16 եւ 17 Սեպտեմբերին Աղուերանի մէջ տեղի ունեցած է «Հայաստանի տնտեսութեան ներկայ վիճակի ախտորոշումը, առկայ մարտահրաւէրները եւ զարգացման հայեցակարգային տեսլականը» նիւթով երկօրեայ խորհրդաժողովը` կազմակերպութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ մասնակցութեամբ Հ.Յ.Դ. ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներու, կառավարութեան անդամներու, գիտնականներու եւ փորձագէտներու:
Խորհրդաժողովի ընթացքին մշակուած են երկրի տնտեսական զարգացման Հ.Յ.Դ. հայեցակարգային ուղենիշերը, որոնք կուսակցութեան կողմէ պիտի օգտագործուին յառաջիկայ 4-5 տարիներուն:
«Կառավարման եւ տնտեսական ճգնաժամի հիմքերը Հայաստանի մէջ», «Ընկերային արդարութեան հաստատման հանրային պահանջը. Աղքատութեան ընկերային-հոգեբանական հիմքերը», «Ընկերային առումով խոցելի խումբերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղիները. աղքատութեան յաղթահարումը եւ տարածքային համաչափ զարգացման խնդիրները» եւ այլ նիւթեր եղած են խորհրդաժողովի քննարկման առարկայ:
Զեկուցումներով հանդէս եկած են կառավարման փորձագէտ Յարութիւն Մեսրոպեան, Երեւանի Պետական Համալսարանի դասախօս Աղասի Թադեւոսեան, Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարի տեղակալ Վարազդատ Կարապետեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատու Արտակ Սարգսեան եւ այլն:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտած է.- «Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գործակցութենէն պէտք է շահի երկիրը: Հասարակութիւնը պէտք է իմանայ Հ.Յ.Դ.ի աշխատանքին մասին` իբրեւ համաձայնական գործընկեր: Սակայն Հ.Հ.Կ.ն եւ Հ.Յ.Դ.ն կը տարբերին իրարմէ: Հ.Յ.Դ.ի օրակարգին վրայ ընկերային արդարութիւնն է: Մենք պէտք է պահենք մեր դիմագիծը, չսպառենք այն բարոյական դրամագլուխը, որ կայ: Այս խորհրդաժողովը պիտի օգնէ, որ ծնի Հ.Յ.Դ.ի տնտեսական ամբողջական հայեցակարգը, որուն առանցքը պիտի ըլլայ ընկերային արդարութիւնը»,- հաստատած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը:
Ըստ Հրանդ Մարգարեանի՝ աւելի գործնական արդիւնք կ՛ակնկալուի, որպէսզի ծնունդ առնեն նոր ծրագիրներ, որոնցմով ալ պիտի առաջնորդուի կուսակցութիւնը:
Ելոյթ ունեցած է նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան: «Դաշնակցութիւնը, ըլլալով ընկերվար-ժողովրդավարական արժէքներով առաջնորդուող կուսակցութիւն, նախ եւ առաջ պէտք է այդ գաղափարախօսութեան տեսանկիւնէն յստակացնէ իր պատկերացումը ընկերային-շուկայական տնտեսութեան վերաբերեալ: Ըստ այդմ՝ անհրաժեշտ է առաջարկել այնպիսի պետական քաղաքականութեան հայեցակարգ, որ առաւելագոյնս պիտի ապահովէ ընդհանուր տնտեսական բարեկեցութիւնը, ընկերային արդարութիւնը»,- յայտնած է Արմէն Ռուստամեան:
«Հ.Յ.Դ.ի օրակարգին վրայ ընկերային արդարութիւնն է»
Հրանդ Մարգարեան.- «Հ.Յ.Դ.ի օրակարգին վրայ ընկերային արդարութիւնն է»