Հայ Հեղափոխական Դաշնակցութիւնը նորակազմ կառավարութեան մէջ երկու նախարարութեան վերաբերեալ քաղաքական պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է: Այս մասին Yerkir.amին յայտնեց Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան: Հ.Հ. բնապահպանութեան նախկին նախարար Արծուիկ Մինասեան պիտի նշանակուի Հ.Հ. տնտեսական զարգացման և ներդրումներու նախարար, իսկ Շիրակի նախկին մարզպետ Արթուր Խաչատրեան պիտի նշանակուի Հ.Հ. գիւղատնտեսութեան նախարար։
Հ.Հ. կառավարութեան ամբողջական կազմը
— Վարչապետ՝
Նիկոլ Փաշինեան
— Առաջին փոխ-վարչապետ՝ Արարատ Միրզոյեան
— Փոխ-վարչապետ՝
Տիգրան Ավինեան
— Փոխ-վարչապետ՝
Մհեր Գրիգորեան
— Պաշտպանութեան նախարար՝
Դաւիթ Տօնոյեան
— Սփիւռքի նախարար՝
Մխիթար Հայրապետեան
— Աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարար՝
Մանէ Թանդիլեան
— Արտաքին գործերու նախարար՝
Զոհրապ Մնացականեան
— Արդարադատութեան նախարար՝
Արտակ Զէյնալեան
— Առողջապահութեան նախարար՝
Արսէն Թորոսեան
— Գիւղատնտեսութեան նախարար՝
Արթուր Խաչատրեան
— Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար՝
Լեւոն Վահրադեան
— Ելեւմտական նախարար՝
Ատոմ Ջանջուղազեան
— Արտակարգ իրավիճակներու նախարար՝
Հրաչեայ Ռոստոմեան
— Ուժանիւթային ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարար՝
Արթուր Գրիգորեան
— Մշակոյթի նախարար՝
Լիլիթ Մակունց
— Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար՝
Արծուիկ Մինասեան
— Բնապահպանութեան նախարար՝
Էրիկ Գրիգորեան
— Փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական գիտարուեստներու նախարար՝
Աշոտ Յակոբեան
— Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար՝
Արայիկ Յարութիւնեան
— Հ.Հ. տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար՝
Սուրէն Պապիկեան: