­Տա­րեշր­ջա­նի մը բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան ա­ւար­տին, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւ­նը գու­մա­րեց իր 71րդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը, ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րը եւ վե­րա­նո­րո­գե­լու հա­մար ե­րի­տա­սար­դա­կան գոր­ծու­նէու­թեան փոր­ձա­դաշ­տը յու­նա­հայ գա­ղու­թէն ներս։
­Շա­բաթ՝ 12 եւ ­Կի­րա­կի` 13 ­Հոկ­տեմ­բեր 2019ին, ­Ֆիք­սի «Ա. ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բը ե­ղաւ ժա­մադ­րա­վայ­րը Ա­թէն­քէն եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն հա­մախմ­բուած ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն։ Այս­պէս, ­Ֆիք­սի «Դ­րօ», ­Գո­քի­նիոյ «­Փո­թո­րիկ» եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ զբա­ղե­ցան ­Միու­թեան ամ­բող­ջա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ար­ժե­ւո­րու­մով։
­Ժո­ղո­վին ներ­կայ ե­ղան Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան հար­ցե­րու պա­տաս­խա­նա­տու ընկ. ­Յա­րու­թիւն ­Սե­րո­բեան, ­Կո­մի­տէ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան Ընդհ. վա­րիչ մար­մի­նը եւ «Ա­զատ Օր»ը։
­Ժո­ղո­վի սկիզ­բին, Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ող­ջու­նեց 71րդ ­Պատգ. ժո­ղո­վի գու­մա­րու­մը եւ նշեց թէ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան հիմ­նա­սիւ­նը կը հան­դի­սա­նայ կազ­մա­կերպ ե­րի­տա­սար­դա­կան կա­ռոյ­ցը, որ­պէս ­Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման եւ ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րու ա­ռա­ջա­տար ար­տա­յայ­տի­չը։ Ան գնա­հա­տեց կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րը եւ մաղ­թեց, որ ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին կա­տա­րուե­լիք քննար­կում­նե­րը եւ ծրա­գիր­նե­րու մշա­կու­մը նոր ո­գի եւ խան­դա­վա­ռու­թիւն պի­տի փո­խան­ցեն ­Միու­թեան շար­քե­րէն ներս։ ­Յա­ջոր­դա­բար, ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան եւ խում­բե­րու բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, որ­մէ ի յայտ ե­կաւ, թէ ­Միու­թիւ­նը ծա­ւա­լեց լայն աշ­խա­տանք՝ յատ­կա­պէս ­Հայ դա­տի գոր­ծու­նէու­թեան առն­չու­թեամբ։
Ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ի­րա­գոր­ծում­ներ ե­ղան Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. ­Միու­թեան 72ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւն­նե­րու ­Մի­ջեւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­ժո­ղո­վը Ա­թէն­քի մէջ, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի, Անգ­լիոյ, ­Հո­լան­տա­յի, Ֆ­րան­սա­յի ­Պել­ժի­քա­յի, ­Շուէ­տի եւ ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. ­Միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րը։ ­Սոյն խորհր­դա­ժո­ղո­վը զու­գա­դի­պե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­մա­գա­ղու­թա­յին խորհր­դա­ժո­ղո­վին, որ այն եւս տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­թէն­քի մէջ, այս­պէս՝ եր­կու ժո­ղով­նե­րը ա­ռիթ ե­ղան, որ­պէս­զի ա­ւե­լի քան 200 ե­րի­տա­սարդ­ներ հա­մախմ­բո­ւին ազ­գա­յին օ­ճախ­նե­րէն ներս։ ­Միու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ նաեւ զա­նա­զան տե­սա­կի քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին բնոյ­թի լայն գոր­ծու­նէու­թիւն­ներ, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կոչ­ման ա­ռի­թով քա­ղա­քա­կան եւ ցու­ցա­կան ե­լոյթ­ներ, ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան միա­ւոր­նե­րու հետ յա­րա­բե­րա­կան եւ գոր­ծակ­ցա­կան աշ­խա­տանք­ներ, ար­շաւ­ներ եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան յա­տուկ շար­քեր։
­Ժո­ղո­վը կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշեց ան­ցեալ Օ­գոս­տո­սին 25 ե­րի­տա­սարդ­նե­րու այ­ցե­լու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ, որ հայ­րե­նի հո­ղին վրայ հա­մախմ­բու­մի եւ ո­գե­ւո­րու­թեան լա­ւա­գոյն ա­ռի­թը հան­դի­սա­ցաւ։ Ն­շու­մի ար­ժա­նի է, թէ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մեծ թիւ մը ա­մէն օր կը ստա­նայ «Ա­զատ Օր»ի ե­լեկտ­րո­նա­յին հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը, որ­պէս­զի ա­նոնք հա­ղորդ դառ­նան ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի ու հա­յու­թեան հետ կա­պո­ւած լու­րե­րուն եւ նիւ­թե­րուն։ ­Կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րու քննար­կում­նե­րէն ետք, ժո­ղո­վա­կան­նե­րը լայ­նօ­րէն զբա­ղե­ցան նոր տա­րեշր­ջա­նի գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ջարկ­նե­րու քննու­թեամբ։ ­Յատ­կան­շա­կան էր ըն­կեր­նե­րու լայն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը նո­րա­ձեւ ա­ռա­ջարկ­նե­րով, ո­րոնք շեշ­տա­ւո­րո­ւած էին ե­րի­տա­սար­դա­կան գոր­ծու­նէու­թեան նոր շունչ մը տա­լու ո­գիով եւ ընդգր­կե­ցին զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­ներ՝ յատ­կա­պէս քա­ղա­քա­կան, ­Հայ դա­տի, յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, ար­դի հա­մա­կարգ­չա­յին մի­ջոց­նե­րու օգ­տա­գործ­ման, ըն­կե­րա­կան ցան­ցե­րու մի­ջո­ցով քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ծա­ւալ­ման, յա­տուկ նիւ­թե­րու ընտ­րու­թեամբ կլոր սե­ղան­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեան եւ հայ լե­զո­ւի մշակ­ման զա­նա­զան մի­ջոց­նե­րու ա­ռա­ջարկ­նե­րով։ ­Յա­տուկ անդ­րա­դարձ ե­ղաւ ընդ­հան­րա­պէս հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ներգ­րա­ւե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին, կազ­մա­կերպ­չա­կան վե­րաշ­խու­ժաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն եւ ա­նոր ընդ­լայն­ման ձե­ւե­րուն մա­սին։
Ա­ւար­տին, ընտ­րո­ւե­ցաւ նոր ­Կեդր. վար­չու­թիւն բաղ­կա­ցած ըն­կեր­ներ Ար­ման Գ­րի­գո­րեա­նէ, ­Լո­ռի ­Գու­յում­ճեա­նէ, Ար­մէն ­Հայ­կի Ա­ճէ­մեա­նէ, Ար­մէն ­Յա­րու­թիւ­նի Ա­ճէ­մեա­նէ, Ա­լին Այ­վա­զեա­նէ, ­Վազ­գէն ­Սա­վու­լեա­նէ եւ ­Սա­թե­նիկ ­Սի­մո­նեա­նէ։ ­Պէտք է նշել թէ, ժո­ղո­վի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, զգա­լի էր հա­յե­րէն լե­զո­ւով ար­տա­յայ­տո­ւե­լու հրա­մա­յա­կա­նը, ե­րի­տա­սարդ ըն­կեր­նե­րու յան­դուգն մտքե­րու առ­կա­յու­թիւ­նը, հար­ցե­րը հա­մա­պար­փակ եւ բծախն­դիր կեր­պով քննե­լու հա­սու­նու­թիւ­նը։ Այս բո­լո­րը յատ­կա­նիշ­ներ են, ո­րոնք կը զար­գա­նան Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. ­Միու­թեան ժո­ղով­նե­րուն, հան­դի­պում­նե­րուն եւ ա­մէն տե­սա­կի գոր­ծու­նէու­թեան դաշ­տին մէջ։ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րու ար­տա­յայ­տի­չը ըլ­լա­լու ո­գե­ւո­րու­թեամբ եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը ան­գամ մը եւս վե­րա­նո­րո­գե­ցին ի­րենց ուխ­տը՝ ա­ռաջ­նոր­դող ուժ եւ ներշն­չու­մի աղ­բիւր ըլ­լա­լու հա­մար հայ նոր սե­րուն­դի կազ­մա­ւոր­ման ու­ղիին վրայ։