Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի եւ Պելճիքայի Հայ Դատի Յանձնախումբերէն կազմուած միացեալ պատուիրակութիւն մը, բաղկացած Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանէ, Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի
հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեանէ, Հ.Յ.Դ. Պելճիքայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Լիաննա Մարգարեանէ եւ քարտուղար Աշխէն Ֆիքսովայէ, այցելեց Գերմանիոյ դեսպանատուն եւ տեսակցեցաւ դեսպան պարոն Րիւտիկեր Լիւտեքինկի հետ:
Այցի հիմնական նպատակն էր Պունտեսթակի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման առիթով գնահատանքի խօսք մը փոխանցել գերման ժողովուրդին: Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց այցին համար եւ նշեց, որ այս բանաձեւը կը միտի նաեւ Գերմանիոյ մասնակի մեղսակցութիւնը ընդունելու եւ աշխատելու, որ Թուրքիան եւս առերեսուի իր անցեալի մութ էջերուն հետ: Դեսպան Լիւտեքինկ բարձր գնահատեց ծագումով թուրք գերմանացի երեսփոխաններուն ներդրումը, որ ինքնին աւելի արժէք եւ ուժգնութիւն կու տայ որդեգրուած բանաձեւին:
Դեսպանին հետ նաեւ խօսուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղ-Արցախի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման մասին՝ նկատի առնելով, որ Գերմանիա ներկայիս Ե.Ա.Հ.Կ. նախագահող երկիրն է:
Դեսպանը հաստատեց, որ Գերմանիա կառչած կը մնայ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակին եւ համանախագահութեան աշխատանքներուն: Արծարծուեցան նաեւ հայութինը եւ Հայաստանը յուզող այլ հարցեր: