Երեւանի մէջ գումարուած է Հ.Յ.Դ. մամուլի եւ հանրային կապերու պատասխանատուներու համակուսակցական խորհրդաժողովը: Աշխարհի շուրջ երկու տասնեակ երկիրներէ հասած յիսունէ աւելի խմբագիրները, լրագրողները, հանրային կապերու պատասխանատուները քննարկած են հայկական ու կուսակցական մամուլի, համաշխարհային մակարդակով հայկական շահերու եւ խնդիրներու լուսաբանման, ատրպէյճանական ու թրքական հակաքարոզչութեան դիմակայման եւ հայութեան առնչուող խնդիրներու արծարծման հարցեր:
Խորհրդաժողովի բացումին, ողջունելով հաւաքի մասնակիցները` Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան շեշտած է այն մեծ առաքելութիւնն ու դերը, որ ունի դաշնակցական խմբագիրը եւ դաշնակցական լրատուամիջոցը հարցերու արծարծման, ազատախօսութեան ու միտքերու, տեսակէտներու հարթակ դառնալու գործին մէջ` յենուելով դաշնակցական մամուլի հարիւրամեայ պատմութեան վրայ:
Խորհրդաժողովի աւարտին մասնակիցները առիթ պիտի ունենան լայն քննարկում-հանդիպում ունենալու հայաստանեան լրատուական դաշտի ներկայացուցիչներու հետ:
Հ.Յ.Դ. մամուլի եւ հանրային կապերու խորհրդաժողովը
Հ.Յ.Դ. մամուլի եւ հանրային կապերու պատասխանատուներու համակուսակցական խորհրդաժողովը