Ար­դէն ան­ցած է մէկ շա­բաթ ­Լի­բա­նա­նի Հ.Յ.Դ. «­Զա­ւա­րեան» Ու­սա­նո­ղա­կան ­Միու­թեան «­Դէ­պի Եր­կիր» ծրա­գի­րի աշ­խա­տանք­նե­րուն սկսու­մէն աս­դին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Կո­տայ­քի մար­զի ­Չա­րեն­ցա­ւան եւ Ար­ցա­խի ­Մար­տու­նի շրջան­նե­րուն մէջ: Ա­ռա­ջին օ­րէն իսկ մեծ թի­ւով պա­տա­նի­ներ ար­ձա­նագ­րո­ւած են Զ.Ո.Մ.ի կազ­մա­կեր­պած ճամ­բար­նե­րուն: Ա­ռա­ջին օ­րը ներ­կայ գտնո­ւած են մօտ 300 պա­տա­նի­ներ, իսկ հի­մա ար­դէն թի­ւը կը հաս­նի ա­ւե­լի քան 400 պա­տա­նի­նե­րու: ­Խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը, ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, յա­տուկ եւ ե­զա­կի դրոշմ մը կը ձգէ պա­տա­նի­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ մաս­նա­կից Զ.Ո.Մ.ա­կան ըն­կեր­նե­րուն վրայ: ­Ճամ­բար­նե­րու ծրա­գի­րի բո­վան­դա­կու­թիւ­նը իր զա­նա­զա­նու­թեամբ տար­բեր զգա­ցա­կան հո­գե­վի­ճա­կի մը մէջ կը դնէ բո­լոր մաս­նա­կից պա­տա­նի­նե­րը: Ծ­րա­գի­րը կ­՛ընդգր­կէ տար­բեր բնոյ­թի դաս­տիա­րակ­չա­կան, ազ­գա­յին եւ մարդ­կա­յին դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ, ո­րոնց ընդ­մէ­ջէն ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գիր­կը գտնո­ւող պա­տա­նի­նե­րը կը հասկ­նան տի­պար մարդ եւ ա­պա տի­պար հայ ըլ­լա­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ա­նոնք ազ­գա­յին եւ յե­ղա­փո­խա­կան դրո­ւագ­նե­րու ընդ­մէ­ջէն կը սոր­վին նո­ւի­րո­ւիլ ազ­գա­յին գոր­ծին, կեդ­րո­նա­նալ հա­ւա­քա­կան շա­հին վրայ եւ մէկ կողմ դնել անձ­նա­կա­նը, ա­նոնք կը հասկ­նան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը խմբա­յին աշ­խա­տան­քին, ինչ­պէս նաեւ լա­ւա­պէս կ­՛ըմբռ­նեն մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ ա­ռի­թը կ­՛ու­նե­նան գիտ­նա­լու ի­րենց ի­րա­ւունք­ներն ու պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը: Զ.Ո.Մ.ա­կան ըն­կեր­նե­րը պա­տա­նի­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ այ­ցե­լե­ցին ­Մե­րու­ժան ­Մո­սի­յեա­նի դամ­բա­րա­նը: