Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ.Կոմիտէի հանդիպում՝ Հ.Հ. դեսպանին հետ

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ.Կոմիտէի հանդիպում՝ Հ.Հ. դեսպանին հետ

0
1288

­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 8 ­Նո­յեմ­բեր 2017ի ե­րե­կո­յեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն տե­սակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Ֆա­թէյ ­Չար­չօղ­լեա­նի հետ, դես­պա­նա­տան մէջ։
­Հան­դիպ­ման սկիզ­բը, դես­պա­նը բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց Կ.Կ.ի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան եւ շեշ­տեց նման հան­դի­պում­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Իր կար­գին, Կ.Կ.ը նշեց եր­կար տա­րի­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեան ի­րո­ղու­թիւ­նը՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թեանց զար­գաց­ման ո­լոր­տին մէջ։
­Դես­պան ­Չար­չօղ­լեան ման­րա­մասն կեր­պով ներ­կա­յա­ցուց դես­պա­նու­թեան ծրա­գիր­նե­րը հայ-յու­նա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան ծի­րէն ներս՝ պե­տա­կան քա­ղա­քա­կան, կրթա­կան եւ տնտե­սա­կան մար­զե­րուն մէջ, ո­րոնք ներ­կա­յիս կը ծա­ւա­լին դես­պա­նու­թեան ճամ­բով։ ­Կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծեց յու­նա­հայ կազ­մա­կերպ հա­մայն­քի ներդ­րու­մը եւ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ բո­լոր մար­զե­րէն ներս։
Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը պար­զեց կարգ մը ծրա­գիր­ներ, ո­րոնք կա­պո­ւած են պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց, ­Հայ ­Դա­տի հե­տապնդ­ման գոր­ծի ըն­թաց­քին, Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի քա­ղա­քա­կան եւ քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն հետ, ինչ­պէս նաեւ անդ­րա­դարձ ե­ղաւ 2018ի ապ­րի­լեան ե­լոյթ­նե­րու շրջա­գի­ծէն ներս կա­տա­րուող ծրագ­րում­նե­րուն մա­սին։
Ան­գամ մը եւս կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տո­ւե­ցաւ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ա­ւե­լիով ամ­րապն­դե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ յա­րա­բե­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ, եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան զար­գաց­ման մէջ, կա­րե­ւո­րե­լով յատ­կա­պէս պե­տա­կան ու խորհր­դա­րա­նա­կան եր­կողմ կա­պե­րու ընդ­լայն­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։