Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար, դեսպան Վահագն Մելիքեանի հետ, Յունաստան իր այցելութեան առիթով։
Երկուշաբթի` 17 Յունիս 2019ի երեկոյեան, պրն. Մելիքեան եւ Հ.Հ. Յունաստանի մօտ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Ֆադէյ Չարչօղլեան, այցելեցին Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի նստավայրը, ուր շուրջ երկու ժամ բովանդակային զրոյց մը ունեցան Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներուն հետ։
Քննարկումի առարկայ դարձան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, Արցախի հիմնահարցի եւ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներու հարցեր, յատկապէս միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի շահերը լաւագոյնս յաջողցնելու համագործակցութեան դրական մթնոլորտով։
Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի զարգացումներու հոլովոյթին վերաբերող նիւթերու շուրջ։ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն անվերապահօրէն շեշտեց, կուսակցութեան հաստատ յանձնառութիւնը՝ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման, Արցախի ճանաչման ու հայ ժողովուրդի բարգաւաճման գծով։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի հանդիպումը Վահագն Մելիքեանի հետ
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի հանդիպումը Վահագն Մելիքեանի հետ
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի հանդիպումը Վահագն Մելիքեանի հետ