­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կո­չում­նե­րու ծրա­գիր­նե­րուն մէջ, եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր յա­տուկ տեղ եւ նշա­նա­կու­թիւն կը գրա­ւէ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ծա­ւա­լուն կրպա­կը, որ ա­մէն տա­րո­ւան նման կը կանգ­նի ­Սին­տաղ­մա­յի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ։ ­Քա­նի մը օ­րո­ւան տե­ւո­ղու­թեամբ, բազ­մա­թիւ ան­ցորդ­ներ, յոյն եւ օ­տար ժո­ղո­վուրդ կանգ կ­՚առ­նեն կրպա­կին առ­ջեւ եւ ա­ռի­թը կ­՚ու­նե­նան ի­րա­զեկ դառ­նա­լու ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քին մա­սին, քննե­լով ու կար­դա­լով տե­ղադ­րո­ւած պաս­տառ­նե­րը, պատ­կեր­ներն ու տե­ղե­կա­տո­ւա­կան գրու­թիւն­նե­րը։ ­Տեղ գտած նիւ­թե­րը կը պար­փա­կեն նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան, հե­րո­սա­կան շրջան­նե­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան, Ար­ցա­խի հե­րո­սա­կան նո­ւա­ճում­նե­րուն, 44-օ­րեայ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան եւ Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման շուրջ հա­մա­ռօտ տե­ղե­կու­թիւն­ներ։
Կր­պա­կին շուրջ կանգ­նած են յա­տուկ պաս­տառ­ներ, ո­րոնք ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ թրքա­կան յա­ջոր­դա­կան ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցեն։
­Յատ­կան­շա­կան են նաեւ մեծ թի­ւով հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը յու­նա­րէն լե­զո­ւով, ո­րոնք կ­՚անդ­րա­դառ­նան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րուն։ Ա­նոնք կող­քին կը տրա­մադ­րո­ւին նաեւ յու­շա­նո­ւէր­ներ հայ­կա­կան նիւ­թե­րով։ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, կրպա­կը իր շուրջ կը բո­լո­րէ մեր կազ­մա­կերպ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, ո­րոնց պա­հան­ջա­տի­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն գլխա­ւոր բա­ժի­նը կը նկա­տո­ւի սոյն նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը։ ­Ժո­ղո­վուր­դի հե­տաքրքրու­թիւ­նը եւ զօ­րակ­ցա­կան կե­ցո­ւած­քը կը հաս­տա­տէ նաեւ այս ձե­ւա­չա­փի տե­ղե­կա­տո­ւա­կան կա­րե­ւոր ծրա­գի­րի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը։