Շաբաթ՝ 14 Սեպտեմբեր 2019ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը հպարակեց հաղորդագրութիւն մը, որով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս կը գուժէր Տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի (ծնեալ Գոֆթիկեան, 1928, Ալեքսանտրէթ) մահը։ Տիրամօր թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի՝ 18 Սեպտեմբեր 2019ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11։00ին։ Մահուան գուժին առիթով, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն նամակ ուղարկեց Վեհափառ հայրապետին, ցաւակցելով Տիրամօր մահը։ Ստորեւ կը հրատարակենք նամակը։
ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա.
Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Վեհափա՛ռ Տէր,
Խոր ցաւով իմացանք Ձեր մօր՝ Տիրամօր Լուսին Քէշիշեանի մահուան տխուր լուրը:
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն իր լրիւ կազմով եւ մեր շրջանի կառոյցի բոլոր ընկերներու անունով, իր խորազգաց ու անկեղծ ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Ձեզի, ցանկանալով հոգեկան մխիթարանք։
Թող Տիրամօր յիշատակը միշտ անթառամ մնայ Ձեր եւ բոլոր Ձեր ընտանիքի անդամներու սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ:
Յարգանօք՝
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէ
Աթէնք՝ 16 Սեպտեմբեր 2019