Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Բիւ­րո­յի հրա­ւէ­րով, 8 եւ 9 ­Յու­լիս 2023-ին, Ա­թէն­քի մէջ գու­մա­րո­ւե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի Հ.Յ.Դ. ­Մար­մին­նե­րու ­Ռա­յո­նա­կան ժո­ղո­վը, մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ­րո­պա­կան տա­րած­քին վրայ գտնո­ւող հա­յա­գա­ղութ­նե­րուն մէջ գոր­ծող կու­սակ­ցա­կան մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։
— ­Ժո­ղո­վը լսեց Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ու շրջան­նե­րու տե­ղե­կագ­րե­րը եւ հան­գա­մա­նօ­րէն քննեց հայ­րե­նի, հա­մա­հայ­կա­կան եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հար­ցե­րուն մա­սին զե­կու­ցում­ներն ու դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։
— Քն­նեց շրջան­նե­րու կազ­մա­կեր­պա­կան կեան­քը, լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով Եւ­րո­պա­յի հա­մայն­քա­յին կեան­քի ի­րա­վի­ճակն ու հե­ռան­կար­նե­րը, գա­ղութ­նե­րու հզօ­րաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, մեր­ժե­լով նաեւ ա­մէն տե­սա­կի պա­ռակ­տիչ քայ­լե­րը՝ ջլա­տե­լու սփիւռ­քի ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը։
­- Ժո­ղո­վը քննար­կեց ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի գծով ու մեր­ժե­լի նկա­տեց ո­րե­ւէ փորձ Ար­ցա­խի ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան ու ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի ոտ­նա­հար­ման ուղ­ղու­թեամբ։
­- Ժո­ղո­վը քննարկ­ման լայն ա­ռար­կայ դար­ձուց Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցը եւ ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը, մաս­նա­ւո­րա­պէս քննե­լով եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու եւ հա­մեւ­րո­պա­կան մա­կար­դա­կի վրայ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի հար­ցե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ եւ­րո­պա­հա­յու­թեան հա­մախմբ­ման ծրա­գիր­նե­րու ծա­ւա­լու­մը յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րուն։
— Քն­նու­թեան նիւթ դար­ձաւ Եւ­րո­պա­յի եր­կիր­նե­րու մօ­տե­ցու­մը ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նկատ­մամբ, ինչ­պէս նաեւ՝ թուր­քա­զե­րիա­կան ծա­ւա­լած հա­կա­հայ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րուն եւ կա­ռոյց­նե­րուն մօտ։
­- Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման ծի­րէն ներս, ժո­ղո­վը լսեց զե­կու­ցում­ներ Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ դա­տի գրա­սե­նեա­կի ու շրջան­նե­րուն մէջ ­Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան առն­չու­թեամբ, ա­պա ճշդեց ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներն ու ան­մի­ջա­կան քայ­լե­րը։
— ­Նոյն ծի­րին մէջ, ժո­ղո­վը անդ­րա­դար­ձաւ Եւ­րո­պա­յի ­Հայ դա­տի գրա­սե­նեա­կին դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րո­ւած զրպար­տա­կան քա­րո­զար­շա­ւին եւ հաս­տա­տեց նման հա­կա­հայ դրսե­ւո­րում­նե­րու ա­ռաջ­քը առ­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։
— ­Ժո­ղո­վը կա­րե­ւո­րեց եւ­րո­պա­կան տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս հա­յա­գա­ղութ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան հա­սա­րա­կաց մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու եւ հե­ռան­կար­նե­րու հա­մադ­րու­մը, մար­մին­նե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը՝ հա­մա­հայ­կա­կան կամ մաս­նա­կի օ­րա­կար­գե­րու ի­րա­գործ­ման շրջա­գի­ծէն ներս։

Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Մար­մին­նե­րու ­Ռա­յո­նա­կան ժո­ղով
Ա­թէնք, 8 եւ 9 ­Յու­լիս 2023