յանձնախումբին առաջնահերթութիւններն ու ակնկալիքները։
Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ տարիներէ ի վեր շարունակուող գործակցութեան բարձր մակարդակին համար։ Մանրամասնօրէն քննարկուեցան նաեւ ապագայի հեռանկարներուն վերաբերող հարցեր։ Տիկին Մարիա Քոլիա-Ցարուխա իր զօրակցութիւնը յայտնեց, ինչպէս նաեւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Փ. Քամէնոսի գործակցութեան բարձր ոգին՝ Հայաստանի եւ հայութեան հարցերուն վերաբերեալ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի հանդիպում տիկին Մարիա Քոլիա Ցարուխասի հետ
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի հանդիպում տիկին Մարիա Քոլիա Ցարուխասի հետ
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի հանդիպում՝ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան փոխ նախարար տիկին Մարիա Քոլիա Ցարուխասի հետ