Շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նիստը, որուն յաջորդեց Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի համատեղ ընդլայնուած նիստը, որուն մասնակցեցան Դաշնակցութեան Հայաստանի Մարզային Կոմիտէներու ներկայացուցիչներ, Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի գործադիր իշխանութեանց Հ.Յ.Դ. բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
Նիստին բացումը կատարելով, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան ընդգծած է նման հանդիպումի մը կարեւորութիւնը՝ շեշտելով, որ կայ պարբերաբար անհրաժեշտութիւն յետահայեաց արժեւորելու կատարուած աշխատանքը, վեր հանելու խնդիրները ու գտնելու անոնց լուծումները: «Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը Հ.Հ. կառավարող կոալիցիային (համախմբումին) ինքնանպատակ չէ. մենք ընդունեցինք կոալիցիայի մաս կազմելու առաջարկը, որպէսզի մասնակիցը դառնանք երկրում արմատական փոփոխութիւնների իրականացմանը»,- նշած է Մարգարեան: Նիստին զեկոյցներով հանդէս եկած են Հայաստանի կառավարութեան անդամ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ նախարարները: Անոնք ներկայացուցած են այն հիմնական ծրագիրները, որոնք կ՛իրականացուին այս հանգրուանին: Հարց ու պատասխանէ եւ քննարկումներէ ետք, պատրաստուած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի միացեալ յայտարարութիւն մը, որ պիտի հրապարակուի յառաջիկային:
«Հ.Յ.Դ. մասնակցութիւնը կառավարութեան մէջ ինքնանպատակ չէ»
«Հ.Յ.Դ. մասնակցութիւնը կառավարութեան մէջ ինքնանպատակ չէ»