Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. Միութիւնը իր ձայնը միացնելով դաշնակցական երիտասարդական կազմակերպութիւններուն, Արցախի շրջափակման 100-րդ օրը հրապարակեց տեսանիւթ մը համացանցին վրայ, որուն վրայ մանրամասնօրէն կը ներկայացուին Ատրպէյճանի կողմէ Բերձորի շրջափակման հետեւանքները եւ միջազգային ընտանիքէն կը պահանջուի դատապարտել ատրպէյճանական արարքները։ Տեսանիւթը կարելի է դիտել https://www.facebook.com/ayfgr հասցէին վրայ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. միութեան քարոզչական քայլը Արցախի շրջափակման 100-րդ օրուան առնչութեամբ