Ար­ցա­խի դէմ ի­րա­գոր­ծո­ւած ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քե­րու լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձա­կու­մէն ետք եւ ­Յու­նաս­տա­նի հան­րա­յին կար­ծի­քը շու­տով տե­ղեակ պա­հե­լու նպա­տա­կով, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը մամ­լոյ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ, լու­սան­կար­ներ եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն տա­րա­ծեց  յու­նա­կան լրա­տո­ւա­դաշ­տին մօտ։ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ հար­ցազ­րոյց­ներ շնոր­հե­ցին ռա­տիո­կա­յան­նե­րու եւ հա­մա­ցան­ցա­յին կայ­քէ­ջե­րու, լու­սա­բա­նե­լով ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը եւ բա­ցա­յայ­տե­լով յար­ձա­կու­մի բո­լոր ե­րես­նե­րը։ ­Հա­մա­ցան­ցի ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն մէջ եւս շեշ­տա­կիօ­րէն կա­րե­ւո­րո­ւե­ցան հել­լէն հան­րա­յին կար­ծի­քի հա­յան­պաստ դրսե­ւո­րում­նե­րը։
­Շեշտ դրո­ւե­ցաւ ­Թուր­քիոյ դե­րա­կա­տա­րու­թեան, որ ռազ­մա­կան օգ­նու­թիւն եւ վարձ­կան­ներ կը տրա­մադ­րէ Ատր­պէյ­ճա­նին, թի­րախ դարձ­նե­լով Ար­ցա­խի ան­զէն բնակ­չու­թիւ­նը։
Ն­մա­նօ­րի­նակ տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն տա­րա­ծո­ւե­ցաւ նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մօտ, դրա­կան ար­դիւնք­ներ բե­րե­լով։
­Հել­լէն մա­մու­լին եւ յատ­կա­պէս հա­մա­ցան­ցա­յին կայ­քէ­ջե­րուն մօտ գլխա­ւոր նիւթ դար­ձաւ ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու ար­ձա­գան­գու­մը, իսկ լրագ­րող­ներ եւ յօ­դո­ւա­ծա­գիր­ներ ի­րենց մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը ա­ւել­ցու­ցին, ի­րենք եւս զարկ տա­լով ­Թուր­քիոյ դե­րա­կա­տա­րու­թեան հար­ցին։

«ՍԻՐԻԶԱ» կը դա­տա­պար­տէ

­Յու­նաս­տա­նի գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր «ՍԻՐԻԶԱ» կու­սակ­ցու­թեան մի­ջազ­գա­յին եւ եւ­րո­պա­կան հար­ցե­րու յանձ­նա­խում­բը յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը իր մտա­հո­գու­թիւ­նը կը յայտ­նէ Ար­ցա­խի սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ կա­տա­րո­ւող պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք ան­նա­խա­տե­սե­լի հե­տե­ւանք­ներ կրնան ու­նե­նալ ­Կով­կա­սի տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ։ «Ատր­պէյ­ճան պէտք է դադ­րեց­նէ ա­մէն տե­սա­կի յար­ձա­կո­ղա­կան ա­րարք։ Եր­կու եր­կիր­նե­րը՝ Ատր­պէյ­ճան եւ ­Հա­յաս­տան պէտք է վե­րա­դառ­նան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին, Մ.Ա.Կ.ի եւ Ե.Ա.Հ.Կ.ի սկզբունք­նե­րու հի­ման վրայ խա­ղաղ լու­ծում մը գտնե­լու հա­մար։ ­Թուր­քիան պար­տի հե­ռու մնալ ո­րե­ւէ մի­ջամ­տու­թե­նէ շրջա­նէն ներս եւ սե­փա­կան շա­հե­րու հա­մար հա­կա­մար­տու­թեան հրահ­րու­մէն, ա­պա պար­տի, ինչ­պէս ա­մէն եր­րորդ ուժ, սա­տա­րել երկ­խօ­սու­թեան վերսկս­ման։ ­Կոչ կ­՚ուղ­ղենք Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան նա­խա­ձեռ­նել խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման ջան­քե­ր շրջա­նէն ներս», ը­սո­ւած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։

­Զօ­րակ­ցա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հէն

Ն­շենք, որ յոյն քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, նախ­կին նա­խա­րար­ներ եւ ե­րես­փո­խան­ներ, ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն վրայ կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, կը դա­տա­պար­տեն Ատր­պէյ­ճա­նի սան­ձա­զեր­ծած յար­ձա­կու­մը Ար­ցա­խի վրայ եւ ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեն հայ ժո­ղո­վուր­դին։