Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամները այցելեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամները այցելեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր

0
1153

­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 1 ­Նո­յեմ­բեր 2017 ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին մէջ ըն­դու­նեց Հ.Յ.Դ. ­Յունաստանի նո­րըն­տիր­ Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի այ­ցե­լու­թիւ­նը։ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ պրն. ­Քե­րով­բէ Է­քի­զեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր սոյն ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար եւ տրո­ւած ըլ­լա­լով, որ Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց կեան­քին ա­ռանց­քը կը կազ­մէ, ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն իր գոր­ծու­նէու­թեանց մէջ յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն կ’ըն­ծա­յէ ­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին կեան­քին մէջ գոր­ծող մար­մին­նե­րուն եւ կա­ռոյց­նե­րուն աշ­խա­տանք­նե­րուն բար­ւոք կազ­մա­կերպ­ման եւ ազ­գօ­գուտ ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­գործ­ման։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րուն այ­ցե­լու­թեան հա­մար, եւ ներ­դաշ­նակ ու հա­մադ­րո­ւած գոր­ծե­լա­կեր­պի հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան լոյ­սին տակ՝ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց յա­ռա­ջի­կա­յի աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար, շեշ­տե­լով իւ­րա­քան­չիւր կա­ռոյ­ցի եւ մարմ­նի կա­ռու­ցո­ղա­կան ներդ­րու­մը եւ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը հա­մայն­քա­յին հա­սա­րա­կաց եւ ընդ­հան­րա­կան կեան­քի բար­գա­ւաճ­ման մէջ՝ յատ­կա­պէս մաս­նա­ւո­րե­լով Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի եւ ա­նոր յա­րա­կից մար­մին­նե­րու ա­ջակ­ցու­թիւ­նը եւ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։