Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. ­Միու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տեց իր ուխ­տը՝ Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի ու ­Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման բո­լո­րա­նո­ւէր պայ­քա­րին մէջ

­Շա­բաթ՝ 9 եւ ­Կի­րա­կի՝ 10 ­Հոկ­տեմ­բեր 2021-ին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան« կեդ­րո­նէն ներս գու­մա­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան 72-րդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը, ո­րուն ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւ­նը, ­Ֆիք­սի «Դ­րօ», ­Գո­քի­նիոյ «­Փո­թո­րիկ» եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բե­րու պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը, թի­ւով 25 ան­դամ­ներ։ ­Ժո­ղո­վին ներ­կայ ե­ղաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէին կող­մէ ընկ. ­Յա­րու­թիւն ­Սե­րո­բեան, որ իր խօս­քին մէջ շեշ­տեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի կա­ռոյ­ցի ան­վե­րա­պահ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը եւ խնամ­քը Ե­րիտ. ­Միու­թեան հան­դէպ, մատ­նան­շե­լով այն բո­լոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, ո­րոնք կանգ­նած են դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սար­դու­թեան առ­ջեւ։ ­Ժո­ղո­վը իր մեկ­նար­կին ընտ­րեց դի­ւան, ինչ­պէս նաեւ բա­նա­ձե­ւի եւ հա­շո­ւեքն­նիչ յանձ­նա­խում­բեր, ո­րոնք ժո­ղո­վի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան կա­տա­րե­ցին ի­րենց վստա­հո­ւած պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը։
­Նա­խա­պէս, կար­դա­ցո­ւե­ցաւ շրջա­նա­ւարտ ­Կեդր. վար­չու­թեան նիւ­թա­բա­րո­յա­կան տե­ղե­կա­գի­րը, ա­պա յա­ջոր­դե­ցին շրջան­նե­րու ամ­փոփ տե­ղա­կա­գի­րե­րը։
Անց­նող եր­կա­մեա­կը մե­ծա­պէս ազ­դո­ւե­ցաւ նախ հա­մա­վա­րա­կի ներ­կա­յու­թե­նէն, ա­պա Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ պատ­շա­ճե­ցաւ Ար­ցա­խի վեր­ջին պա­տե­րազ­մին հետ կապ ու­նե­ցող քա­րոզ­չա­կան, պա­հան­ջա­տի­րա­կան եւ ան­մի­ջա­կան օգ­նու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն։
Այն ամ­բողջ ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին, որ նա­խոր­դեց թա­գա­վա­րա­կի ե­րե­ւու­մին, Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ­Կեդր. ­Վար­չու­թիւ­նը կա­րո­ղա­ցաւ ի­րա­գոր­ծել բա­ւա­կան ծրա­գիր­ներ, ինչ­պէս նաեւ խում­բերն ալ ի­րենց կար­գին, շրջան­նե­րուն մէջ ծա­ւա­լե­ցին ժո­ղո­վա­կան եւ այլ տե­սա­կի գոր­ծու­նէու­թիւն։ Այդ մթնո­լոր­տին մէջ, ­Միու­թիւ­նը տօ­նա­կա­տա­րեց «Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի Օր»ը, իր շուրջ հա­մախմ­բե­լով ըն­կեր­ներն ու հա­մա­կիր զան­գո­ւած մը, ո­րուն ըն­թաց­քին նշո­ւե­ցաւ նաեւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան 130-ա­մեա­կը։
27 ­Սեպ­տեմ­բեր 2020-ի ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի մեկ­նար­կէն ետք, Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նը յա­ռաջ տա­րաւ նկա­տա­ռե­լի աշ­խա­տանք մը, հայ եւ յոյն հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ի­րա­զե­կե­լու հա­մար թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան առնչու­թեամբ։ Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցան բազ­մա­թիւ բո­ղո­քի ցոյ­ցեր, յու­շա­գիր յանձ­նո­ւե­ցաւ հել­լէն խորհր­դա­րա­նին, ­Միու­թիւ­նը մաս­նա­կից դար­ձաւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կան գրա­սե­նեա­կի բո­լոր ծրա­գիր­նե­րուն, իսկ հրա­դա­դա­րէն ետք, ամ­բող­ջու­թեամբ լծո­ւե­ցաւ Հ.Կ.­Խա­չի եւ Հ.Գ.­Խա­չի մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան հա­ւա­քին, ա­մէ­նօ­րեայ ներ­կա­յու­թիւն ըլ­լա­լով ա­կումբ­նե­րէն ներս, ուր տե­ղա­ւո­րո­ւե­ցաւ ու ծրա­րո­ւե­ցաւ բժշկա­կան սար­քե­րու եւ հա­գուս­տե­ղէ­նի ծա­ւա­լուն նո­ւի­րա­հա­ւա­քը։ Այս աշ­խա­տան­քի ամ­բող­ջա­ցու­մէն ետք, եր­կու ան­գա­մով, ­Միու­թեան ան­դամ­նե­րը մաս կազ­մե­ցին պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք օ­դա­յին ճամ­բով փո­խադ­րե­ցին եւ ­Հա­յաս­տա­նի Հ.Օ.Մ.-ի միա­ւո­րին յանձ­նե­ցին օգ­նու­թիւ­նը։
­Միու­թիւ­նը իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ապ­րի­լեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան առ­ցանց ե­լոյթ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ տա­րե­կան ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան։ 1983-էն ի վեր շա­րու­նա­կա­բար, այս ան­գամ եւս, իր յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցեց ­Լիզ­պո­նի հինգ անձ­նուէր քա­ջե­րու յի­շա­տա­կին։ ­Հա­կա­ռակ թա­գա­վա­րա­կի պատ­ճա­ռով կի­րար­կո­ւած սեղ­մում­նե­րուն, ­Միու­թիւ­նը գու­մա­րեց միջխմ­բա­յին առ­ցանց ժո­ղով­ներ, ո­րոնց ընց­թա­քին քննո­ւե­ցան քա­ղա­քա­կան եւ ­Հայ դա­տի պա­րու­նա­կու­թեամբ օ­րա­կար­գեր, իսկ մաս­նա­կից ե­ղան նաեւ Ե­րի­տա­սար­դա­կան գրա­սե­նեա­կի հա­մաե­րի­տա­սար­դա­կան առ­ցանց ժո­ղով­նե­րուն եւ քննար­կում­նե­րուն։
­Յատ­կան­շա­կան է, որ անց­նող տա­րեշր­ջա­նին եւս, ­Միու­թեան բո­լոր ան­դամ­նե­րը ա­մէ­նօ­րեայ յա­ճա­խա­կա­նու­թեամբ ստա­ցան «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թը եւ հե­տե­ւե­ցան հայ կեան­քի ու մա­նա­ւանդ՝ Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մի բո­լոր զար­գա­ցում­նե­րուն։
­Թա­գա­վա­րա­կի ար­գի­լում­նե­րու վե­րա­ցում­նե­րէն օգ­տո­ւե­լով, ­Միու­թեան ան­դամ­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան նաեւ կազ­մա­կեր­պե­լու ըն­կե­րա­յին կեան­քի հա­ւաք­ներ եւ պա­րա­հա­ւա­քոյթ­ներ։
­Ժո­ղո­վը, նկա­տի ու­նե­նա­լով եր­կա­մեա­կի ի­րադ­րու­թիւ­նը, թա­գա­վա­րա­կի պայ­ման­նե­րը, բայց նաեւ մեր կազ­մա­կերպ միա­ւոր­նե­րու աշ­խա­տան­քը ար­ցա­խեան հիմ­նա­հար­ցին կա­պակ­ցու­թեամբ, գնա­հա­տե­լի գտաւ կա­տա­րո­ւած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ հա­մա­պա­տաս­խան նիշ ար­ձա­նագ­րեց կա­րե­ւոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն հա­մար, միա­ժա­մա­նակ մատ­նան­շեց ու քննար­կու­մի ա­ռար­կայ դար­ձուց բաց­թո­ղում­նե­րը։
­Ժո­ղո­վի երկ­րորդ օ­րը, մաս­նա­կից­նե­րը մէկ առ մէկ քննե­ցին կազ­մա­կերպ­չա­կան, դաս­տիա­րակ­չա­կան, ­Հայ դա­տի, քա­րոզ­չա­կան, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ներգ­րաւ­ման եւ տնտե­սա­կան օ­րա­կար­գե­րը, յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն դնե­լով, թա­գա­վա­րա­կի սեղ­մում­նե­րու աս­տի­ճա­նա­կան վե­րա­ցու­մին ա­ռըն­թեր՝ կազ­մա­կերպ­չա­կան հզօ­րաց­ման հրա­մա­յա­կա­նին վրայ։ ­Մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը յանձ­նա­ռու ե­ղան վե­րաժ­խու­ժաց­նել ի­րենց ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ա­կումբ­նե­րէն ներս, զարկ տա­լով ակմբա­յին կեան­քի ծաղ­կու­մին։
Ն­ման ժո­ղով­նե­րու օ­րա­կար­գի գլխա­ւոր նիւ­թը կը հան­դի­սա­նայ ­Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ո­րուն հա­մար լայն աս­պա­րէզ կը բա­ցուի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միա­ւոր­նե­րուն առ­ջեւ։ ­Քա­րոզ­չա­կան եւ ցու­ցա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն կող­քին, մաս­նակ­ցող ժո­ղո­վա­կան­նե­րը շրջա­գի­ծի մէջ ա­ռին քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան միտ­քը վե­րա­հա­սու դարձ­նե­լու պա­հան­ջը, ինչ­պէս նաեւ քա­րոզ­չա­կան ու քա­ղա­քա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը՝ Ար­ցա­խի հար­ցը հե­տապն­դե­լու ուղ­ղու­թեան վրայ։
­Ժո­ղո­վը իր ա­ւար­տին ընտ­րեց նոր ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւն բաղ­կա­ցած հե­տե­ւեալ ըն­կեր­նե­րէն՝ Ա­ճէ­մեան Ար­մէն, ­Գու­յում­ճեան ­Լո­ռի, Ե­զէ­կիէ­լեան ­Վի­գէն, ­Մա­նու­կեան Ե­րո­ւանդ, ­Սա­մո­ւէ­լեան ­Սա­մո­ւէլ, ­Սա­վու­լեան ­Վազ­գէն եւ ­Սի­մո­նեան ­Սա­թե­նիկ ։
Հ.Յ.Դ. քայ­լեր­գի միա­բե­րան եր­գե­ցո­ղու­թեամբ ժո­ղո­վը իր եր­կօ­րեայ աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ւար­տին հա­սաւ ­Կի­րա­կի ե­րե­կո­յեան։