9 Դեկտեմբերի օրը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) կողմէ հաստատուած է որպէս «Ցեղասպանութիւններու յիշողութեան եւ կարխարգիլման օր»։
Նոյն օրը, Յունաստանի մէջ բազմատեսակ միջոցառումներով նշուեցաւ Արեւելքի ժողովուրդներու ցեղասպանութիւններու պատմական իրողութիւնը, որոնց կարգին էր նաեւ Թեսաղոնիկէի «Ռատիօ Թեսաղոնիկէ» ձայնասփիւռի կայանի հաղորդումը, ուր ելոյթ ունեցան շրջանի Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան «Ս. Թեհլիրեան» խումբի անդամներ Արմինէ Մոսինեան եւ Աննա-Մարիա Ալեքսանեան։
Երկու ընկերուհիները շեշտեցին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրի անպատժելիութեան իրականութիւնը, որ նոյն ցեղասպանին կողմէ նոր ոճիրներ գործելու ճամբայ բացած է Արցախի եւ այլ ժողովուրդներու դէմ։ Անոնք անդրադարձան Արցախի վրայ շղթայազերծուած թուրք-ատրպէյճանական 44-օրեայ պատերազմին ու հետեւանքներուն, որոնք պատճառ դարձան Արցախի տարածքներու գրաւման, հայ ժողովուրդի տեղահանման եւ Հայաստանի դէմ ոտնձգութիւններու ծաւալման։
Երկու երիտասարդ խօսողները նաեւ նշեցին միջազգային ընտանիքի ցուցաբերած անտարբերութիւնը թրքական ոճիրներուն ու Արցախի ժողովուրդի կրած տառապանքներուն հանդէպ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Յ.Դ. Թեսաղոնիկէի Երիտասարդականի անդամներ կը խօսին Ցեղասպանութեան մասին