22 եւ 23 ­Հոկ­տեմ­բեր 2022-ին, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հը դար­ձաւ հա­ւա­քա­վայ­րը Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն, ո­րոնք գու­մա­րե­ցին ի­րենց 73-րդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը, լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով տա­րո­ւան մը ըն­թաց­քին ի­րա­գոր­ծո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րը եւ քննու­թեան ա­ռար­կայ դարձ­նե­լով նոր տա­րեշր­ջա­նի ծրա­գիր­նե­րը։
Եր­կօ­րեայ ի­րենց տե­ւո­ղու­թեամբ, գա­ղու­թիս դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կերպ ե­րի­տա­սար­դու­թեան այս հա­մախմ­բում­նե­րը գլխա­ւոր ա­ռիթ­նե­րը կը հան­դի­սա­նան, մէկ կող­մէն քննար­կե­լու եւ ար­ժե­ւո­րե­լու ե­րի­տա­սար­դա­կան նո­ւա­ճում­նե­րը, միւս կող­մէն ա­ւե­լի ամ­րապն­դե­լու հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու կառ­չու­մը ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի հիմ­նախն­դիր­նե­րուն, ­Հայ դա­տի հե­տապնդման աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան, դաս­տիա­րակ­չա­կան, քա­րոզ­չա­կան եւ յա­րա­բե­րա­կան ո­լորտ­նե­րուն մէջ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րու հօ­րի­զոն­նե­րը ընդ­լայ­նե­լու ակն­կա­լու­մով։
­Ֆիք­սի «Դ­րօ», ­Գո­քի­նիոյ «­Փո­թո­րիկ» եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բե­րու պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի մօտ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին, Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան Ընդհ. վա­րիչ մարմ­նոյ, ­Պա­տա­նե­կա­նի Ա­թէն­քի խում­բե­րու հրա­ւի­րեալ եր­կու ան­դամ­նե­րու, Հ.Յ.Դ. կո­մի­տէ­նե­րուն, «Ա­զատ Օր»-ի եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ ժո­ղո­վը իր աշ­խա­տանք­նե­րը սկսաւ ­Շա­բաթ, 22 ­Հոկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան։
Մ­նա­յուն դի­ւան ընտ­րո­ւե­ցան ըն­կեր­ներ ­Սե­ւակ ­Գա­զա­րեան, ­Վահ­րամ ­Ման­կո­յեան, ­Ժան­նա ­Յով­սէ­փեան եւ Ա­նա­յիս ­Բար­սե­ղեան, ո­րոնք ձեռն­հա­սօ­րէն վա­րե­ցին ժո­ղո­վի ըն­թաց­քը։
Ա­ռա­ջին նիս­տի սկիզ­բին, մաս­նակ­ցող կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը հան­դէս ե­կան ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով, ո­րոնք շնոր­հա­ւո­րե­ցին ­Միու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ յոր­դո­րե­ցին մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ա­ռա­ւել թա­փով ի­րենց ու­շադ­րու­թիւ­նը սե­ւե­ռեն ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի վրայ, միա­ժա­մա­նակ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռանց­քը դառձնեն գա­ղու­թի ե­րի­տա­սար­դու­թեան ներգրա­ւու­մը։
­Բա­նա­ձե­ւի եւ հա­շո­ւէքն­նիչ յանձ­նա­խում­բե­րու ընտ­րու­թե­նէն ետք, տե­ղի ու­նե­ցաւ շրջա­նա­ւարտ ­Կեդր. վար­չու­թեան եւ խում­բե­րու տե­ղե­կա­գիր­նե­րու ըն­թեր­ցու­մը, որ­մէ ի յայտ ե­կաւ թէ, հա­կա­ռակ ստեղ­ծուած դժուա­րու­թիւն­նե­րուն եւ մա­սամբ հա­մա­վա­րա­կի տա­րա­ծու­թեան, միու­թիւ­նը իր 207 ան­դամ­նե­րով ու­նե­ցած է լայն գոր­ծու­նէու­թիւն զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ։ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ ­Կեդր. վար­չու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը դար­ձաւ միու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն աշ­խա­տան­քի դաշ­տը։ Ու­շագ­րաւ էին ցու­ցա­կան եւ քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնք ուղ­ղո­ւած էին յոյն ժո­ղո­վուր­դին, ի­րա­զե­կե­լու հա­մար ­Կով­կա­սեան տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ տի­րող կա­ցու­թեան մա­սին եւ բա­ցա­յայ­տե­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան բո­լոր ե­րես­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ինք­նիշ­խա­նու­թեան հան­դէպ։
­Ժո­ղո­վա­կան կեան­քը եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րը եւս քննար­կու­մի եւ խօ­սակ­ցու­թեան ա­ռիթ­ներ ստեղ­ծե­ցին, մատ­նանշե­լով այն բաց­թո­ղում­նե­րը, ո­րոնք ար­ձա­նագրո­ւե­ցան անց­նող տա­րեշրջա­նի ըն­թաց­քին։
­Յա­ջոր­դա­բար, լսո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան Ընդհ. վա­րիչ մարմ­նոյ տե­ղե­կա­գի­րը, որ ներ­կա­յա­ցուց Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ե­րեք խում­բե­րու տա­րե­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։
­Պա­տա­նե­կա­նը իր տա­րեշր­ջա­նը բո­լո­րեց 124 ան­դամ­նե­րով, ո­րոնք ա­մէն շա­բաթ կ­՚ու­նե­նան ի­րենց ան­դա­մա­կան ժո­ղով­նե­րը եւ կը զբա­ղին դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րով, մտա­յին զար­գա­ցու­մի եւ այլ տե­սա­կի խա­ղե­րով, դաս­տիա­րակ­չա­կան պտոյտ­նե­րով, ար­շաւ­նե­րով եւ ըն­կե­րա­յին հա­ւաք­նե­րով։
­Միու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը իր գա­գաթ­նա­կէ­տին կը հաս­նի ա­մառ­նա­յին բա­նա­կու­մի կազ­մա­կեր­պու­մով, որ այս տա­րի ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ Թ­րի­փո­լիի մօտ գտնո­ւող ծո­վե­զե­րեայ բա­նա­կա­վայ­րի մը մէջ, մաս­նակ­ցու­թեամբ մօտ 90 պա­տա­նի­նե­րու եւ վա­րիչ­նե­րու։ ­Նաեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ հրա­պա­րա­կա­յին ե­րե­կոյ ծնող­նե­րու եւ այ­ցե­լու­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, ո­րուն ըն­թաց­քին գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր եւ յա­ջոր­դեց խրախ­ճանք։
­Ժո­ղո­վի երկ­րորդ օ­րո­ւան ըն­թաց­քին, մաս­նակ­ցող պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը լայ­նօ­րէն քննար­կե­ցին նոր տա­րեշր­ջա­նի գոր­ծու­նէու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, անդ­րա­դառ­նա­լով այն բո­լոր ա­ռա­ջարկ­նե­րուն, ո­րոնք ե­կած էին խում­բե­րու ընդ­հա­նուր ժո­ղով­նե­րէն։ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ի­րա­վի­ճա­կի քննար­կու­մը, հայ դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան կազ­մա­կեր­պու­մը, խում­բե­րը ա­ւե­լի աշ­խու­ժաց­նե­լու պա­հան­ջը, հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մօտ դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի ազ­գա­յին եւ գա­ղա­փա­րա­կան աշ­խար­հը բա­նա­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ընդ­լայ­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն մէջ ա­ւե­լի գոր­ծուն դառ­նա­լու հրա­մա­յա­կա­նը, ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ե­րի­տա­սար­դու­թեան հետ շփո­ւե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը դար­ձան մաս­նա­կից պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու զրոյց­նե­րուն եւ վեր­լու­ծում­նե­րուն կի­զա­կէ­տը։
Երկ­րորդ օ­րո­ւան մէջ, ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան տե­սա­կա­պով զրու­ցե­լու Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կան գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ ընկ. Ար­շակ ­Մես­րո­պեա­նի եւ ընկ.հի ­Ցո­ղիկ Ա­շը­գեա­նի հետ։ Եր­կու ըն­կեր­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին հա­մա­հայ­կա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան ծրա­գիր­նե­րը եւ յատ­կա­պէս ­Սիւ­նի­քի մէջ ծա­ւա­լած աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնք կը մի­տին հայ­րե­նի ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կառ­չած պա­հել ի­րենց ապ­րած վայ­րին եւ ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան յա­ռաջ­դի­մու­թեան ա­ռիթ­ներ ստեղ­ծել նոր սե­րուն­դին մօտ, միշտ ի մտի ու­նե­նա­լով ազ­գա­յին հզօ­րա­ցու­մի հրա­մա­յա­կա­նը։
­Նաեւ Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.ի ան­դամ ընկ. ­Յա­րութ Ս­պար­թա­լեան լայ­նօ­րէն զե­կու­ցեց ­Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ հե­տա­գայ ծրա­գիր­նե­րուն մա­սին:
­Պէտք է նշել, թէ հա­կա­ռակ տի­րող կեան­քի պայ­ման­նե­րուն, հայ­րե­նի­քէն հե­ռու՝ այ­լա­սե­րիչ մթնո­լոր­տի մէջ հա­սակ նե­տող սե­րունդ­նե­րուն, բո­լոր պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու հա­յա­խօ­սու­թեան ջան­քե­րը գնա­հա­տե­լի էին, ցոյց տա­լով, թէ կազ­մա­կերպ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու մէջ, ուր կը տի­րէ ազ­գա­յին եւ գա­ղա­փա­րա­կան ջերմ մթնո­լորտ, հայ ե­րի­տա­սար­դի հո­գեմ­տա­յին աշ­խար­հին վրայ ազ­դող ներ­գոր­ծու­թիւ­նը իր դրա­կան եւ խրա­խու­սիչ ար­դիւն­քը կու տայ, նպա­տակ ու­նե­նա­լով կազ­մա­ւո­րել ամ­բող­ջա­կան գի­տակ­ցու­թեամբ եւ գա­ղու­թին ու ­Հայ դա­տին ծա­ռա­յե­լու նո­ւի­րեալ հա­յոր­դի­ներ։
­Ժո­ղո­վը իր ա­ւար­տին ընտ­րեց նոր ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւն, որ իր կար­գին կազ­մեց դի­ւան հե­տե­ւեալ կեր­պով.- Ե­րո­ւանդ ­Մա­նու­կեան՝ ա­տե­նա­պետ, ­Սու­լա ­Պար­տաք­ճեան՝ քար­տու­ղար, Ար­մէն ­Չա­քա­լեան՝ գան­ձա­պահ եւ խորհր­դա­կան­ներ՝ ­Վահ­րամ ­Ման­կո­յեան, Օն­նիկ ­Պետ­րո­սեան, Ա­րամ ­Պետ­րո­սեան եւ Ան­նա-­Մա­րիա Ա­լեք­սա­նեան։
Իր եզ­րա­փա­կիչ խօս­քին մէջ, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Տիգ­րան ­Չի­չէ­քեան շնոր­հա­ւո­րեց ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը ի­րենց ու­նե­ցած շի­նիչ ներ­կա­յու­թեան հա­մար, մատ­նան­շեց մշա­կո­ւած բո­լոր ա­ռա­ջարկ­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, նշե­լով Հ.Յ.Դ. հիմ­նա­դիր­նե­րէն՝ Ս. ­Զա­ւա­րեա­նի նշա­նա­ւոր պատ­գա­մը, թէ «­Խօս­քը ա­ռանց գոր­ծի մե­ռեալ է»։ Ան բա­րի յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց նո­րըն­տիր ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ու հա­ւաս­տիա­ցուց, թէ Հ.Յ.Դ. պա­տաս­խա­նա­տու մար­մի­նը պի­տի գտնո­ւի ե­րի­տա­սար­դու­թեան կող­քին, սա­տա­րե­լով ա­մէն տե­սա­կի ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­գործ­ման։
­Ժո­ղո­վը վերջ գտաւ «Մ­շակ, բա­նուոր» քայ­լեր­գի միա­բե­րան եր­գե­ցո­ղու­թեամբ։