Նոր ­Տա­րին կը դի­մա­ւո­րենք նո՛ր յոյ­սե­րով եւ նո՛ր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու հան­դէպ՝ զգօն կե­ցո­ւած­քով։ ­Մեր հայ­րե­նի­քին, մեր ազ­գին ու մեր գա­ղու­թին դի­մաց բա­ցո­ւող նո­րա­նոր ե­ռու­զե­րը, մեր հայ­րե­նի­քի եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր ու­ժե­րու հե­ռա­տես ու ար­դիւ­նա­ւէտ, յանձ­նա­ռու ու ա­պա­հով քայ­լե­րուն պէտք ու­նի։ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ներ­քին կա­յու­նու­թիւ­նը, սահ­ման­նե­րու ա­նա­ռիկ պաշտ­պա­նու­թիւ­նը, ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բո­ւե­լու հրա­մա­յա­կա­նը, հայ ժո­ղո­վուր­դի միաս­նու­թեան ամ­րապն­դու­մը ա­մէ­նու­րեք՝ ամ­բողջ հա­յու­թեան մեծ ակն­կա­լու­թիւն­ներն են, ո­րոնք շեշ­տո­ւած կը ներ­կա­յա­նան Ա­մա­նո­րի սե­մին գտնո­ւե­լու ժա­մա­նակ։
­Բո­լորս միա­սին, նոր սպա­սում­նե­րով ու բարձրան­պա­տակ հե­ռան­կար­նե­րով դի­մա­ւո­րենք նոր տա­րո­ւան բե­րո­ւած ա­ռիթ­նե­րը, լա­ւա­տե­սու­թեամբ ու յանձ­նա­ռու­թեամբ, զի­րար շնոր­հա­ւո­րե­լով միաս­նա­բար ցարդ ար­ձա­նագ­րո­ւած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մար՝ ի պար­ծանս հայ ժո­ղո­վուր­դին ու ­Հա­յաս­տա­նին։
­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէն ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րէ Ա­մա­նո­րը թե­միս Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին, ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց ու յա­րա­կից մար­մին­նե­րուն, յա­րա­նուա­նու­թեանց հո­գե­ւոր պե­տե­րուն, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի եւ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ու «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ու տե­ղա­կան վար­չու­թիւն­նե­րուն, կրօ­նա­կան դա­սուն ու կրթա­կան մշակ­նե­րուն, գա­ղա­փա­րի իր ըն­կեր­նե­րուն ու հա­մա­կիր զան­գո­ւած­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ յու­նա­հայ օ­ճա­խի բո­լոր ազ­գա­յին­նե­րուն եւ կը մաղ­թէ լիա­կա­տար յա­ջո­ղու­թիւն՝ ա­նոնց ազ­գա­յին, ե­կե­ղե­ցա­կան, միու­թե­նա­կան եւ անձ­նա­կան-ըն­տա­նե­կան ծրա­գիր­նե­րուն մէջ։
Ու­րա­խու­թեամբ դի­մա­ւո­րենք ­Նոր ­Տա­րին՝ զայն իբ­րեւ զար­գաց­ման, յա­ռաջ­դի­մու­թեան, հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տաց­ման կա­րե­ւոր հանգ­րո­ւան նկա­տե­լով։

Շ­նոր­հա­ւո՛ր ­Նոր ­Տա­րի։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի
­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէ