Յունաստանի հայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, Երկուշաբթի՝ 10 Դեկտեմբեր 2018ին, ընդունեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի նորընտիր կազմի այցելութիւնը, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս։
Կառուցողական ու բովանդակալից մթնոլորտի մէջ անցած հանդիպումին ընթացքին, առիթը տրուեցաւ զրուցելու յունահայ գաղութը յուզող տարբեր հարցերու՝ ազգային, կրթական եւ ընկերային բնագաւառներուն առնչուած նիւթերու շուրջ ու ճշդելու համագաղութային գործունէութեան առաջնահերթութիւնները։
Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սերգօ Գույումճեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայացուց նորընտիր Կեդրոնական Կոմիտէի մօտեցումներն ու ըմբռնումները։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց այցելութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայի աշխատանքներուն կապակցութեամբ, անդրադառնալով ազգային մեր բոլոր կառոյցներու համադրուած ու կենսունակ գործունէութեան ու շեշտելով յունահայութեան ազգային կեանքի աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի այցելութիւն Յունաստանի Առաջնորդ Սրբազան Հօր
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի այցելութիւն Յունաստանի Առաջնորդ Սրբազան Հօր
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի այցելութիւն Յունաստանի Առաջնորդ Սրբազան Հօր