Արցախի 44-օրեայ պատերազմի աւարտի երկրորդ տարելիցին առիթով, Չորեքշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2022-ին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան Կեդր. վարչութեան կազմակերպութեամբ, երիտասարդներու խումբ մը լուռ բողոքի հաւաք մը կազմակերպեց Նէա Զմիռնիի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ, յաջորդաբար մեծ պաստառով մը անոնք շրջեցան քաղաքի կեդրոնական մասերը եւ զայն զետեղեցին կեդրոնական կամուրջներուն վրայ, ուրկէ մեծ թիւով քաղաքացիներ դիտեցին մեր երիտասարդներու բողոքի հաւաքը եւ իրազեկ դարձան Արցախի ճանաչման ու ինքնորոշման համար իրենց պահանջին։
Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ըսուած է.-
«9 Նոյեմբեր 2022։
Կը պահանջենք Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը։
Երկու տարի առաջ, կանգ առաւ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմը ընդդէմ Արցախի անկախ Հանրապետութեան, որ ծայր առաւ համավարակի ընթացքին, բացայայտօրէն նեցուկ ունենալով Թուրքիան, մասնակցութեամբ հազարաւոր վարձկաններու եւ միջազգային ընտանիքի անտարբեր կեցուածքին տակ։ 44 օրերու արիւնալի բախումներէ ետք, անհաւասար պատերազմը կանգ առաւ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ծանր համաձայնագիրի մը ստորագրումով։
Անցնող երկու տարուան ընթացքին, Ատրպէյճան ոչ միայն չի յարգեր զինադադարը, այլ ամէն օր կը խախտէ զայն, ու անտեսելով միջազգային օրէնքը, յարձակումներ կը գործէ այս անգամ միջազգայնօրէն ճանցնուած եւ հաստատուած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս։ Որքան միջազգային ընտանիքը լուռ կը մնայ, այնքան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութիւնը կը շարունակէ խորտակել ժողովրդավարւթեան, խաղաղութեան, մարդկային իրաւունքներու արժէքները։
Մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ մինչեւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ամբողջական վերականգնումը։ Կը պահանջենք Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը, ատրպէյճանական զօրքերու Հայաստանի տարածքներէն դուրս բերումը, ինչպէս նաեւ հայ ռազմագերիներու անմիջական վերադարձը, որոնք գերեվարուած կը մնան Ատրպէյճանի կողմէ։
Արցախը հայկական է ու պիտի մնայ հայկական»։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. Միութեան անդամներ բողոքեցին ատրպէյճանական յարձակողականութեան դէմ