Նոր Տարին կը դիմաւորենք ներկայ քաղաքական կացութենէն բխող մտահոգիչ ու հայ մարդու միտքը անդադար զբաղեցնող իրավիճակներով, որ ամէն օր փորձի կ՚ենթարկեն մեր ազգն ու հայրենիքը։
Մեր զոյգ պետութեանց առջեւ ծառացած նորագոյն մարտահրաւէրները մեզի համար պարտաւորեցնող կը շարունակեն մնալ, դիմագրաւելու համար ազգային, պետական, արժեհամակարգային հարցերու սպառնացող վտանգները։ Եւ այդ վտանգները շատ են ու բազմաճակատ, ճակատագրական այս օրերուն ընթացքին։ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ յառաջ նետուող սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերը, Արցախի կարգավիճակի ու անոր ապագայի կապուած լուրջ հոլովոյթները, Թուրքիոյ ներթափանցման ջանքերը եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կապակցուած վտանգները, Հայաստանի գերիշխանութեան սպառնացող հանգրուանները, մեր երկրին մէջ ընկերային համակարգը խարխափող երեւոյթները։
Հայրենի պետութեանց անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը բարձրագոյն ու բացարձակ արժէքներ են, որ կ՚արդարացնեն հայ ազգի զաւակներու զոհողութիւնները։ Որպէսզի՝ մեր առջեւ բացուող ճակատագրական պահերը, հեռու մնան նահանջի վտանգէն։ Որպէսզի՝ փակուի ընկճուածութեան էջը եւ երաշխաւորուի հայ մարդու վերապրելու եւ վերականգնելու արդար իրաւունքը։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն ջերմօրէն կը շնորհաւորէ Ամանորը թեմիս Առաջնորդ Սրբազանին ու յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն, Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, Յունահայոց Ազգային վարչութեան ու իր յարակից մարմիններուն, Հայ Կապոյտ Խաչի եւ Հայ Գթութեան Խաչի, «Համազգային»ի ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային ու տեղական վարչութեանց, կրօնական դասուն ու կրթական մշակներուն, գաղափարի իր ընկերներուն, Երիտասարդական ու Պատանեկան միութեանց երիտասարդ ընկերներուն ու համակիր զանգուածներուն, ինչպէս նաեւ յունահայ օճախի բոլոր ազգայիններուն եւ կը մաղթէ լիակատար յաջողութիւն՝ ազգային ու միութենական, ինչպէս եւ անձնական ու ընտանեկան ծրագիրներուն մէջ։
Թող 2022-ին յաջողութեան եւ ծրագիրներու իրականացման նոր ճանապարհներ բացուին մեր բոլորին առջեւ։
Շնորհաւո՛ր Նոր Տարի։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէ