­Տա­րի­նե­րու սո­վո­րու­թիւն դար­ձած է Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տաս­խա­նա­տու մար­մի­նին կող­մէ հրա­ւի­րել միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րը ա­մա­նո­րեայ գա­թա­յի կտրու­մի հա­ւա­քին։ ­Սոսկ հա­ւա­քոյթ մը չէ, ուր նոր տա­րո­ւան բա­րե­մաղ­թանք­նե­րու փո­խա­նա­կում տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ, այլ նաեւ՝ առիթ մը տօ­նա­կան մթնո­լոր­տի մէջ ար­ժե­ւո­րե­լու անց­նող տա­րին ու նոր թա­փով սկսե­լու գա­ղու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թեան ու­ղին։
Այս տա­րին եւս, ա­ւե­լի քան 30 ան­դամ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան, միու­թե­նա­կան հա­ւա­քը ա­ռիթ մը ե­ղաւ հա­մա­տեղ խմբո­ւե­լու եւ վե­րա­նո­րոգ տրա­մադ­րու­թեամբ ար­ժե­ւո­րե­լու գա­ղու­թա­յին կազ­մա­կերպ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ու հայ հա­ւա­քա­կա­նու­թի­նը աշ­խուժ պա­հե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը։
­Բա­ցի հա­ւա­քը կազ­մա­կեր­պող Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. կո­մի­տէի կազ­մէն, ներ­կայ ե­ղան շրջան­նե­րու «Ա. ­Մա­նու­կեան», «Մ. ­Վա­րան­դեան» եւ «Գ. ­Լա­զեան» կո­մի­տէ­նե­րու ան­դամ­նե­րը, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը, Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. ­Միու­թեան ­Կեդր. վար­չու­թիւ­նը եւ ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան Ընդհ. վա­րիչ մար­մի­նը, «Ա­զատ Օր»-ի աշ­խա­տա­կազ­մը, ինչ­պէս նաեւ Հ.Կ.­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջ. վար­չու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը, ա­ռա­ւել՝ ան­ցեա­լին Կ.Կ.-ի մէջ պաշ­տօն ու­նե­ցած նախ­կին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ա­նու­նով բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, որ նա­խա­պէս ջերմ մաղ­թանք­ներ տո­ւաւ նոր տա­րո­ւան ա­ռի­թով։ ­Մաս­նա­ւո­րա­պէս, ըն­կե­րու­հին անդ­րա­դար­ձաւ անց­նող նստաշր­ջա­նին ըն­թաց­քին ա­ռա­ջադ­րո­ւած թի­րախ­նե­րուն, որ կը կա­յա­նա­յին ե­րի­տա­սար­դա­ցում եւ աշ­խու­ժա­ցում գա­ղա­փար­նե­րուն շուրջ։ ­Գա­ղու­թա­յին մեր յա­րա­կից միու­թիւն­նե­րու եւ վար­չու­թիւն­նե­րուն մէջ յա­ւե­լեալ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ հա­մախմբե­լու եւ ա­նոնք գոր­ծու­նեայ, աշ­խուժ ու կազ­մա­կերպ պա­հե­լու կա­րե­ւոր ա­ռա­ջադ­րան­քը՝ ուղ­ղա­կիօ­րէն կա­պակ­ցո­ւած է մեր գոր­ծու­նէու­թեան ընդ­լայն­ման հետ։ Ու­ժեղ եւ կուռ կա­ռոյ­ցին ընդ­մէ­ջէն է, որ կա­րե­լի կ­՚ըլ­լայ մեր ամ­բողջ նե­րու­ժը օգ­տա­գոր­ծել, ի սպաս ազ­գա­յին մեր ա­ռաջ­նա­հերթ օ­րա­կար­գե­րուն՝ ­Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն, հայ­րե­նի­քի հզօ­րաց­ման ու անվ­տան­գու­թեան ամ­րապնդ­ման գոր­ծին մէջ։
Այ­սօր, դէմ յան­դի­ման կը գտնո­ւինք մեր ազ­գին հա­մար ծան­րա­գոյն օ­րե­րու հո­լո­վոյ­թին։ Ար­ցա­խի բնակ­չու­թեան ա­ւե­լի քան 20 տո­կո­սը դար­ձած է փախս­տա­կան, իսկ 120.000 մարդ կ­՚ապ­րի ծայ­րա­յեղ ծանր պայ­ման­նե­րու մէջ, զրկո­ւած մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու ա­մէ­նէն տար­րա­կան մի­ջոց­նե­րէն, շրջա­պա­տո­ւած իր հայ­րե­նի­քին մէջ՝ բայց ոչ ա­ռանձ­նա­ցած։ Այս լրջա­գոյն մար­տահ­րա­ւէ­րը մեզ բո­լո­րիս պէտք է յա­ւե­լեալ զգօն պա­հէ, որ­պէս­զի յաղ­թա­հա­րենք մե­ծա­գոյն վտանգ­նե­րը որ կրնան բա­ցո­ւիլ մեր ազ­գին առ­ջեւ։ Ըն­կե­րու­հին ընդգ­ծեց նաեւ, թէ գա­ղու­թի մար­մին­նե­րուն կող­մէ նա­խա­ձեռ­նո­ւած քա­ղա­քա­կան ու պա­հան­ջա­տի­րա­կան քայ­լե­րու կող­քին, անհ­րա­ժեշտ է ժո­ղո­վուր­դին մէջ բարձր պա­հել Ար­ցա­խին զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան ո­գին, որ­պէս­զի մեր ձայ­նը լսե­լի դառ­նայ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քէն ներս։
­Յա­ջոր­դա­բար, հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ընկ. ­Գե­ղամ Եաղ­ճեան, որ­պէս­զի կա­տա­րէ ա­մա­նո­րեայ գա­թա­յի բաշ­խու­մը։ Ըն­կե­րը խօսք առ­նե­լով, ինք եւս շնոր­հա­ւո­րեց ա­մա­նո­րը եւ շեշ­տեց գա­ղու­թա­յին կեան­քը շար­ժու­մի մէջ պա­հե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Ան անդ­րա­դարձ ը­նե­լով Ար­ցա­խի ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին ու հա­յու­թեան շրջա­փակ­ման, նշեց բո­լոր գոր­ծօն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի զօ­րակ­ցու­թեան խնդի­րին մէջ։ ­Նաեւ նշում ը­նե­լով ան­ցեալ տա­րի ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տի 100-ա­մեա­կին, յայտ­նեց, թէ այ­սօ­րո­ւան գա­ղու­թը իր գո­յու­թիւ­նը կը պար­տի ի­րենց հո­ղե­րէն ար­մա­տա­խիլ դար­ձած մեր հայ­րե­րուն, ո­րոնք ա­մէ­նէն թշո­ւառ պայ­ման­նե­րուն տակ գա­ղութ կազ­մա­կեր­պե­ցին ու ա­մէն գնով ոտ­քի պա­հե­ցին, ի խնդիր հա­յու­թեան գո­յա­տեւ­ման։ ­Նոյն նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ պար­տին քա­լել ներ­կայ սե­րունդ­նե­րը եւս, շեշ­տեց ըն­կե­րը։
­Յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն եւ մտեր­միկ զրոյց գա­ղու­թա­յին շրջա­գի­ծի օ­րա­կար­գե­րուն եւ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ ­Նաեւ, կար­կան­դա­կի բախ­տա­ւոր ան­ձը նո­ւէր ստա­ցաւ ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի եւ Ք­րիս­տա­փո­րի նա­մա­կա­նի­նե­րու ար­ժէ­քա­ւոր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը եւ այլ նո­ւէր­ներ։