Շաբաթ՝ 3 եւ Կիրակի՝ 4 Նոյեմբեր 2018ին, Հ.Յ.Դ. Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահին մէջ, գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան բարձրագոյն ժողովը՝ 70րդ Պատգամաւորական Ժողովը:
Ներկայ էին միութեան երեք շրջաններէն՝ Ֆիքսի «Դրօ», Գոքինիոյ «Փոթորիկ» եւ Թեսաղոնիկէի «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբերէն ընտրուած պատգամաւորներ, խորհրդակցական ձայնով մասնակցողներ եւ հրաւիրեալներ: Ժողովին ներկայ էին Գոմոթինիի շրջանէն երեք երիտասարդներ խորհրդակցական ձայնով, փորձառութիւն ձեռք ձգելու նպատակով: Ժողովին ներկայ էր նաեւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը:
Ժողովին կը մասնակցէր Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Յարութ Սերոբեան, Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ ընկ. Սերգօ Գույումճեան, շրջաններու Կոմիտէներու ներկայացուցիչները, Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկ. Նորա Քիւրտօղլեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկ. Մարլէն Թաքէսեան եւ «Ազատ Օր»ի տնօրէնը։
Ժողովին բացումը կատարեց շրջանաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Արմէն Աճէմեան։ Ապա՝ առժամեայ դիւանին կողմէ հաստատուեցաւ ժողովին օրինաւորութիւնը եւ յստակացաւ ներկաներու ցանկը:
Ժողովը անցաւ իր աշխատանքներուն՝ նախ ընտրելով ժողովի մնայուն դիւանը։ Նախագահներ ընտրուեցան ընկերներ Արման Գրիգորեան եւ Ռազմիկ Էրջէնեան եւ քարտուղարուհիներ՝ ընկերուհիներ Նարօտ Շահինեան եւ Սարին Աւետիսեան:
Բանաձեւի յանձնախումբ ընտրուեցան ընկերուհիներ Անի Կարապետեան, Անի Գոճաշեան եւ Նանօր Էրջէնեան, հաշուեքննիչ յանձնախումբ՝ ընկ. Արազ Պարսամեան եւ ընկերներ Սեւակ Գազարեան, Գրիգոր Մարուքեան։ Ժողովին իր խօսքը ուղղելով՝ Յ.Ե.Մ.ի մօտ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Յարութ Սերոբեան յաջողութիւն մաղթեց ժողովի աշխատանքներուն։ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը վստահեցուց երիտասարդներուն, թէ կուսակցական բոլոր կառոյցները, ինչպէս նաեւ գաղութային միութիւնները, Երիտասարդական Միութեան կողքին են միշտ՝ զօրակցելով ու քաջալերելով, որպէսզի նոր սերունդը աշխուժութեամբ շարունակէ իր աշխատանքները։
Յաջորդաբար իրենց ողջոյնի խօսքերը ուղղեցին Հ. Կ. Խաչի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչները: Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչը ողջունելէ ետք Պատգամաւորական ժողովը, ամփոփ զեկուցում մը տուաւ Հայ Դատի աշխատանքներուն վերաբերեալ:
Կեդրոնական Վարչութեան միամեայ գործունէութիւնը
Շրջանաւարտ Կեդրոնական Վարչութիւնը ընթերցեց իր միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, ինչպէս նաեւ՝ նստաշրջանի նիւթական հաշուեկշիռը։
Կեդրոնական Վարչութեան տեղեկագրէն ի յայտ եկաւ, թէ միութիւնը գործեց երեք խումբերով՝ Թեսաղոնիկէի «Սողոմոն Թեհլիրեան»ը, Ֆիքսի «Դրօ»ն, Գոքինիոյ «Փոթորիկ»ը։
Կեդրոնական Վարչութիւնը, որ ընտրուած էր նախորդ Պատգամաւորական Ժողովին, կը բաղկանար ընկերներ Արմէն Աճէմեանէ (Յարութիւնի)՝ ատենապետ, Լոռի Գույումճեանէ՝ քարտուղար, Արմէն Աճէմեանէ (Հայկազունի)՝ գանձապահ, Վազգէն Սավուլեանէ՝ խորհրդական, Խաչիկ Մարուքեանէ՝ խորհրդական:
— Վարչութիւնը իր նստաշրջանի ընթացքին ջանք թափեց 69րդ Պատգամաւորական ժողովի որոշումները եւ իր ծրագրած բոլոր աշխատանքները յաջող կերպով իրականացնելու:
— Գումարուեցան հերթական եւ միջ-խմբային ժողովներ:
— Կ. Վարչութիւնը այցելեց Գոմոթինիի շրջանը՝ վարչութեան հեռանիստ անդամին ներկայութեամբ, տեղւոյն հայ երիտասարտները համախմբելու նպատակով:
— Կ. Վարչութիւնը տարեշրջանի ընթացքին կազմակերպեց 2 արշաւ (ծննդեան օրերուն՝ արշաւ եւ ամառնային Open Camp), պարահաւաքոյթ, թատրոնի եւ շարժապատկերի այցելութիւններ:
— Կ. Վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ խումբերու վարչութիւնները եւ անդամները ներկայ գտնուեցան Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, Կոմիտէներու, ուղեկից միութիւններու կազմակերպած տարբեր ձեռնարկներուն ու ընդառաջեցին իրենց ուղղուած բոլոր հրաւէրներուն:
— Կ. Վարչութիւնը ընդառաջեց ու գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ Ապրիլեան ձեռնարկներուն:
— Ապրիլ 24ին առիթով՝ կազմակերպեց բողոքի ցոյց դէպի թրքական դեսպանատունը՝ Աթէնքի մէջ եւ դէպի թրքական հիւպատոսարանը՝ Թեսաղոնիկէ: Նաեւ զետեղեց տեղեկատուական կրպակներ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ, Ցեղասպանութեան եւ Արցախի մասին:
— 100,6 ռատիոկայանի հաղորդումին ընթացքին Թեսաղոնիկէի «Սողոմոն Թէհլիրեան» խումբին կողմէ ներկայացուեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան գործունէութիւնը եւ Արցախի հարցին շուրջ մանրամասնութիւններ տրուեցան: Նաեւ՝ ΕΡΤ 95,8 ռատիոկայանի հաղորդման ընթացքին ներկայացում մը ունեցաւ:
— Կ. Վարչութիւնը պոնտոսցիներու կազմակերպութեան հետ բողոքի նամակ մը յղեց Յունաստանի համապատասխան կառավարական պատասխանատուին՝ Թուրքիոյ նախագահ Թայիփ Էրտողանի այցելութեան դէմ:
— Մասնակցեցաւ Հ.Կ.Խաչի Երեւանի զինուորներու վերականգնողական հիւանդանոցի անկողիններու գնման ծրագրին, ինչպէս նաեւ՝ Հ. Կ. Խաչի կազմակերպած արիւնատուութեան:
— Յունաստանի Բազմարուեստարանի զոհերու յիշատակին ծաղկեպսակ զետեղեց համալսարանէն ներս կառուցուած յուշարձանին առջեւ:
— Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան 70ամեակին նուիրուած շատ յաջող տօնակատարութիւն մը կազմակերպեց: Նաեւ 70 տարուան նկարներ ու երիզներ ելեկտրոնային արխիւի վերածեց ու պահեց:
— Կ. Վարչութիւնը, երեք խումբերու վարչութիւններուն նիւթական օժանդակութեամբ, «Ազատ Օր» օրաթերթի ելեկտրոնային տարբերակի բաժանորդագրութիւնը ապահովեց միութեան բոլոր անդամներուն համար, հայկական մամուլին մօտեցնելու նպատակով, առիթ տալով երիտասարդներուն՝ հետաքրքրուելու հայկական նիւթերով եւ ամէնօրեայ շփում ունենալու հայերէն լեզուով։
— Կ. Վարչութեան նախաձեռնութեամբ՝ Ֆիքսի «Դրօ» եւ Գոքինիոյ «Փոթորիկ» խումբերու վարչութիւնները, Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմնոյ հետ գործակցելով, կազմակերպեցին Լիզպոնի հինգ տղոց անձնազոհութեան 35ամեակին նուիրուած ձեռնարկ Ֆիքսի ակումբէն ներս:
— Նաեւ Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմնոյ հետ գործակցութեամբ՝ իր օժանդակութիւնը բերաւ պատանի-երիտասարդ workshopի, ինչպէս նաեւ՝ բանակումի օրակարգներուն պատրաստութեան։
Տեղեկագրի ընթերցումէն ետք ժողովը զբաղեցաւ օրակարգներու քննարկումով։
Օրակարգներ
Կազմակերպչական օրակարգին մէջ զրոյցներու նիւթ դարձան՝ ժողովական կեանքը, դաստիարակչականը, հիւսիսային Յունաստանի անդամներու հետ յաճախակի հանդիպումները, արշաւներ-բանակումները, Պատանեկան Միութեան հետ գործակցութիւնը։
Հայ Դատ-քարոզչական օրակարգին մէջ՝ Ապրիլեան աշխատանքները, արտաքին եւ ներքին քարոզչութիւնը, բողոքի ելոյթները, համացանցի եւ ընկերային ցանցերու օգտագործումը:
Որոշուեցաւ կազմակերպել ճամբորդութիւն դէպի Հայաստան եւ Արցախ՝ կամաւոր աշխատանք կատարելու նպատակով։ Ինչպէս նաեւ՝ Հայաստան այցելութեան ընթացքին Արարատ լեռ բարձրանալու հնարաւորութիւնը ստեղծել:
Պատանեկան Միութիւն
Ժողովին ներկայ գտնուեցաւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը: Ընթերցուեցաւ միութեան միամեայ տեղեկագիրը, ուր կը ներկայացուէին գործունէութեան հիմնական բաժինները:
Քննարկուեցան Պատանեկան Միութեան հետ Երիտասարդականի վերաբերող հարցերը, կարծիքներ յայտնելով եւ առաջարկներ կատարելով միութեան գործունէութեան վերաբերեալ։
Նոր Կեդրոնական Վարչութեան ընտրութիւն
Պատգամաւորական ժողովի երկու օրուան նիստերը ընթացան հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ՝ առաջարկութիւններով եւ քննարկումներով:
Աւարտին տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան նոր կազմի ընտրութիւնը.-
Ընտրուեցաւ եօթնանդամ նոր կազմ եւ կազմեց իր դիւանը հետեւեալ ընկերներու մասնակցութեամբ.-
Ատենապետ՝ ընկ. Արման Գրիգորեան
Քարտուղարուհի՝ ընկհ. Լոռի Գույումճեան
Գանձապահ՝ ընկ. Արմէն Աճէմեան (Հայկազունի)
Խորհրդականներ՝
Ընկհ. Այվազեան Ալին
Ընկ. Էրջէնեան Ռազմիկ
Ընկ. Մարուքեան Գրիգոր
Ընկ. Սավուլեան Վազգէն։