­Նոր ­Տա­րին կը դի­մա­ւո­րենք մեր աչ­քե­րուն ու հո­գի­նե­րուն մէջ ու­նե­նա­լով Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մի դառն ի­րա­կա­նու­թեան ցա­ւոտ հե­տե­ւանք­նե­րը։ ­Ծանր ի­րա­վի­ճակ­նե­րու են­թար­կո­ւե­ցաւ մեր ազգն ու հայ­րե­նի­քը, ա­ւե­րիչ օ­րե­րու դա­ժան բե­ռը շալ­կե­լով։
Պատ­մա­կան պա­հե­րու մէջ է դար­ձեալ մեր ազ­գը եւ ա­հա­զան­գա­յին ձե­ւով պար­տա­ւոր է դի­մագ­րա­ւե­լու իր ազ­գա­յին, պե­տա­կան, ար­ժե­հա­մա­կար­գա­յին բո­լոր հար­ցե­րը։ ­Յոյժ կա­րե­ւոր այս օ­րե­րուն, ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը ճշմար­տու­թեամբ դի­տե­լու եւ խո­չըն­դոտ­նե­րը լու­ծե­լու պահն է։ ­Մեր զոյգ պե­տու­թեանց անվ­տան­գու­թիւ­նը եւ սահ­ման­նե­րու ա­նա­ռիկ պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու պահն է, ինչ­պէս նաեւ մեր երկ­րի ըն­կե­րա­յին ար­դար հա­մա­կար­գը խարս­խե­լու եւ պե­տու­թեան վար­կը պահ­պա­նե­լու պահն է։
­Մեր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու հան­դէպ գի­տա­կից ու ե­ռան­դուն այդ նոյն պա­հո­ւած­քով, որ հա­զա­րա­ւոր հայ ե­րի­տա­սարդ զի­նո­ւոր­ներ ու կա­մա­ւոր­ներ պա­տե­րազ­մի կրա­կին մէջ նե­տո­ւե­ցան, մենք պար­տա­ւոր ենք շա­րու­նա­կե­լու մեր եր­թը եւ ար­դա­րաց­նե­լու զո­հո­ւած մեր հե­րոս­նե­րու ակն­կա­լիք­նե­րը։ ­Նոյն այդ բարձ­րան­պա­տակ հե­ռան­կար­նե­րով որ ա­նոնք ուղ­ղո­ւե­ցան։
­Պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեանց ու ա­ռա­քե­լու­թեանց պատ­մա­կան նժա­րը, իր կշիռ­քի զոյգ թա­թե­րուն վրայ՝ ազ­գա­յին մեր նոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը զե­տե­ղած է, ուր իւ­րա­քան­չիւր հայ ան­հատ կո­չո­ւած է հե­ռա­տես ու յանձ­նա­ռու դա­տո­ղու­թիւն ցոյց տա­լու։
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէն ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րէ Ա­մա­նո­րը թե­միս Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին, ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց ու յա­րա­կից մար­մին­նե­րուն, յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց հո­գե­ւոր պե­տե­րուն, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի եւ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ու «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ու տե­ղա­կան վար­չու­թիւն­նե­րուն, կրօ­նա­կան դա­սուն ու կրթա­կան մշակ­նե­րուն, գա­ղա­փա­րի իր ըն­կեր­նե­րուն, ե­րի­տա­սար­դա­կան ու պա­տա­նե­կան միու­թեանց ե­րի­տա­սարդ ըն­կեր­նե­րուն ու հա­մա­կիր զան­գո­ւած­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ յու­նա­հայ օ­ճա­խի բո­լոր ազ­գա­յին­նե­րուն եւ կը մաղ­թէ լիա­կա­տար յա­ջո­ղու­թիւն՝ ա­նոնց ազ­գա­յին, ե­կե­ղե­ցա­կան, միու­թե­նա­կան եւ անձ­նա­կան-ըն­տա­նե­կան ծրա­գիր­նե­րուն մէջ։

Շ­նոր­հա­ւո՛ր ­Նոր ­Տա­րի։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէ