Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական
միութիւնը նշեց իր «Օր»ը
Մեր երիտասարդները եւ պատանիները դաշնակցականօրէն
վերանորոգեցին իրենց ուխտը հայ ժողովուրդի արդար
Դատի հետապնդման ուղիին վրայ
Շաբաթ՝ 8 Փետրուար 2020ին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութիւնը՝ իր կողքին ունենալով Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան կազմերը, միասնաբար արժանաւորապէս նշեցին իրենց «Օր»ը եւ Միութեան հիմնադրութեան 72րդ տարեդարձը։
Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահները կանուխէն ողողուած էին երիտասարդներով եւ պատանիներով, անոնց կողքին՝ ծնողներով, ընկերներով եւ համակիրներով, որոնք անգամ մը եւս ընդառաջեցին Հ.Յ.Դ. Յ.Ե.Մ.ի հրաւէրին եւ ներկայ եղան՝ տօնելու համար մեր երիտասարդներու բացառիկ եւ հարազատ Օրը։
Ելոյթը յատկանշուեցաւ իր խանդավառ մթնոլորտով, երիտասարդներու եւ պատանիներու համարձակ խօսքերով եւ երգերով, Պատանեկան միութեան անդամներու երգերով, որոնց ընթացքին ազգային շունչը, դաշնակցական ոգին եւ երիտասարդական խանդը տիրապետեցին եւ ոգեւորեցին բոլոր ներկաները։ Երիտասարդութեան տօնը իրենց ներկայութեամբ յարգեցին Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, իր կողքին ունենանով Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեանը եւ անդամները, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սերգօ Գույումճեան եւ անդամները, շրջաններու Հ.Յ.Դ. կազմերու կոմիտէները եւ ընկերները, Հ.Կ.Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Համազգայինի Շրջ. վարչութեանց անդամները։
Սրահը զարդարուած էր պատշաճ կերպով երիտասարդներուն կողմէ եւ կու տար տօնական օրուան խորհուրդը, իսկ մուտքին՝ մեր երիտասարդները յղացած էին գեղեցիկ գաղափարը տեսագրելու Երիտասարդական միութեան շարքերէն անցած հին ընկերները, որոնց մէջ նաեւ՝ այժմու անդամներու ծնողներուն խօսքերը։ Ամէն մէկը կը յայտնէր իր յիշատակի ապրումները անցեալի օրերէն, վերյիշելով յատկանշական դրուագներ եւ իրագործումներ այն ժամանակներէն, երբ անոնք անդամակցած էին Միութեան։
Տօնական երեկոյին բացումը կատարեց ընկ. Արմէն Աճէմեան, որ բարի գալստեան խօսքէն ետք նշեց, թէ անգամ մը եւս ժողովուրդի խուռներամ միախմբումը, ցոյց կու տայ այն հաւատքը եւ սէրը Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան հանդէպ, որ աւելի քան 70 տարիներ սերունդներ հասցուց հայ ժողովուրդի գոյապայքարի ճամբուն վրայ։
Յաջորդաբար, բեմ հրաւիրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, փոխանցելու համար շրջանի պատասխանատու մարմինի խօսքը։ Ընկերուհիին խօսքը կը հրատարակենք առանձին։ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. Միութեան Կեդրոնական վարչութեան խօսքը ուղղեց ընկ. Արման Գրիգորեան, որուն խօսքը եւս առանձին կը ներկայացնենք։
Յայտագիրի ընթացքին ցուցադրուեցան երկու տեսաերիզներ, առաջինը՝ կ՚ընդգրկէր Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան 70ամեայ գործունէութենէն նկարներ եւ տեսանիւթեր, իսկ երկրորդը՝ անցեալ ամառ դէպի Հայաստան ու Արցախ այցելութեան տեսարաններ։ Առաջին ներկայացումը ներկաներու յիշողութեան աշխարհը արթնցուց՝ անցեալի յուզումներու եւ երիտասարդական պայքարներու ցոլացումով, իսկ Հայաստան ու Արցախ ուղեւորութիւնը հայ հողին վրայ զգացած ոգեւորութեան պատկերը փոխանցեց։
Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան անդամներէն կազմուած երգչախումբը, ուսուցութեամբ ընկ. Յարութիւն Սպարթալեանի, ներկայացուցին ազգային եւ յեղափոխական երգեր, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով ներկաներուն մօտ։
Իր խօսքը ուղղելու համար հրաւիրուեցաւ թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ նախ շնորհաւորեց մեր երիտասարդները իրենց «Օր»ուան համար, ապա շեշտեց, թէ սրահէն ներս կը տեսնէ սերունդներու շարունակութիւնը՝ երեց ընկերներէն, որոնք իրենց ատենին գործեցին միութեան շարքերէն ներս, մինչեւ նոր սերունդը, որ կը շեշտէ՝ «ներկայ եմ»։ Սրբազան հայրը յայտնեց թէ այսօրուան հաւաքը յատկանշականօրէն դաշնակցական երիտասարդութեան հաւաքն է, որ համախմբած է երիտասարդներ, որոնք կը շնչեն ու կը գործեն հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդման ոգիով։ Ան շեշտաւորեց Հ.Յ.Դ. երիտասարդութեան դերը հայ ժողովուրդի պայքարին մէջ, ընդգծելով թէ անիկա երիտասարդական արժէքներու համակարգին դերակատարն է, որ կը գործէ 130ամեայ վաստակ ունեցող Դաշնակցութեան մէջ։ Եզրափակեց ըսելով, թէ ժամանակները փոխուած են, բայց նուիրումի եւ պայքարի պայմանները կը մնան անփոփոխ, մինչեւ վերջնական յաղթանակի պսակումը։
Յայտագիրը շարունակուեցաւ երիտասարդականի անդամներուն կողմէ կազմուած նուագախումբի յայտագիրով։ Ընկերներ Երուանդ Մանուկեան դաշնամուրի վրայ եւ ընկերներ Սերգօ Սամուէլեան, Իլիաս Լազարեան եւ Վիգէն Փարդամեան կիթառի ընկերակցութեամբ, ինչպէս նաեւ ընկ. Թամար Պարսամեան իր յատկանշական անուշ եւ ոգեւորիչ ձայնով նուագեցին եւ երգեցին ազգային եւ յեղափոխական երգեր։ Ներկաները ձայնակցեցան նուագախումբին եւ միասնաբար երգեցին, ստեղծելով խանդավառութեամբ լեցուն մթնոլորտ մը, որ տեւեց մինչեւ առաւօտեան ժամերը։
Նոյնիսկ ուշ ժամերուն, մեր երիտասարդները հաւաքուեցան նուագախումբին շուրջ եւ մթնոլորտը ջերմացուցին հայկական երգերով։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան «Օր»ուայ խանդավառ նշումը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ հայ գաղափարական երիտասարդութիւնը մեր պայքարի յառաջապահն է, իսկ անիկա յունահայ գաղութի ամենէն կենսունակ մասնիկն է, որ տասնեակ տարիներ կը շարունակէ ներշնչել նոր սերունդները, միշտ մնալով պայքարի առաջին շարքերուն վրայ, ազգակերտումի եւ հայակերտումի նուիրական գործին մէջ։
Վարձքը կատար՝ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւններու անդամներուն, ելոյթի յաջող կազմակերպման եւ պսակումին համար։
Երիտասարդակի «Օր»ուան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի
Կեդր. կոմիտէի խօսքը՝ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի կողմէ
Հաւանաբար շատերու ծանօթ չէ, թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական միութիւնը կը գործէ 18 երկիրներու մէջ, նոյնպէս Յունաստանի մէջ՝ Աթէնք եւ Թեսաղոնիկէ, որպէս հիմնական նպատակ ունենալով համախմբել հայ երիտասարդութիւնը Սփիւռքի պայմաններուն մէջ, դաստիարակել ու պատրաստել Հայ դատի պայքարին մասնակից ու յանձնառու երիտասարդութիւն։
Հայ նոր սերունդներու առողջ ազգային դաստիարակութիւնը, ապագային սատարող ամէնէն նուիրական աշխատանքն է, եւ այդ մօտեցումով ալ, այս գործին մէջ ներգրաւուած են մեր գաղութէն շատերը, մօտը գտնուելով երիտասարդութեան, անկէ ներշնչուելով ու ներշնչելով։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութիւնը ստեղծուած է Դաշնակցութեան կողմէ, երիտասարդութեան նկատմամբ ունեցած վստահութեան իբրեւ դրսեւորում՝ այն ապահովութեամբ, որ այդ երիտասարդութիւնը մեր ազգի յանձնառու եւ ուժական այն գործօնն է, որ արիւն եւ թթուածին կուտայ նոյնինքն կուսակցութեան։
Եւ կուսակցութիւն — երիտասարդական կապը՝ փոխադարձ է։ Մեր երիտասարդ ընկերներուն վրայ կը գուրգուրանք, բայց նաեւ իրենցմով կը երիտասարդականանք, կը պարծենանք իրենց յաջողութիւններով, կը հպարտանանք անոնց նախաձեռնութիւններով։
Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութիւնը 72 տարուայ աշխուժ գործունէութեան աւանդ ունի մեր գաղութէն ներս։
Պատերազմին աւարտէն ետք աշխուժօրէն վերակազմուած եւ Յունաստանի 7 տարբեր շրջաններու ու կղզիներու մէջ աշխատանք ծաւալած միութիւնը, իր շարքերուն մէջ համախմբեց իրերայաջորդ երիտասարդ սերունդներ, որ ազգային-քաղաքական բոլոր ճակատներուն վրայ գործեցին։ Մեր բոլորին ամէնասիրելի միութիւնն է Երիտասարդական Միութիւնը, նախ որովհետեւ մենք բոլորս անցած ենք այդ շարքերէն, հոն թրծուելով ու հասուննալով, հայութեան արդար դատին ծառայելու պատրաստակամութեամբ։
Հ.Յ.Դ. Պատանեկան ու Երիտասարդական միութիւնները կը շարունակեն մնալ այն վայրը, ուր հայ երիտասարդութիւնը կը համախմբուի, իր ազգային արմատներուն միանալու եւ հայ դատի աշխատանքներուն մասնակից ըլլալու ազնիւ առաքելութեամբ։
Դաստիարակչական ներքին աշխատանք՝ իր շարքերու զարգացման համար, հրապարակային եւ ներքին ձեռնարկներ, բանակումներ, այցելութիւններ Հայաստան եւ Արցախ, հրատարակչական աշխատանքներ, խորհրդաժողովներ, սեմինարներ, քարոզչական նախաձեռնութիւններ, պտոյտներ, ընկերային հաւաքոյթներ։ Մեր երիտասարդ ընկերները շուտով կը սորվին պատասխանատուութիւն վերցնելու դժուար գործը։ 18-20 տարեկան Պատանեկանի վարիչը ինքզինք կը տեսնէ գուրգուրացող, բայց խիստ հսկիչի մը դերին մէջ, որ կարգապահութիւն պիտի սորվեցնէ պատանիին, բայց ինք եւս պիտի սորվի վստահիլ իր ուժերուն։ Օրակարգը պատրաստելու եւ իր ընկերներուն հետ զրուցելու համար 20ամեայ երիտասարդ վարչական ընկերը, պէտք է նախ ինքը սերտէ, ուսումնասիրէ նիւթերը, ապա հրամցնէ իր տարեկիցներուն, հոն իր անձնական կարծիքն ալ ձեւաւորելով ու դրսեւորելով։ Ցուցական աշխատանքին մասնակցող 20-30 տարեկան երիտասարդը, գիտէ որ իր ուժերուն վստահող խումբ մը կայ, ուր անհատական ճիգը, բայց համախումբ գործն է, որ պիտի երաշխաւորէ յաջողութիւնը։
Այսօր կը տօնենք Երիտասարդականի օրը, իրարմով ուրախանալու, բայց ոչ միայն գովասանքի խօսքեր ուղղելու նպատակով, այլ ապագային համար պատրաստուելու նախանձախնդրութեամբ։
Կուսակցութիւնը, մեր գաղութը, մեր հայրենիքն ու մեր ժողովուրդը, այնքա՜ն շատ պահանջներ ունին հայ երիտասարդութենէն։ Ինչո՞ւ։
Անմիջապէս պատասխանելով այս հարցումին ըսեմ, որ պահանջներ ունինք մեր երիտասարդութենէն, որովհետեւ դատ ունեցող ժողովուրդ ենք։ Որպէս ժողովուրդ, մեր բոլոր ընկերային-քաղաքական հարցերուն կողքին, մենք մանկութենէն կը սորվինք թէ ազգային դատ հետապնդող ժողովուրդ ենք։ Եւ պզտիկուց կը սորվինք թէ մեր ժողովուրդի, հայ ժողովուրդի գոյատեւումն ու մարտունակութիւնը ուղղակիօրէն առընչուած են երիտասարդութեան ունեցած քաղաքականացած առողջ միտքէն:
Կը կարծենք որ դիւրի՞ն պարտականութիւն մըն է այս մէկը երիտասարդներու ուսերուն։ Այն ուսերուն որ արդէն ունին իրենց տարիքի հարցերը դիմագրաւելու խնդիրներ։
Շատ անգամներ հաստատած ենք, թէ հայ երիտասարդութեան մեծ զանգուած մը կայ, որ ինչ-ինչ պատճառներով հեռու կը մնայ մեր ազգային կազմակերպուած կեանքէն եւ հայկական հաւաքականութենէն:
Իւրաքանչիւր անգամ որ երիտասարդական տարիքի ուղղուած ձեռնարկներու, ժողովներու կամ ընկերային հաւաքներու կը հանդիպինք, կը տեսնենք մաս մը այդ երիտասարդութենէն, որը սակայն իր ամբողջութեան մէջ սովորաբար աներեւոյթ կը մնայ, իր անձնական հետաքրքրութիւններով կլանուած ըլլալով:
Ու մենք կը տագնապինք, գիտնալով թէ իւրաքանչիւր հայ տղայ կամ աղջիկ կարեւոր ուժ է հայկական մեր հաւաքականութեան համար: Կը տառապինք նոր ձեւեր միշտ որոնելով, որպէսզի այդ տղաքն ալ մօտեցնենք, վախնալով թէ ուծացման վտանգը անոնց դուռը կրնայ զարնել…
Մեր մեծագոյն բախտաւորութիւնն այն է, որ այսօր Սփիւռքի մէջ, Հայ դատի մարզը, մեր երիտասարդութիւնը հետաքրքրող ամէնէն լայն մարզն է։ Կը մօտենաս երիտասարդի մը, որ հայութեան հետ շատ քիչ առընչութիւն կրնայ ունենալ, բայց կը տեսնես, որ կը հետեւի Հայ դատի աշխատանքներուն առընչուած զարգացումներուն, կ÷ուզէ ինքզինքը մասնակից զգալ այդ գործին։ Այս գործին առաջին գրաւականը նուիրումն է, որ բարեբախտաբար հին սերունդներով չի վերջանար։
Մենք կը հաւատանք թէ Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութեան անդամները կը գիտակցին, թէ այսօր տարբեր տեսակի մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի հայութիւնը, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ։ Եւ մենք բոլորս մեծով ու պզտիկով, գործ ունինք ընելիք։
Մեր երիտասարդները Հայ դատի աշխատանքներու մեր ամէնէն խանդավառ ու պատրաստակամ գործակիցներն են։ Որովհետեւ գործ մըն է, որ իրենց սրտին կը խօսի ու իրենց կը ներշնչէ։
Հայ դատի գործին առջեւ մեծ մարտահրաւէրներ կան, յատկապէս մասնագիտացած մարդուժի պատրաստութեան ոլորտին մէջ։ Անհրաժեշտ է ունենալ, կամ պատրաստել իր ժողովուրդի դատին հանդէպ հաւատք տածող երիտասարդութիւն, որ ճիգ պիտի չխնայէ այդ նպատակին ծառայելու։ Աւելին, այսօր մենք շատ պէտք ունինք ելեկտրոնային աշխարհի ընձեռած հնարաւորութիւններէն, մեր դատի քարոզչութիւնը լաւապէս կատարելու համար։ Համացանցը, օրինակի համար, կրնայ օգնել, մեր քարոզչութիւնը, մեր մտքերը եւ մեր գաղափարները տարածելու գործին մէջ, եւ անշուշտ այդ գործը յատկապէս երիտասարդական ներուժով կարելի է տանիլ։ Մեր երիտասարդութեան չեն պակսիր ձիրքեր, չեն պակսիր բարձր մասնագիտութիւններ։ Այս հնարաւորութիւնները օգտագործելու համար մեր երիտասարդութիւնը պէտք ենք զինել հայկական հարցերու գիտութեամբ, պատմութեան եւ քաղաքական իրավիճակներու լաւ իմացութեամբ։ Եւ այս գործն է որ վստահուած է Հ.Յ.Դ Երիտասարդական միութեան։
Սիրելի ներկաներ,
Ոմանք կ՚ըսեն, որ հայերը, ժամանակին, Արարատի վրայ մոռցան ինքզինքնին։ Չի հաւատանք այս խօսքին։ Այո՛, հայերը իրենց հայեացքը միշտ ուղղած կը մնան Արարատին, սակայն մոռցուած՝ ոչի՛նչ կայ հոն։ Որովհետեւ Արարատի շունչով, Հայաստանով, Արցախով ու հայութեամբ լեցուն Սփիւռքի երիտասարդութիւնը, հաւատքով ու նուիրումով ԴԷՊԻ Արարատ գիտէ, որ պէտք է շարունակել իր ճամբան։
Շնորհաւոր ըլլայ տօնդ՝ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդակա՛ն միութիւն։
Հ.Յ.Դ Յունաստանի Երիտասարդական միութեան
Կեդր. վարչութեան խօսքը՝ ընկ. Արման Գրիգորեանի կողմէ
Երիտասարդութիւն կը նշանակէ պայքար, կը նշանակէ յոյս հաւատք եւ քաջ ոգի։ Մեր հայրենիքին համար աշխուժ երիտասարդութիւնը ապացոյց մըն է, որ մեր ազգին ապագան պիտի ըլլայ յաջողութիւններով եւ յաղթանակներով լեցուն։ Այսօր կը տօնենք Հ.Յ.Դ. Յ.Ե.Մ.ի օրը, յիշելով թէ 1947ին մեր Երիտասարդական միութիւնը հիմնուեցաւ Յունաստանի մէջ, ունենալով սուրբ նպատակ մը։ Բոլոր հայ երիտասարդութիւնը միացնել մեր գաղութէն ներս, որպէսզի մեր սիրտերուն մէջ պահենք մեր հայրենիքը, ինչպէս նաեւ մեր ազգին թանկագին արժէքները։
Երիտասարդական միութեան մէջ, բոլոր երիտասարդները կը ստանան բարոյական, ազգային, գաղափարական, քաղաքական եւ քաղաքացիական դաստիարակութիւն, որպէսզի ապագային գործուն եւ աշխուժ անդամներ դառնան մեր գաղութային կառոյցներուն մէջ եւ այս միջոցով ծառայեն արժանաւոր կերպով մեր հայրենիքին եւ մեր ազգային թիրախներու իրականացման: Մէկ խօսքով, Յ.Ե.Մ.ը, մեր գաղութին շղթային այն օղակն է, որ կ՚ապահովէ մեր ապագան իբր սփիւռքահայ:
Անշուշտ, Յ.Ե.Մ.եան հիմնական պարտականութիւններէն մէկը եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ Հայ դատի քարոզչութիւնը: Մեր միութիւնը իր ուժերը կեդրոնացուց Հայ դատի հետապնդման շուրջ իր կեանքին սկիզբէն, եւ այսպէս ձեռք-ձեռքի տալով բոլոր հայութեան հետ սկսաւ իր պայքարը մեր ազգի պաշտպանութեան ու գոյատեւման համար, ըլլալով միշտ առաջնորդ ու առաջին գիծին գտնուող միութիւն մը:
Շատ մեծ հպարտութիւն կը զգանք, որ մեր այս երկար տարիներու աշխատանքին շնորհիւ ունեցած ենք՝ ոչ միայն ցեղասպանութեան բազմաթիւ ճանաչումներ օտար կառավարութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ, այլ նաեւ՝ միջազգային յարգանք մեր ազգի պատմութեան ու մեր ժողովուրդի քաջ հոգիին հանդէպ: Հայ դատի մեր պայքարը, անշուշտ կը շարունակուի ունենալով իբր ամենակարեւոր թիրախներէն՝ մեր հերոսական Արցախի միջազգային ճանաչումը:
Մեր ազգին, գաղութին եւ մեր բոլոր միութիւններու պատմութեան ընթացքին յաղթանակները եւ յաջողութիւնները իրականացան Հ.Յ.Դ.եան շնորհիւ, որ այս տարի կը տօնէ իր 130ամեակը: Դաշնակցութիւնը, իր երկար կեանքին ընթացքին ներշնչեց եւ ղեկավարեց հայ ժողովուրդի գոյապայքարը եւ այսպէս իր պատմութիւնը կապուած է հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ: Հ.Յ.Դ.ը այն կուսակցութիւնը եղած է, որ հիմը դրաւ հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի եւ Ցեղասպանութենէն հազիւ 3 տարիներ վերջ, առաջնորդեց զայն յաղթանակին եւ անկախ Հայաստանի հռչակման 28 Մայիս 1918ին: Դաշնակցութիւնը նաեւ, այն կուսակցութիւնը եղած է, որ աշխարհի չորս ծագերուն ստեղծեց ու կազմակերպեց մեր գաղութները, որպէսզի անոնց մէջ, ամէն մէկ հայ կարողանայ պահպանել իր ազգային ինքնութիւնը: Պատիւ եւ հպարտանք է մեզ համար, որ մաս կը կազմենք նման կուսակցութեան մը երիտասարդական շարքերուն, որ ապրած ու աշխատած է իր ժողովուրդին համար 130 երկար տարիներ:
Կը մաղթեմ ուրեմն, «Երիտասարդական Օր»ը եւ Հ.Յ.Դ.եան 130ամեակը բոլորիս համար ուժ ներշնչող աղբիւր ըլլայ, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել մեր բոլոր դժուարութիւնները եւ այսպէս շարունակենք ծառայել մեր ազգին լաւագոյն ձեւով եւ յաղթական ապագայ մը նուիրենք մեր հայրենիքին: