­Յա­ռա­ջի­կայ ­Կի­րա­կի՝ 2 Ապ­րի­լին, ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն օրն է, ա­զատ կամ­քի ար­տա­յայ­տու­թեան օ­րը:
Ա­նոնք ի­րենց քո­ւէ­նե­րով պի­տի ձե­ւա­ւո­րեն վար­չա­պե­տա­կան- խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գի ա­ռա­ջին Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը, որ միան­գա­մայն պի­տի կազ­մէ «նոր սկիզբ»ը ժո­ղովր­դա­վար ու «ար­դար ­Հա­յաս­տան»ի կեր­տու­մին:

«­Նոր սկիզբ — ար­դար ­Հա­յաս­տան»…:

­Մեր հայ­րե­նի­քին հա­մար նոր սկիզբ մը պի­տի ըլ­լայ ան­կաս­կա’ծ ­խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գը, ո­րու պայ­ման­նե­րուն մէջ, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը բաղ­կաց­նող կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը պի­տի դադ­րին ձե­ւա­կան ներ­կա­յու­թիւն ըլ­լա­լէ եւ խոր­քա­յին գոր­ծու­նէու­թեան լծո­ւե­լով՝ պի­տի ու­նե­նան հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ըստ ի­րենց ծրա­գիր­նե­րուն հե­տապն­դե­լու ժո­ղովր­դա­յին տար­բեր շեր­տե­րու քա­ղա­քա­կան, գա­ղա­փա­րա­կան, ըն­կե­րա­յին թէ տնտե­սա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը եւ ա­տով իսկ ա­նոնք պի­տի կա­րե­նան լիար­ժէք կա­տա­րել կամր­ջո­ղի-միջ­նոր­դո­ղի ի­րենց իս­կա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան եւ պե­տու­թեան մի­ջեւ:
­Սա­կայն ար­դար Հա­յաս­տան կեր­տե­լու ճամ­բան եր­կար է ու դժո­ւար եւ ա­կան­նե­րով լե­ցուն: Ո­րով­հե­տեւ քա­ղա­քա­կան ո­լոր­տի ու շու­կա­յա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց տի­րա­պե­տող մե­նաշ­նորհ­նե­րու հաս­տա­տած հա­մա­կար­գին կազ­մա­քան­դումն է ար­դար ­Հա­յաս­տան կեր­տե­լու նա­խա­պայ­մա­նը, ո­րուն հա­մար անհ­րա­ժեշտ են յա­րա­տեւ պայ­քա՛րը, վճռա­կա­նու­թի՛ւնը, քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­րիու­թիւ­նը եւ մա­նա­ւանդ՝ ժո­ղովր­դա­յին նե­ցո՛ւկն­ ու զօ­րակ­ցու­թի՛ւնը:
­Կը յու­սանք, որ քո­ւէար­կո­ղը պի­տի չտա­րո­ւի շա­հախն­դիր­նե­րու կող­մէ ըստ պա­հի ու պա­րա­գա­յի տրո­ւած շռայլ խոս­տում­նե­րէն եւ կամ՝ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը ա­մէն չա­րի­քի պատ­ճառ հա­մա­րող եւ խա­ղա­ղու­թիւն բե­րե­լու լօ­զուն­գով հրա­պա­րա­կը աղմ­կող շու­տիկ ու պա­տե­հա­պաշտ մար­դոց­մէն: ­Հա­յաս­տան­ցին շատ լաւ գի­տէ, թէ հա­կա­մար­տու­թեան այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի՛ն­ է, որ դի­զո­ւե­ցաւ հսկայ ու ան­հա­շիւ հարս­տու­թիւ­նը օ­լի­կարխ­նե­րու, ո­րոնք շնչա­հեղձ դար­ձու­ցին երկ­րին տնտե­սու­թիւնն ու քա­ղա­քա­ցիին ա­ռօ­րեան:
Հ.Յ.Դ.ին հա­մակ­րող թէ հա­կակ­րող ա­մէն հայ մարդ գի­տէ, որ ա­նոր եր­կա­րա­մեայ կեան­քի պատ­մու­թիւ­նը, վտան­գի պա­հե­րուն թէ խա­ղաղ ժա­մա­նակ­նե­րուն, ե­ղած է յա­րա­տեւ պայ­քա­րի ու բազ­մա­ճա­կատ գոր­ծու­նէու­թեան հան­դի­սա­րան մը՝ ի խնդիր հա­յու­թեան:
26 տա­րի­նե­րու Հ.Յ.Դ.ի հա­յաս­տա­նեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը վկա­յէ, որ ան հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն պա­քա­րած է կու­սակ­ցու­թեան ա­ռա­ջադ­րած նպա­տակ­նե­րուն հա­մար, մերթ ընդ­դի­մա­դիր դիր­քե­րէ, նաեւ ի հար­կին, իր վար­կա­նի­շը վտան­գե­լու գնովն իսկ, չէ վա­րա­նած գոր­ծակ­ցե­լու իշ­խա­նու­թեանց հետ, միշտ ի շահ եւ յօ­գուտ հայ­րե­նի­քին ու ազ­գին:
Հ.Յ.Դ.ը 26 տա­րի ան­դուլ հե­տապն­դեց, որ հայ­րե­նի­քը օժ­տո­ւի խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գով, ուր այ­սու­հե­տեւ լսե­լի պի­տի դառ­նան քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ձայնն ու պա­հանջ­նե­րը:
­Հի­մա Հ.Յ.Դ.ին գերխն­դիրն է՝ հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դին հետ ու ժո­ղո­վուր­դին հա­մար կեր­տել ար­դար ­Հա­յաս­տան: ­Դաշ­նակ­ցու­թեան նպա­տակն է հաս­տա­տել ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թիւն, ա­պա­հո­վել տնտե­սա­կան աճ եւ մա­նա­ւանդ ա­պա­հո­վել ստեղ­ծո­ւած տնտե­սա­կան ար­դիւն­քի ար­դար բաշ­խու­մը հա­սա­րա­կու­թեան բո­լոր խա­ւե­րուն եւ ան­դամ­նե­րուն մի­ջեւ:
Կ’ակն­կա­լո­ւի, որ հայ­րե­նի քա­ղա­քա­ցին պի­տի ար­ժե­ւո­րէ ներ­կա­յա­ցո­ւած ա­ռի­թը եւ ըստ այնմ պի­տի կողմ­նո­րո­շո­ւի, թեւ ու թի­կունք պի­տի տայ 127ա­մեայ փոր­ձի տէր Հ.Յ.Դ.ին:

­Քո­ւէն ուժ է: ­Քո­ւէն պի­տի ար­ժե­ւո­րո­ւի Հ.Յ.Դ.ին տրո­ւե­լով:

­Յա­մե­նայն­դէպս, ընտ­րան­քը անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւունքն է ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիին:

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. ­Կո­մի­տէ