Ուրբաթ, 11 Մարտ 2022-ին, Արցախի խորհրդարանի ղեկավարը` Արթուր Թովմասեան Ստեփանակերտի մէջ ընդունեց խառն պատուիրակութիւն մը բաղկացած՝ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու ընկ. Գասպար Կարապետեանէ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեանէ եւ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեանէ:
Ողջունելով հիւրերը` Արթուր Թովմասեան բարձր գնահատեց Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հայանպաստ գործունէութիւնը` շեշտելով Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման» մասին բանաձեւի ներառման եւ Ատրպէյճանի վանտալիզմը դատապարտող բանաձեւի ընդունման առումով գրասենեակին կատարած հսկայական աշխատանքը:
Խորհրդարանի ղեկավարը անդրադարձաւ 44-օրեայ պատերազմին ու յետպատերազմեան իրողութիւններուն, աշխարհաքաղաքական վերջին զարգացումներուն, ընդգծեց համազգային օրակարգ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը: Իր կարգին, Գասպար Կարապետեան մտահոգիչ որակեց Ատրպէյճանի շարունակուող սադրանքները, շեշտեց ամէն գնով արցախցին Արցախի մէջ պահելու կարեւորութիւնը: Հանդիպման ժամանակ քննարկուեցան «Արցախի Հանրապետութիւն- Եւրոպական խորհրդարան» բարեկամական խումբին կատարելիք աշխատանքները, նախանշուեցան մօտակայ ծրագիրները` կապուած Եւրոպայի մէջ Արցախի բարեկամներու ներուժը ճիշդ օգտագործելու հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերու յանձնախումբի նախագահ Վահրամ Բալայեան:
Հանդիպում` Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին հետ
Հինգշաբթի, 10 Մարտին, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն հանդիպում ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի հետ: Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան:
Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացուց Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը, անվտանգային եւ մարդասիրական հիմնախնդիրները: Միտքեր փոխանակուեցան օտարերկրեայ քաղաքական շրջանակներու եւ մասնաւորապէս եւրոպական երկիրներուն մէջ ի նպաստ Արցախի աշխատանք ծաւալելու վերաբերեալ: Հիւրերը տեղեկացուցին իրենց այցելութեան ընթացքին Արցախի պետական պաշտօնատար անձերուն հետ ունեցած հանդիպումներուն եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն մասին: