­Յու­նա­հա­յու­թեան ազ­գա­յին-միու­թե­նա­կան կեան­քի գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րէն է ­Նոր ­Տա­րին դի­մա­ւո­րել Ա­մա­նո­րեայ գա­թա­յի բաշ­խու­մով, ըն­կե­րա­յին ջերմ հա­ւաք­նե­րու ըն­թաց­քին։
Ար­դէն երկ­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով, ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէն, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 8 ­Յու­նո­ւար 2020ի ե­րե­կո­յեան, իր նստա­վայ­րէն ներս հրա­ւի­րեց իր կա­ռոյց­նե­րը եւ ու­ղե­կից միու­թիւն­նե­րու Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն­նե­րը, որ­պէս­զի միաս­նա­բար կտրեն Ա­մա­նո­րեայ կար­կան­դա­կը, ու­րախ ու տօ­նա­կան մթնո­լոր­տի մէջ։
Ներ­կայ ե­ղան ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու մէջ գոր­ծող ըն­կեր­ներ, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ «­Հա­մազ­գա­յի­նի» ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն­նե­րու կազ­մե­րը, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան Ընդ­հա­նուր վա­րիչ մարմ­նոյ ան­դամ­նե­րը, ազ­գա­յին մեր վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը, Ա­թէն­քի շրջա­նի Հ.Յ.Դ. ե­րեք կո­մի­տէ­նե­րը, «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի պաշ­տօ­նը նա­խա­պէս վա­րած ըն­կեր­ներ։
Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան բա­րի գա­լուս­տի խօս­քով դի­մա­ւո­րեց հրա­ւի­րեալ­նե­րը եւ բա­րե­մաղ­թանք­ներ փո­խան­ցեց ­Նոր ­Տա­րո­ւան ա­ռի­թով։
Ան բա­ցատ­րեց որ սոյն հա­ւա­քի բնոյ­թը, իր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ու հա­մախմ­բո­ւա­ծու­թեամբ, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան լայն ըն­տա­նի­քին մէջ գոր­ծող կա­ռոյց­նե­րուն եւ միու­թիւն­նե­րուն ան­դամ­ներն ու աշ­խա­տանք­նե­րը՝ ի մի բե­րե­լու տա­րե­կան մեկ­նարկ մըն է, մեր ազ­գա­յին-միու­թե­նա­կան-կու­սակ­ցա­կան կեան­քը նոր հե­ռան­կար­նե­րու եւ նոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու առ­ջեւ զգօն ու յանձ­նա­ռու գտնո­ւե­լու տրա­մադ­րու­թեամբ։
Ընկ. ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը խօ­սե­ցաւ մեր գա­ղու­թի կազ­մա­կերպ կա­ռոյց­նե­րու եւ ա­նոնց վստա­հո­ւած դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին, որ­պէս­զի վճռա­կամ ու լա­ւա­տես չա­փո­րո­շիչ­նե­րով յա­ռա­ջա­նանք նոր տաս­նա­մեա­կին մէջ։
­Դի­տել տո­ւաւ թէ 2020ը Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 130ա­մեա­կը կը նշա­նա­ւո­րէ, յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րե­լով դաշ­նակ­ցա­կա­նա­վա­յել գոր­ծըն­թա­ցին վրայ։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ ­Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րի 100ա­մեա­կի կա­րե­ւոր թո­ւա­կա­նին, որ քա­ղա­քա­կան հիմ­քը կը կազ­մէ հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան։
2020ին կը լրա­նայ նաեւ «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թի 75ա­մեա­կը, շեշ­տը դնե­լով մեր օ­րա­թեր­թի կա­րե­ւոր այս հանգ­րո­ւա­նին։ ­Ներ­կա­յիս, Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին ա­մէն օր հրա­տա­րա­կո­ւող միակ հա­յե­րէն օ­րա­թերթն է «Ա­զատ Օր»ը, ո­րը, բա­ցի տպա­գիր տար­բե­րա­կէն, ար­դիա­կա­նա­ցած, ե­լեկտ­րո­նա­յին ձե­ւե­րով ալ կը տա­րա­ծո­ւի ըն­թեր­ցող­նե­րուն մօտ։ Օ­րա­թեր­թի հա­սա­նե­լիու­թիւ­նը դեռ ա­ւե­լի ընդ­լայ­նե­լու եւ իւ­րա­քան­չիւր հայ ըն­տա­նի­քի մօտ հասց­նե­լու գե­րա­գոյն ճի­գը, մեր բո­լո­րի ներդ­րու­մին կա­րի­քը ու­նի։
Ան յայտ­նեց, թէ հայ մա­մու­լի պաշտ­պա­նու­թեան ու յա­րա­տեւ­ման ճի­գը քա­ջա­լե­րե­լու եւ բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն ցոյց տա­լու հա­մար՝ ­Լի­բա­նա­նի ծանր տնտե­սա­կան ի­րա­վի­ճա­կէն խո­րա­պէս ազ­դո­ւած լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէն խորհր­դան­շա­կան գու­մար մը նո­ւի­րեց «Ազ­դակ» օ­րա­թեր­թին։ ­Նոյն­չափ կա­րե­ւոր եւ ա­ռաջ­նա­հերթ կը մնայ Ս­փիւռ­քի գա­ղութ­նե­րու հա­մախմ­բո­ւա­ծու­թեան բարձր մա­կար­դա­կը ան­խախտ պա­հե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քը։
Ընկ. ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի կա­պո­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ մեր գա­ղու­թին դի­մագ­րա­ւած հար­ցե­րուն, կա­րե­ւո­րե­լով յատ­կա­պէս մեր վար­ժա­րան­նե­րուն ու հայ ա­շա­կեր­տու­թեան պա­րա­գան, որ­պէս մեր գա­ղու­թի կե­նա­րար շուն­չը։
Ա­մա­նո­րի կար­կան­դա­կը կտրե­լու հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ե­րի­ցա­գոյն ըն­կեր՝ ընկ. ­Շա­հան ­Ֆա­րա­ճեան, ա­պա գա­թա­յի կտոր­նե­րը բաժ­նո­ւե­ցան ներ­կա­նե­րուն։
­Հեր­թա­բար խօսք ա­ռին բո­լոր կա­ռոյց­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, բա­րե­մաղ­թանք­ներ փո­խան­ցե­լով եւ ի­րենց ներդ­րու­մը բե­րե­լով հա­ւա­քին։
Յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն, ո­րուն ըն­թաց­քին մտեր­միկ զրոյց­ներ ծա­ւա­լե­ցան, հա­ւա­քին մաս­նա­կից ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րուն մի­ջեւ։