Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ լա­րել ար­դէն սրո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը Ար­ցախ – Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ: ­Յու­նիս 17-18ին չորս հայ զի­նո­ւոր նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հայ­կա­կան դիր­քե­րուն դէմ ի­րա­գոր­ծո­ւած ռմբա­կո­ծու­թեան հե­տե­ւան­քով: Ն­շեալ օ­րե­րուն ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցան Ապ­րիլ 2-5 2016 քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք զի­նա­դա­դա­րի ա­մէ­նէն լուրջ խախ­տում­նե­րը:
Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գրա­սե­նեա­կը իր ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նէ պար­տա­կա­նու­թեան վրայ զո­հո­ւած հայ զի­նո­ւոր­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն:
Գ­րա­սե­նեա­կը կը յի­շեց­նէ նաեւ, որ Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը ի­րենց վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ դա­տա­պար­տե­ցին Ատր­պէյ­ճա­նը, իբ­րեւ զի­նա­դա­դա­րը խախ­տող կողմ:
Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ­Գաս­պար ­Կա­րա­պե­տեան նշեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը Եւ­րո­պա­յի մէջ ի­րենց երկ­րէն ներս ­Մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ահ­ռե­լի խախ­տում­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ խա­ւիա­րա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ձա­խո­ղու­թեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կարգ մը «լո­պիիսթ»նե­րու դէմ դա­տա­կան հե­տապն­դում­նե­րու պատ­ճա­ռով ճնշման տակ ըլ­լա­լով, կը փոր­ձեն ու­շադ­րու­թիւ­նը շե­ղել դէ­պի Ար­ցախ: «Այն նոյն օ­րը երբ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ ընդ­լայն­ման բա­նակ­ցու­թեանց յանձ­նա­կա­տար Եո­հան­նէս ­Հան ­Պա­քու կ’այ­ցե­լէ Ատր­պէյ­ճան – Եւ­րո­պա­կան միու­թիւն նոր հա­մա­ձայ­նագ­րին շուրջ խօ­սակ­ցու­թեանց հա­մար՝ Ատրպէյ­ճա­նը իր հա­րե­ւան­նե­րը կը գրգռէ եւ ե­րեք զի­նո­ւոր կը սպան­նէ, ան­գամ մը եւս ցոյց տա­լով Ա­լիե­ւի վար­չա­կար­գի իս­կա­կան պատ­կե­րը», ը­սաւ ­Կա­րա­պե­տեան: «Եւ­րո­պա­յի ու­ժա­նիւ­թա­յին բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը պի­տի չյա­ջո­ղի ­Պա­քո­ւի մէջ վի­ճե­լի բռնա­պետ մը քա­ջա­լե­րե­լով, որ կը սպառ­նայ շրջա­նա­յին խա­ղա­ղու­թեան», եզ­րա­փա­կեց ­Կա­րա­պե­տեան:

Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բի գրա­սե­նեակ